ՌԱԿ Հալէպի շրջանակի Շրջանային վարչութեան
ատենադպիր Բժ. Ժոզեֆ Օհանեան
ատենապետ Լեւոն Պլըգեան
Հալէպի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ու Թէքէեան մշակութային միութեան ողջ շրջանակը սրտի դառն կսկիծով իմացաւ իր գաղափարի վաստակաւոր, հաւատաւոր եւ նուիրեալ ընկերներէն Արա Ճիւանեանի շիջման գոյժը:
Հանգուցեալը երկար տարիներու իր բազմաշնորհ վաստակով, անսակարկ աշխատանքով, գաղափարական անշահախնդիր յատկանիշներով անջնջելի հետք ձգեց իր շրջանակէն, ինչպէս նաեւ դամասկահայ գաղութէն ներս:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին տիկնոջ, զաւակներուն ու թոռներուն, ինչպէս նաեւ կը ցաւակցինք Դամասկոսի ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի բոլոր մեր ընկեր ընկերուհիներուն, թանկագին ընկերոջՙ Արա Ճիւանեանի դառնաղէտ ու կսկծալի մահուան առթիւ:
Յարգանք իր վաստակին ու անշահախնդիր նուիրումին:
Ի Դիմացՙ