Խորհրդաժողովի ատենապետ
Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան
Խորհրդաժողովի ատենադպիր
Տոքթ Գ. Երզնկացեան
Թէքէեան մշակութային միութեան եւ իր քոյր միութիւններու առաջին խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Լոնդոնի Թարա Քոփթըն հիւրանոցին մէջ, հիւրընկալութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ԹՄՄ-եան Լոնդոնի մասնաճիւղի վարչութեան:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կանադայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Լիբանանէն եւ Անգլիայէն պատգամաւորներ, ներկայացնելով Թէքէեան մշակութային միութեան չորս գլխաւոր հիմնադրամներէն (Trust) երեքը, չորրորդը ներկայանալով անպաշտօն կերպով: ԹՄՄ-ի երկու ղեկավար դէմքեր վերջին օրերու չնախատեսուած եւ ստիպողական պատճառներով չկրցան մասնակցիլ խորհրդաժողովին, սակայն պարբերաբար անոնք տեղեակ պահուեցան ժողովի ընթացքէն եւ ի պահանջեալ հարկին տուին իրենց խորհուրդները:
Լոնդոնի մասնաճիւղի ատենապետը` դոկտ. Հրաչ Գույումճեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց պատգամաւորները եւ ներկայացուց խորհրդաժողովի նախադրեալները, հակիրճ անդրադարձ մը կատարելով միութեան ներկայ կացութեան վրայ եւ առաջարկեց ժողովին օրակարգը: Ան մանրամասնեց ԹՄՄ-ի դեմոկրատական սկզբունքները, որպէս ՌԱԿ-ի կողմէ հաստատուած կազմակերպութիւն մը եւ ցաւ յայտնեց, որ միջին-արեւելեան կարգ մը երկիրներու ԹՄՄ-եան մասնաճիւղեր զանազան պատճառաբանութիւններով բացակայեցան:
Այս հաւաքը իր տեսակին մէջ առաջինն ըլլալով 1947-էն ի վեր. որպէս թեմա ունէրՙ համարկում (integration), համալրում (complementarity) եւ յարատեւում (sustainability): Երկու օրերու նիստերով պատգամաւորները վերատեսութեան ենթարկեցին մասնաճիւղերու եւ քոյր միութիւններու Սփիւռքի եւ Հայաստանի ներկայ կացութիւնը, որպէսզի կարենան նոր ուղեգիծերով հաստատել նոր տեսլականներ եւ առաքելութեան ճշդումներ: Հիմնականին մէջ այս աշխատանքին միջոցաւ կատարուեցաւ նախատեսումը եւ քննարկումը շարք մը տնտեսական, գործնական եւ կառուցային հարցերու: Մանրամասն եւ ամբողջական կերպով վերլուծումի ենթարկուեցան միութեան կարողականութիւնները, տկարութիւնները, պատեհութիւնները եւ անոնց սպառնացող պարագաներ եւ այդ վիճարկութեամբ արդիւնքները ներմուծուեցան ապագայի գործունէութեան ծրագիրներու մէջ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները քննարկեցին մամուլի, ապագայի ծրագիրներու, տնօրինումի մոդելներու, նորարարական մօտեցումներու հարցերՙ ԹՄՄ-ի գլխաւոր կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու յարաբերութիւններու լոյսին տակ:
Յարափոփոխ եւ մրցակցական աշխարհի մը մէջ որոշ ազդեցութիւններու ենթակայ են ԹՄՄ-ն ու քոյր կազմակերպութիւնները, եւ որպէսզի այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւուին աւելի լաւ պատրաստուած մեկնարկներէ, շարք մը որոշումներ, հաստատուած ժամանակացոյցի մը համաձայն, որդեգրուեցան: Ասոնք ենՙ
1. Համաշխարհային ցանցի մը պաշտօնական կազմակերպումին համար որոշուեցաւ հաստատել կեդրոն մը Երեւանի մէջ, գործնական կապեր ունենալով Պոստոնի հետ:
2. Հաստատել չորս հոգիներէ բաղկացած ժամանակաւոր յանձնախումբ մը, որ վերատեսութեան ենթարկէ գրաւոր եւ էլեկտրոնային մամուլը եւ պատրաստէ աշխատանքային ծրագիր մը յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին:
3. Հաստատել 9 անդամներով Համասփիւռքեան Համադրող (coordinating) յանձնախումբ (ՀՀՅ) մը, որ հանդիսանայ ԹՄՄ-ի «խօսնակը», որ ունենայ «մտածումներու խորհուրդ»ի (think tank) եւ հարցեր ու հակամարտութիւններ լուծող դեր: Նաեւ այս յանձնախումբը պիտի յստակացնէ ԹՄՄ-ի նոր առաքելութիւնը, պիտի հսկէ եւ կիրարկէ ընդունուած որոշումներու գործադրութիւնը տեղական եւ համաշխարհային մակարդակներով, տրուած ժամանակացոյցին համաձայն:
ՀՀՅ-ի անդամներուն մաս պիտի կազմեն չորս հիմնադիրներու ներկայացուցիչներ: Երեք հիմնադրամներու պարագան արդէն յստակ է, իսկ չորրորդը, որ վերապահուած է ՌԱԿ-ին, կախեալ է մեր ընտանիքի կազմակերպութիւններու պառակտումներուն յաջող լուծումներէն: ՀՀՅ-ն իր տեղեկագրութիւնը պիտի ներկայացնէ 2015 թուականի կէսերուն Երեւանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ գումարուելիք ժողովին ընթացքին:
Նոյեմբեր 8-ին երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր Լոնդոնի ԹՄՄ-եան վարչութեան կողմէ ի պատիւ մասնակից պատգամաւորներու, ներկայութեամբ շուրջ 50 համայնքային ներկայացուցիչներու: Լոնդոնի ԹՄՄ-եան մասնաճիւղի ատենապետՙ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանի բացման եւ ողջոյնի խօսքերէն ետք, Հայ եկեղեցւոյ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի հոգեւոր առաջնորդ եւ հայրապետական պատուիրակՙ Վահան արք. Յովհաննէսեան ողջունեց ներկաները, բարձրօրէն գնահատեց Թէքէեան մշակութային միութեան հայ մշակոյթի պանծացման գործունէութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց միութեան ազգանուէր ծրագիրներուն: Պատգամաւորներուն անունով խօսք առաւ ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի Կեդրոնական վարչութեան անդամՙ Երուանդ Ազատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ յանձնախումբին եւ արագ անդրադարձ մը կատարեց կազմակերպութեան առաքելութեան մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին քաղաքէն դուրս գտնուելու պատճառաւ, խօսք առաւ անոր ներկայացուցիչըՙ պրն. Արա Մարգարեանը: Ան լաւագոյն մաղթանքներ փոխանցեց ԹՄՄ-ին, որ իր գտնուած համայնքներուն մէջ կը հանդիսանայ կենսական ուժ մը:
Նոյեմբեր 9ին հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը աւարտեցաւ խորհրդաժողովին ընկերային օրակարգը: