Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ կ՛արժէ կեդրոնանալ հետեւեալ երեւոյթին վրայ.
Նիւ Եորքի նահանգապետ ընտրուեցաւ Զահրան Մամտանի (ներգաղթած Իսլամ)
Տիրպորն քաղաքի (Միչիկըն) քաղաքապետ՝ Ապտալլահ Համմուտ (ներգաղթած Իսլամ)
Տիրպորն Հայթս (Միչիկըն) քաղաքապետ Մո (Մոհամատ) Պայտուն (ներգաղթած Իսլամ)
Համթրամք քաղաքի (Միչիկըն) քաղաքապետ՝ Ատամ Ալ-Հարպի (ներգաղթած Իսլամ)
Փաթերսոն քաղաքի (Նիւ Ճըրզի) քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ՝ Իպրահիմ Օմար (ներգաղթած Իսլամ)
Նիւ Ճըրզի նահանգի Օրէնսդիր խորհուրդի անդամ` Ալաա Ապտըլ Ազիզ (ներգաղթած Իսլամ)
Եւ շարքը երկա՜ր է…
«Առակս զի՞նչ ցուցանէ» մեր հայրենքի խաղաղութիւն մուրացող իշխանութիւններուն, որոնք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ իրենց սիրաբանութեան մէջ կրնան հասնիլ այնտեղ՝ ուր ըստ թշնամիին նկրտումներուն՝ 300,000 ազերիներ պէտք է «վերադառնան իրենց ծննդավայրը»՝ Հայաստան, որ ըստ իրենց նաեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» է:
Այս խեղկատակութիւնը իրականութիւն դառնալու պարագային, դժուար չէ, չէ՞ կանխագուշակել մեր Հայրենիքի ժողովրդագրական պատկերը քանի մը տարի ետք: Նոյնպէս դժուար չէ պատկերացնել մեր Հայրենիքի մէջ ապագայ տարիներուն կայանալիք ընտրութիւններու արդիւնքները երբ այդ 300,000ը բնութեան օրէնքով եւ Պաքուի նաֆթի ֆինանսներով աճի ու բազմանայ, որպէս նաեւ ընտրողներ…
Այս պատկերին լոյսի տակ արդէն պարզ կը դառնայ չէ՞, որ եթէ այսօր ըստ ընդհանրացած տեսակէտի՝ ունինք թրքամէտ իշխանութիւն, ապա 20-25 տարիներ ետք Հայաստանի մէջ կ՛ունենանք լիարժէք թուրք, պետական ընտրեալ պաշտօնեաներ եւ ինչու չէ օրէնսդիրներ ու… նաեւ Վարչապետ:
Սևակ Հակոբյան, «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր





