ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Օրերս արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Պեշկէօթիւրեան կեդրոն, ներկայ գտնուելու ԹՄ Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկինՙ նուիրուած մեծանուն երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի յիշատակին եւ նկարչական բեղուն գործունէութեան: Ձեռնարկին հիմնական բաժինըՙ Սարուխանի «ՏԵՍ ԽՕՍՔԵՐԴ» եւ «ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԱԿՆՈՑՈՎ» գիրքերէն առնուած 52 երգիծանկարներու ցուցադրութիւնն էր:
Յայտագիրին ընթացք տուած մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան պատշաճօրէն ներկայացուց ձեռնարկին շարժառիթը:
Երգիծանկարիչին անձին ու կեանքին մասին խօսեցաւ նախկին գահիրէաբնակ եւ Սարուխան ընտանիքին մտերիմ Մակի Վարձպետեանը: Ան ներկայացուց մեծ վարպետը որպէս մարդամօտ, սրամիտ եւ անկեղծ բարեկամ: Սարուխանի կենսագրութիւնը լսելով, ներկաները իմացան անոր երիտասարդական տարիներուն կրած դժուարութիւններուն մասին, նաեւ նկարչական յարաճուն յաջողութիւներունՙ մանաւանդ արաբական «Ախբար ալ Եոմի», «Փրոգրէ էժիպսիէնի» «Ռոզ էլ Յուսեֆ» եւ այլ թերթերու մէջ գտած նուաճումներուն մասին: Վարձպետեան շեշտեց Սարուխանի ազգային-համայնքային գործունութեան յաջողութիւնը եւ որպէս ռամկավար-ազատական գործիչ անոր տարած աշխատանքները:
ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի համար Սարուխան դարձած է օրինակելի արուեստագէտը եւ ամբողջական նկարիչը: Պատանեկան տարիներէն ի վեր ան հաւաքած է Սարուխանի հայկական մամուլին մէջ հրատարակուած հարիւրաւոր գործերը: Պալմանուկեան իր խօսքը թարմացուց Սարուխանի բոլոր ժամանակներու գործերէնՙ էական նմոյշներու ցուցադրութեամբ, անոնց մասին կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով ներկաներուն: «Հայկական Սինեմայէն» մինչեւ Cette Guerre, «Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար» (Ընկեր Փանջունի), «Մենք մեր ակնոցով», «Տես խօսքերդ», «Մեծապատիւ մուրացկաններ» եւ այլ գործերէն հաւաքուած ընտիր երգիծանկարներով: Համապարափակ իր ներկայացումով, Պալմանուկեան ամբողջական արդարութիւն մը ըրաւ սփիւոքահայ աշխարհահռչակ երգիծանկարիչին ու գործիչին:
Գեղարուեստական կարճ յայտագիրը վերջ գտաւ ատենապետին փակման խօսքովՙ ներկաները հրաւիրելով վաճառքին: Պատշաճ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր, ինչպէս միշտ, եւ ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր վայելեցին Սարուխանի առթած մշտական ժպիտը: