ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ, Հալէպ
– Ի՞նչ կ՛անկալուի հովիւէ մը:
– Անշուշտ հօտին պաշտպանութիւնը նախ եւ առաջ:
Հովիւը նախ եւ առաջ հօտին պաշտպանն է, եւ զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ ամէն ճիգ ի գործ չդնէր պահելու ամբողջ հօտը, եւ եթէ այդ հօտը որեւէ պատճառով սկսած է տարտղնուիլ, ապա ինք պիտի փորձէ անպայման ետ հաւաքել բոլորը մէկ յարկի տակ, նոյնիսկ եթէ հօտին մէկ մասը հարազատ բայց «այլ» տան մը մէջ ապահով վիճակ ունի, որովհետեւ հովիւը ամէն պարագայի պարտաւոր է հօտին ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ մէջ փնտռել անոր հաւաքական ապահովութիւնը…
Անշուշտ բոլորս, ամբողջ հայութեան մասին է խօսքը, մեր հաւաքական ապահովութիւնը կրնանք գտնել միայն մեր հայրենիք Հայաստանի մէջ, սակայն ոչ ի գին գաղութներու խուճապահար փախուստին, որովհետեւ հարցը հոս միայն ՀԱՅ ԱԶԳԻ գոյատեւումը չէ, որն ապահովված է, փառք Աստուծոյ, որովհետեւ եթէ սփիւռքեան բոլոր գաղութներն ալ անէանան, Հայաստանի մէջ պիտի շարունակուի ազգին գոյատեւումը:
– Պէ՞տք է բոլորս հաւաքուինք Հայաստանի մէջ:
– Անշուշտ:
– Ուրեմն ինչո՞ւ այս աւելորդ «փիլիսոփայախօսութիւնը»:
– Մտորել փորձելուս առիթը Հալէպի (եւ ոչ միայն Հալէպի) Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան վերջերս Հայաստանի «Առաջին Լրատուական»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսածն էր.
«Պետք չէ քաջալերել սիրիահայերին, որ նրանք իրենց կյանքը շարունակեն Հայաստանումՙ թեկուզ երբեմն ընկերային կյանքի մեջ տկար չափորոշիչներով Սիրիայից դուրս: Նրանք պետք է վերադառնան Սիրիա, եւ սիրիահայությունը պետք է վերագտնի իր կենսունակությունը Հալեպում: Մեր եկեղեցիները, տները, գործարանները, դպրոցները պետք է վերականգնվեն, պետք է դուրս գալ «շտապօգնության» հոգեբանությունից եւ ունենալ վերականգնողական հոգեբանություն…»:
Այս համարձակ եւ անկեղծ հրաւէր-մարտահրաւէր-արտայայտութիւնը ընդվզեցուցած էր, անկեղծօրէն ընդվզեցուցած էր շատեր: Ինչպէ՞ս թէ, Վերապատուելին ո՞վ է որ ինքզինքին իրաւունք կու տայ առաջարկել սուրիահայերուն Հայաստանի մէջ չտեղաւորել:
– Բայց որո՞նք իրաւունք ունին համայնքներու ներկային եւ ապագային մասին առաջարկութիւններ ընել:
– Անշուշտ բոլորը, անոնց շարքինՙ նաեւ համայնքապետերը:
Ինչպէս բոլոր ժողովուրդները, մենք հայերս ալ մեր ղեկավարներուն մօտ նախ եւ առաջ կը փնտռենք անձնական շահ, ահա թէ ինչու վերապատուելիին առաջարկը կը դիտուի այդ դիտանկիւնէն եւ խօսքը ընդհանրացուելով մեր ղեկավարները կը մեղադրուին իշխանամոլութեան մէջ.
Մօտաւորապէս կ՛ըսուիՙ- «անշուշտ անոնք պիտի ուզեն, որ համայնքը մնայ, որպէսզի չկորսնցնեն իրենց իշխանութիւնը»…
– Եթէ քիչ մը աւելի լրջանանք, ասկէ միամիտ կարծիք դժուար թէ արտայայտենք: Սուրիահայ ղեկավարները (ոչ միայն եկեղեցական, առաւել եւս եկեղեցական), քիչ մը ամէն տեղ կրնան պահել իրենց դիրքն ու իշխանութիւնը, առաւել եւս ունենալ ապահով կեանք: Այստեղ պարզապէս հարկ կը տեսնեմ արձանագրել, որ մեր համայնքապետերը պայթող ռումբերուն դէմ նոյնպես ապահովուածութիւն մը չունին, անոնք կ՛ապրին իրենց ժողովուրդին հետՙ կրակի գիծին վրայ, եւ իրենց ՎԱՐՔՈՎ ու ՕՐԻՆԱԿՈՎ կը գօտեպնդեն ժողովուրդըՙ խուճապի չեն մատնուիր, իրենց հետ նաեւ իրենց հօտը խուճապի չի մատնուիր: Պիտի արձանագրեմ նաեւ, որ երբ Վերապետուելին այս խօսքերը կ՛արտասանէր, իր դպրոցին դասասենեակներուն վրայ արկեր կ՛իյնային, դպրոցին մէջ, եկեղեցւոյ կից, իր բնակարանին մօտիկը… Իսկ ինք կը խօսէր եւ կը խօսի վերականգնումի մասին, եւ կ՛ուզէ որ վերականգնումի պահուն սուրիահայերը վերադառնան, վերականգնումի պահը երբ գայ, եւ ոչ թէ ԱՅՍՕՐՙ երբ դեռ ռումբերը կը տեղան, երբ մեր տնտեսութիւնը քայքայուած է, իսկ մինչ այդ Սուրիա մնացած հայերը կը պահպանեն մեր ունեցուածքը: Այո՛, հոս մնացողները, որոնց մէջ քիչ չէ թիւը նաեւ անոնց, որոնք կրնային երթալ, բայց նախընտրեցին մնալ, եւ կ՛աշխատին իմաստաւորել իրենց հոս մնալըՙ տէր կանգնիլ փորձելով մեր ազգային արժէքներուն, մեր միութիւններուն, մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, կը փորձեն իրենց հոս մնալուն իմաստը գտնել նաեւ իրար օգնութեան ձեռք մեկնելուն մէջ…
