Արքունի ոչ մէկ պալատ, իշխանական ու նախարարական ոչ մէկ տուն պահպանուած է մեր նախնիներէն, հզօր թագաւորներէն, իշխաններէն, սպարապետերէն, անոնց զէնքուզրահէն, սաղաւարտներէն, զարդեղէններէն եւ միւս իրերէն։ Միայն եւ ընդամէնը մի քանի մական, սուր, կնիք ու ոսկեդրամ, մի քանի ձեռագիր մատեան եւ Աւետարան՝ աշխարհի զանազան թանգարաններու մէջ ցուցադրուած։ Թշնամիներու առաջին եւ յաճախ կործանիչ հարուածը հասած է պետական-քաղաքական իշխանութիւններուն, սուրին սուրով պատասխանողներուն, ֆիզիքական ուժ ունեցողներուն։ Ու մխիթարական է, որ գոնէ հոգեւոր իշխանութիւնը, խզումներով ու, երբեմն, թափառելով հանդերձ՝ մնացած է կանգուն՝ միշտ վերադառնալով հոն, ուր Տեսիլքը իրականութիւն դարձած է՝ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին, Մայր տաճար ու Վեհարան, խորհրդանշելով մեր ժողովուրդին վերապրելու հրաշքը։
Այդ հրաշքին վկայութիւնները մենք կարող ենք գտնել Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի հրամանով եւ օրհնութեամբ օրերս լոյս տեսած պատկերագիրք-ալպոմին մէջ, որուն 273+ մեծադիր էջերուն մէջ ամփոփուած են յատկապէս վերջին՝ գրեթէ երեք դարերու մեր մեծ Հայրապետներուն յիշատակները՝ պատմական լուսանկարներու, անձնական իրերու եւ արուեստի գործերու վերարտադրութեանց միջոցով, սկսելով Ղազար Ա. Ջահկեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ 1741-ին կառուցուած ու կահաւորուած հին, պատկերագիրքի հեղինակին՝ Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեանի բնորոշմամբ՝ Հնամեայ Վեհարանի օրերէն։ Վեհարան ըսելով պէտք է հասկնալ ոչ միայն շէնք-շինութիւն եւ կահ-կարասի, այլ նաեւ՝ հոգեւոր իշխանութեան գլխաւոր գրասենեակ, ժողովատեղի, հիւրասենեակ, ամենօրեայ աշխատավայր, կաթողիկոսներու կեցավայր եւ անձնական ու նուիրաբերուած իրերու թանգարան։
Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրով, մեկենասին՝ ՀԲԸՄիութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ կազմող հեղինակին յառաջաբանով բացուող գիրք-ալպոմին 252 մեծադիր էջերուն վրայ բծախնդիր եւ հմուտ ընտրութեամբ ներկայացուած են հայկական ձեռարուեստի եւ գրարուեստի հրաշալի գործեր. եկեղեցական զգեստներ, խոյրեր, թագեր, ուրարներ, եմիփորոններ, պանակէներ, լանջախաչեր, ձեռքի խաչեր, ասաներ, մատանիներ, միւռոնաթափեր, հողաթափեր, Ս. Սեղանի ծածկոցներ, գորգեր, ճարմանդներ, սկիհներ, բուրվառներ, քշոցներ, թանկարժէք սրուակներ, յախճապակեայ սպասք, մասնատուփեր, ջահեր, լամբեր, մոմակալներ, նոյնիսկ՝ շարժական վառարաններ ձմեռը տաքնալու համար, ձեռագիր մատեաններու դրուագեալ կազմեր, Յովնաթանեաններու երեք սերունդներու գեղանկարներ, ցարական հաստատագիրներ, հայրապետական կոնդակներ եւլն։
Բոլորն ալ՝ ոսկեգործութեան եւ արծաթագործութեան բացառիկ նմոյշներ։ Բոլորն ալ՝ հայրապետական պատկանելիութեամբ ի մի բերուած, բոլորին տակ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն շատ հակիրճ բացատրութեամբ՝ ստեղծման թուականներով եւ վայրով՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Կ. Պոլիս եւլն։ Ինչպէս ըսուեցաւ՝ բոլորն ալ հայրապետական, բացի մէկէն՝ Ամենայն Հայոց Երաժիշտէն՝ Կոմիտասէն…
Հրաշալի բացառութիւն՝ բացառիկին համար։ Թերեւս առաջին անգամ հոս պիտի տեսնենք Մեծն Կոմիտասի անձնական իրերը՝ գրիչներ, թղթահատներ, գրչատուփ, սրճաման ու գաւաթ, չափ տալու ճիպոտներ։ Տեսակ մը՝ մտերմիկ հանդիպում Սրբազնագոյն Կոմիտասի հետ։
Այս բացառիկ պատկերագիրքին համար, բացի վերը յիշուած անձնաւորութիւններէն, պէտք է շնորհաւորենք մեր հիանալի լուսանկարիչ Զաւէն Խաչիկեանը, ձեւաւորման եւ լուսանկարներու համակարգչային մշակման համար՝ Հասմիկ Մովսիսեանը, թարգմանութիւններու համար՝ Գայիանէ Ալեքսանեանը (անգլերէն), Նիկա Իվանովան (ռուսերէն), Նինա Սրապիոնեանը (ֆրանսերէն), սրբագրիչներ Սառա Անտոնեանը եւ Ժենիա Յակոբեանը, եւ հիացմունք յայտնենք «Տիգրան Մեծ» տպարանի մեզի անծանօթ վարպետներուն՝ montage-ի պատասխանատուէն մինչեւ տպագրիչ, կազմարար ու տնօրէնութիւն։ Այս հատորով անգամ մը եւս կը փաստուի, որ հանգուցեալ Վրէժ Մարկոսեանի ստեղծած տպարան-հրատարակչատունը կը մնայ լաւագոյնը Հայաստանի տպարաններէն, եւրոպական մակարդակի վրայ, որով կրնայ հպարտանալ եւ ճակատաբաց ներկայացնել ներկայ հատորը գիրքի միջազգային բոլոր ցուցահանդէսներուն։
Իսկ այս գրախօսականի աւարտին՝ աւանդութեան մը մասին, որ յոյս պէտք է տածել՝ կը շարունակուի ընդերկար։ 1971-ին էր, որ ՀԲԸՄիութեան յատենի նախագահ, յետագային՝ Հայաստանի Ազգային հերոս Ալեք Մանուկեանը, Ազգային միւս հերոսին՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի առաջարկով կը կառուցէր եւ ապա բացումը կը կատարէր Գանձատան։
Անկէ շուրջ կէս դար յետոյ, նոյն Վեհարանը ամբողջովին կը վերանորոգուի ՀԲԸՄ-ի այժմու նախագահի «արդեամբ եւ ծախիւք»։ Յոյս տածենք նաեւ, որ գրախօսուող պատկերագիրքին մէջ եւ անկէ դուրս մնացած ստուարաքանակ այլ արժէքներ իրենց պատշաճ տեղը կը գրաւեն Մայր Աթոռի ընդարձակեալ գանձատուն-թանգարանին մէջ՝ ի տես եւ ի վայելումն հայ եւ օտարազգի այցելուներու, որպէս խօսուն վկայութիւն հայկական բարձր քաղաքակրթութեան եւ հայ ժողովուրդի անմահութեան։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
«Պայքար», դեկտեմբերի 24