Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր նախընտրական շրջանին խոստացած է պաշտօնապէս ճանաչում շնորհել հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս 2020 թուի Դեկտեմբերին կատարեցին զոյգ օրէնսդիր ճիւղերը Ամերիկայի կառավարութեան:
Սակայն քանի կը մօտենայ Ապրիլ 24 թուականը՝ մտահոգիչ քաղաքական երեւոյթներ կը պարզուին որոնք կրնան խափանել խոստացուած ճանաչումը: Առաջին հերթին թուրքական իշխանութեանց աճապարանքն է կանխելու նախագահի խոստումին կատարումը՝ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուած բացայայտ դիմումով նախագահ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց բարելաւման յատուկ ջանքերով:
Զուգահեռաբար թուրքական իշխանութիւնները կը փորձեն վերահաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իսրայէլի պետութեան հետ, որուն կողմնակիցները, աւանդականօրէն, խափանման աշխատանք տարած են ամերիկեան իշխանութեանց մօտ վիժեցնելով ճանաչման փորձերը:
Ամէնէն վտանգաւոր նախաձեռնութիւնը զոր թրքական իշխանութիւնները ցուցաբերած են անցեալին այն է որ ամէն ճանաչման փորձի նախօրէին յայտարարած են թէ բանակցութեան մէջ են Հայաստանի հետ եւ թէ երրորդ կողմի միջամտութիւնը կրնայ խանգարել հասկացողութեան գործընթացը:
Ամերիկահայ քաղաքական շրջանակները կատարած են անցեալին եւ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը այս անգամ յաջողութեամբ պսակելու ճանաչման խոստումը: Սակայն, ամերիկահայութեան նախաձեռնութիւնները պէտք է համադրուին Հայաստանի իշխանութեանց որդեգրած դիրքին հետ:
Արդ, մտահոգութեամբ կը հետեւինք պետական դէմքերու հրապարակային արտայայտութեանց, ուր նշմարելի է հետեւողական կարմիր գիծ մը:
Յիշելու համար պարագաներ կ’ուզենք մատնանշել քանի մը յայտնի պետական դէմքերու հրապարակային ելոյթները որոնք հարցազրոյցներու ընթացքին միանշանակ խուսափած են պատասխանելու ուղիղ հարցումին թէ՝ Թուրքիան թշնամի է՞ Հայաստանին: Այդ դէմքերն են Լենա Նազարեան եւ Ալէն Սիմոնեան, փոխ նախագահներ Ազգային Ժողովի. Լիլիթ Մակունց նախագահ «Իմ Քայլ»ը կուսակցութեան եւ պատգամաւոր Ազգային Ժողովի, Արմէն Գրիգորեան, Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար եւ Անդրանիկ Քոչարեան, Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ:
Վերոյիշեալ անձերու համադրուած դիրքորոշումը բաւարար կը նկատենք հաստատելու համար որ Հայաստանի իշխանութիւնները դրական զարգացումներու ակնկալութեան մէջ են եւ կը վարանին թուրքական կողմին պատճառ տալ յետաձգելու ճանապարհներու ապաշրջափակումը:
Այսու մենք կոչ կ’ուղղենք Ձեզի եւ Ձեր կառավարութեան որ խուսափիք թրքական այն դաւադրութենէն որ անցեալին մեզի համար պատճառած է քաղաքական կորուստներ, վրիպեցնելով ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ նախաձեռնուած ցեղասպանութեան ճանաչման փորձերը:
Մենք վստահ ենք որ դուք պիտի ցուցաբերէք հաւաքական իմաստութիւնը դասեր քաղելով անմիջական անցեալէն եւ ճամբայ բանալով որ այս անգամ յաջողութեամբ պսակուի ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ:
Յարգանօք՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պոստոն,
Ապրիլ 12, 2021