Սուրիանՙ Հալէպը եթէ կորսնցնենք որպէս գաղութ, կորսուելու վտանգին առաջ կը կանգնի Սփիւռքի արեւմտահայ դիմագիծը. չէ՞ որ մանաւանդ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք, Հալէպն է Արեւմտահայ Սփիւռքին (այսօր արդէն երկո՞ւ Սփիւռք կայ, երկրորդը Արեւելահա՞յ) մշտահոս հայկական արիւն ներարկողը Մայր գաղութն է մայրենիի ուսուցիչներ, թերթերու խմբագիրներ, հայախօս սերունդներ հասցնողը գրեթէ բոլոր գաղութներուն: Միւս կողմէ, խուճապահար Հայաստան տեղափոխուելով չենք կրնար սատարել Հայաստանի տնտեսական զօրացման, չե՞նք տեսներ, որ հայրենի պետութիւնը ապաստանեալ սուրիահայերուն բնակարանով ապահովելու համար կը դիմէ բարեգործներու եւ նուիրատուներու. չենք կրնար օգնել Հայաստանի մարդկային թիւի զգալի աճին նաեւ, ընդհակառակըՙ կրնանք ծանրացնել անոր արդէն ծանր տնտեսական վիճակը, որուն պատճառաւ ամէն տարի ամբողջ սուրիահայերուն քանակի չափով հայեր կը լքեն իրենց եւ մեր հայրենիքը:
Ահա պատճառներ, որոնք կը ստիպեն Վերապատուելիին ըսել, թէ Հայաստան ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ եւ ոչ թէ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ սուրիահայերը պէտք է վերադառնան Սուրիա:
Ծայր աստիճան դժուարին տարի մը անցուցինք: Մեզմէ շատեր հեռացան, մեծ մասը Հայաստան, ուրկէ շատեր կը փորձեն հեռանալ դէպի եւրոպական երկիրներ: Ոչ մէկը այպանելու, մեղադրելու, կամ ոեւէ մէկ անհատի արարքը քննարկելու իրաւունք չունինք: Սակայն հաւաքական վարքագիծ մը պէտք է ունենանք, իսկ մեր հաւաքականութեան ղեկավարները, ինչպէս բոլորը, իրաւունք ունին իրենց մտածելակերպը բարձրաձայնելու:
Հարիւր տարի Սփիւռքի մէջ չենք յաջողած միասնական ռազմավարութիւն մը որդեգրել: Միակ դիւրինըՙ «դժուար է, անկարելի է» ըսելն է, աւելի դիւրինըՙ «որովհետեւ հեռատես ղեկավարներ չենք ունեցած» ըսելն է:
Մտորենքՙ այսօր սուրիահայութիւնը ըլլալ-չըլլալու պայքարի՞ մէջ է, երէկ իրաքահայութիւնն էր, լիբանանահայութիւնը… Վա՞ղը.. ո՞վ գիտէ: Միշտ անպատրաստ եղած ենք:
Դժուար, շատ դժուար տարի մը անցուցինք, բարեբախտաբար առանձին չէինք, աշխարհի ամբողջ հայութիւնը սուրիահայերուն հետ կը տառապէր, իսկ ամենաանքուն գիշերները հաւանաբար մեր համայնքապետերը անցուցին…
Հիմա նստած եմ մեր դպրոցի բակին մէջ, աշակերտները, որոնք ամբողջ տարին արկերու պայթիւններու եւ փամփուշտներու սուլոցին տակ դպրոց յաճախեցին, իրենց հետ դպրոց բերելով լուսատու լապտերիկները… լիցքաւորելու դպրոցի ելեկտրականութիւն հայթայթող մեքենայէն (generator), որպէսզի գիշերը անոր աղօտ լոյսին տակ կարենան քիչ մը դաս սորվիլ… Հիմա այդ աշակերտները աւարտելէ ետք պետական պրովէի քննութիւնները շուրջս նստած են եւ մենք աւարտական հանդէսի պատրաստութեան մէջ ենք… Կը նայիմ շուրջս, կը դիտեմ մեր դպրոցին եւ միութեան նորակառոյց հոյակապ շէնքը… Այսօր ինչպէս միշտ հզօր եւ ոչ թէ լալկան սփիւռք մը կրնայ ինչպէս հարկն է զօրավիգ կանգնիլ Մայր հայրենիքին, որուն բոլորս ալ նախապատուութիւն կու տանք անկասկած… Իսկ Հայաստան պէտք է երթանք, անպայմա՛ն, բայց պէտք է երթանք կազմակերպուածՙ որպէս ներգաղթող, որպէս հայրենադարձ… առանց թողլքելու մեր սեփական ինչքն ու ազգային հարստութիւնը…