Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ), երեքշաբթի, 5 յունուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած արցախեան վերջին պատերազմին ինկած նահատակներու:
«Նահատակները` փարոս մեր պահանջատիրութեան» խորագիրը կրող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի շէնքերուն դիմաց գտնուող շրջափակին մէջ:
Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ԶՈՄ-ականներ, ԼԵՄ-ականներ եւ Պատանեկան միութիւններու անդամներ:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամ Գէորգ Եագուպեան, որ արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Կեանքը պայքար է եւ պայքարը` կեանք»:
27 սեպտեմբեր 2020-ին սկսաւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանաթրքական դաշինքին սանձազերծած բարբարոսական պատերազմը, որուն հետեւանքով մեր ազգը տուաւ աւելի քան 5000 զոհեր:
Այս պատերազմին պատճառով մեր ժողովուրդը կորսնցուց հսկայական տարածքներ, ինչպէս նաեւ` իր հպարտութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը:
Այս պատերազմը մեր բոլորին համար ահաւոր դէպք մըն էր:
Աւելի քան 40 օրերու ընթացքին, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը իր ձեւով, իր ապրումներով եւ զգացումներով ապրեցաւ այս պատերազմին արհաւիրքները:
Տխրութեամբ եւ անսահման հպարտութեամբ բոլորս կը կարդայինք ամէնօրեայ դրութեամբ հրապարակուող մեր նահատակներուն անունները:
Մեր մտքերուն մէջ դրոշմուեցան Մուշեղներու, Գէորգներու, Քրիստափորներու, Մհերներու, Արամներու, Վիգէններու եւ Արաներու անունները:
Մեր սրտերուն մէջ փորագրուեցան անոնց սխրագործութիւնները, ամբողջական նուիրումը եւ սրբազան նահատակութիւնը:
Մենք` իբրեւ երիտասարդներ, ուզեցինք ըլլալ իրենց կողքին, ուզեցինք մեկնիլ ճակատ, ուզեցինք հարուածել թշնամիները` բարբարոս աւազակները եւ ոճրագործները, որոնք համարձակեցան պղծել մեր պատմական հողերը, հայոց պատմութեան մեր օրրանը հանդիսացած տարածքները եւ մեր անցեալի ու ներկայի նահատակներուն սրբավայրերը:
Թշնամին ո՛չ միայն գրաւեց հողեր, այլեւ ոտնակոխեց դարաւոր սրբութիւններ, ազգային արժէքներ եւ յաղթանակով ձեռք բերուած համահայկական նուաճումներ:
2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմը արցախեան հարցին վերջին էջը չէ, վերջին հատորը չէ, եւ վստահաբար` վերջակէտը չէ:
Իրապաշտօրէն կը գիտակցինք, որ մենք կորսնցուցինք կռիւ մը եւ ճակատամարտ մը, սակայն երբեք` պատերազմը:
Ամբողջական պարտութեան գաղափարը բացարձակապէս ընդունելի չէ եւ ընդունելի պիտի չըլլայ:
Պատերազմը կ՛աւարտի այն ժամանակ միայն, երբ Շուշին, Հատրութը, Քարվաճառը եւ մնացեալ բոլոր շրջանները դարձեա՛լ մերը կ՛ըլլան:
Մեր նախնիները, մեր պատմութեան Արամ Մանուկեանները, Վիգէն Զաքարեանները, Մհեր Ջուլհաճեանները եւ մնացեալ բոլոր հերոսները մեզի կը թելադրեն շարունակել պայքարը:
Մեզի նաեւ կը թելադրեն պատրաստ ըլլալ օր մը դարձեալ «Շուշին ազատ է…» երգելու:
Հայ երիտասարդը անարդարութեան դիմաց ծունկի եկող, բարբարոսներու դիմաց զէնքը վար դնող եւ դժուարութիւններու դիմաց տկարացող ժողովուրդներու նկարագրային գիծերը չունի եւ երբե՛ք պիտի չունենայ:
Ազատագրական պայքարէն մինչեւ ապստամբութիւններ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն մինչեւ Արցախեան առաջին պատերազմ, Քառօրեայէն մինչեւ այսօր, մեր երիտասարդութիւնը միշտ պատրաստ եղած է ու տակաւին պատրաստ է իր ամբողջ կարողականութիւնը եւ կեանքը նուիրելու իր Դատին ու հայրենիքին:
Մենք մեր իրաւունքներէն զիջողը չենք:
Մենք պիտի չզիջինք մեր պատմութենէն:
Պիտի չզիջինք մեր մշակոյթէն:
Պիտի չզիջինք Հայաստանի հողային ամբողջականութենէն:
Պիտի չզիջինք Արցախէն:
Վստա՛հ եղէք, որ երբեք պիտի չզիջինք Շուշին եւ Արարատը հայութեան վերադարձնելու մեր երազէն:
Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը մեր գերագոյն նպատակն է, համոզումը եւ միակ ճանապարհը:
Հայու պայքարին մէջ տեղ չկայ տկարութեան, ստրկամտութեան, անձնատուութեան եւ պարտութեան:
Հետեւաբար, պայքարը չաւարտեցաւ, պայքարը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի:
Եթէ նոյնիսկ, 10, 100 կամ 1000 տարի նոյնիսկ եթէ անցնի, մեր կեցուածքը պիտի մնայ հաստատ, մեր կամքը պիտի մնայ աննկուն եւ մեր սուրը պիտի մնայ հատու:
Թուրքը եւ ազրպէյճանցին պիտի պատժուին: 100 տարի առաջ գետին փռուած Թալէաթին նման գետին պիտի փռուին հայութեան երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր թշնամիները:
Միասնաբա՛ր յիշենք ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի այն խօսքը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ. «Մէկ ինկողին տեղ հազարներ պիտի նետենք մարտադաշտ` մե՛ր ապագային համար…»:
Կեցցե՛ն պահանջատիրութեան փարոսը հանդիսացող մեր նահատակները,
Կեցցե՛ն մեր Հայ երիտասարդները,
Կեցցե՛ն գալիք մեր բոլոր յաղթանակները»:
Խօսքէն ետք ներկաներուն կողմէ նահատակներու յիշատակին նուիրուած թռչող լապտերները բարձրացան երկինք` «Տէր ողորմեա»-ով, ինչպէս նաեւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու կշռոյթով:
aztagdaily.com