Ես քեզի չըսի՞… Ի՞նչ ըսիր… Ըսի չէ՞, որ Թրամփը պիտի յաղթէ… Ե՞րբ ըսիր, չեմ յիշեր:
Այս տեսակի ըսի-ըսաւներ շատ լսուեցան ու դեռ պիտի լսուին Տանըլտ Թրամփի ընտրութեան առթիւ: Անշուշտ նոյնն ալ պիտի պատահէր Քամալա Հարիսի յաջողութեան պարագային. մարդիկ իրենք իրենց կարեւորութիւն տալու համար քաղաքականութենէ հասկցողի դեր կը փորձեն կատարել, առանց հաշուելու, որ վերջը կրնան յուսախաբ ըլլալ եւ խայտառակուիլ:
Շատեր գուշակութիւններ կ՛ընեն երբեմն՝ հեռատեսիլէն դիտելով երկու թեկնածուներուն ելոյթները եւ ըստ տրամադրութեան իրենց կարծիքները կը յայտնեն, երբեմն կէս-մէս հաւատալով, երբեմն ալ որպէս կասկած չվերցնող իրողութիւն.
-Թրամփը շատ սխալներ գործեց, դեռ դատական հետապնդումի մէջ է. չեն ընտրեր զինք,
-Մարդը զօրաւոր յենարաններ ունի, դրա՛մը կը խօսի…
-Քամալան գրաւչութիւն ունի, անոր ելոյթները իսկապէս կը խանդավառեն ներկաները…
-Ինչ ալ խօսիք, պարապի է, հրեաներուն ուզածը կ՛ըլլայ…
Եւ այսպէս՝ շաբաթներ ամբողջ, ընտրարշաւի հետեւողները կապուած մնացին հեռատեսիլին, յաճախ տեսակէտ փոխելով, մինչեւ որ ընտրութիւնը եղաւ ու Թրամփը յաղթեց:
Անոնք որ Քամալային կողմնակից էին՝ հիասթափուեցան, աւելի քան ինքը, որ չկորսնցուց իր խանդավառ տրամադրութիւնն ու գրաւիչ ժպիտը: (Թէեւ չես գիտեր, երբ առանձին է, ի՞նչ տրամադրութեան մէջ կ՛ըլլայ:)
Իմ կարծիքով Թրամփը քաղաքագէտ ըլլալէն աւելի ցուցարկու (showman) է եւ ցուցամոլ, հեռատեսիլի մէջ ալ իր յայտագիրները սիրուած էին, որովհետեւ թէ՛ արտաքինով, թէ՛ ներկայացման իր յատուկ վարպետութեամբ բաւական մեծ ժողովրդականութիւն շահած էր: Ան նոյն շոուի թեքնիքները օգտագործեց քաղաքականութեան մէջ ալ, ամէն ինչ ցուցադրական ձեւով, սկսեալ իր տարօրինակ ստորագրութենէն մինչեւ իր «քաջագործութիւնները», ինչպէս Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը, կամ երկու Քորէաները հաշտեցնելու իր ջանքերը:
Բոլոր անփորձ, ոչ մասնագէտ կամ ոչ փրոֆեսիոնալ մարդիկ երբ լուրջ պաշտօնի կը կոչուին, փաստելու համար, որ իրենք ալ մեծ գործեր կրնան ընել, ձախողութիւններու մէջ կ՛իյնան , փոխանակ փորձելու համեստօրէն աշխատիլ, այդ ընթացքին սորվիլ, ապա յետոյ համարձակ քայլեր առնել եւ յախուռն քայլերու դիմել:
Քաղաքականութիւնը հեռատեսիլային յայտագիրներու տրամաբանութեամբ եւ ճարտարութեամբ չի գործուիր, ուրիշ աշխարհ է, ուրիշ մասնագիտութիւն է, ուրիշ թեքնիքներ կը պահանջէ: Վերոյիշեալ երկու արկածախնդրութիւները շատ ազդեցին Թրամփի վարկին վրայ, երկուքն ալ ձախողութեան մատնուեցան: Ատենին նոյնիսկ ե՛ս խաբուեցայ հաւատալով, որ կը յաջողի երկու Քորէաները հաշտեցնել ու ակնարկ մը գրեցի, ուր ըսի, թէ յայտնի է այդ տարուան խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածուն: Հիմա ալ, տակաւին երդման արարողութիւնը չկատարած ու պաշտօնապէս նախագահի աթոռին չնստած, ընելիքներուն մասին յայտարարութիւններ ըրաւ, մեծ-մեծ հարցեր, յատկապէս կապուած ապօրինաբար ներգաղթածներուն, երբ ԱՄՆ յաճախ կը հպարտանայ, որ իրենց երկիրներուն մէջ կեղեքուածները Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապահով երդիք կը գտնեն:
Սիրեն, չսիրեն, հիմա փաստօրէն մարդը նախագահական իր երկրորդ քառամեակը շահեցաւ ու, վստահ եմ, բոլոր ընդդիմադիրներուն եւ համակիրներուն պիտի փորձէ ցոյց տալ, թէ ինչե՜ր կրնայ ընել: Վերջիվերջոյ քառամեայ փորձառութիւն ունի, ասոր վրայ բարդեցէք Պայտընի քառամեայ նախագահութեան շրջանը, որ իրեն համար նոր փորձառութեան առիթ էր, քանի որ մարդ մէյ մը ինքզինքէն, մէյ մըն ալ ուրիշէն կը սորվի:
Եթէ խելացի է, անցեալ սխալները չի կրկներ, ու նոր սխալներու մէջ չիյնար: Իսկ եթէ պիտի շարունակէ աշխարհը զարմացնել իր զարմանալի անակնկալներով, այդ ալ իր հարցն է:
Կ՛ապրինք, կը տեսնենք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