Բոլոր ասպարէզներու մէջ ալ մրցակիցներ ունինք՝ մեր քոնեաքը հիանալի է, սակայն ֆրանսականը նուազ հիանալի չէ: Մեր հանքային ջուրը լաւորակ է, սակայն աշխարհի ամենալաւը չէ: Վերնիսաժի ձեռային աշխատանքները իսկապէս բարձրորակ են, սակայն ուիշ ազգեր ալ ունին ժողովրդային ձեռարուեստի հիանալի գործեր: Ու կը մտածեմ՝ ի՞նչ ունինք, որ ուրիշները չունին, կամ ունին, սակայն մեր ունեցածին հետ չեն կրնար մրցիլ: Գուցէ մեր փոքրիկ երգիչները իրենց հիանալի կատարումներով, գուցէ, սակայն տեսած եմ նմանատիպ օտար երգչախումբեր, որոնց կատարումներն ալ հիանալի են:
Ու այսպէս երկար մտորելէ ու պրպտելէ ետք վերջապէս գտայ բան մը, որ թէեւ ուրիշներն ալ ունին, սակայն մերը աւելի ստեղծագործական է, աւելի պատկերաւոր, նոյնիսկ՝ հումորով: Կռահեցի՞ք, թէ՞ տակաւին կը մտածէք: Լաւ, ըսեմ.
Ես կ՛առաջարկեմ զիրար քննադատելու, զիրար խայտառակելու, զիրար մերկացնելու, իրարու տակ փորելու, մեր աղտոտ լաթերը հրապարակաւ ցուցադրելու, եւ այդ ընթացքին յատուկ փողոցային բառապաշար օգտագործելու, նողկալի հայհոյանքներ, անէծքներ, սպառնալիքներ տեղացնելու մրցում կազմակերպենք, ուր անխուսափելիօրէն առաջնութիւնը մերը կ՛ըլլայ անկասկած: Ո՛չ ծախս, ո՛չ բան, ձրի՛… Զազրախօսութեան ու վատաբանութեան ամբարուած այնքան պաշար ունինք, որ զանոնք դուրս թափելու առիթի կը սպասենք:
Իսկապէս, շատ կը մտահոգուիմ եւ կը բարկանամ, երբ դիմատետրը (Ֆէյսպուքը) բեռնաւորուած կ՛ըլլայ այսօրինակ «աղբով»… Գիտեմ որ կան գիտակից, լուրջ եւ յարգարժան անձնաւորութիւններ ու մտաւորականներ, սակայն անոնք չեն մտներ այս ցեխոտ ու կեղտոտ տետրին մէջ: Հայրենիքն ու անոր ժողովուրդը սփիւռքահայուն համար միշտ իտեալական, անարատ, մաքրամաքուր նկատուած են չափազանցեալ կերպով, սակայն երբ կը մօտենաս ու կը տեսնես, որ տետրը պղծող տեղացիներ կան իրենց սանձարձակ գզուըռտոցային գրութիւններով՝ «Այ էշից ընկած, այ չաթլախ…թքեմ քո նամուսին…դեբիլ…անգրագէտ ժեխ (Գրագէտ ժէխը ո՞րն է), ունիտազ…վեժուածք… պոռնիկ…բոզի տղայ…)», կը բարկանաս, կ՛ուզես պատասխանել առ որ անկ է, սակայն կը վախնաս, որ այս անգամ դուն ըլլաս թիրախը անոնց ցեխարձակումներուն ու հայհոյալից յարձակումներուն:
Իմ սրտակից, բարի հայեր, վերադարձուցէք Հայաստանի վարկը, այսօրինակ տականքները վանեցէք ձեր մէջէն, ամօթ է, մենք պիտի պայքարինք նաեւ մեր բարոյականով, մեր գիտակցական մակարդակով, մասնաւորաբար այս օրերուն, երբ մեր երկրի ապագան այնքան աղօտ է, այնքան վտանգալից: Զիրար բզկտելու փոխարէն իրարու ձեռք բռնենք, իրարմով գօտեպնդուինք եւ ճակատ կազմենք թշնամիին դէմ, ո՛չ իրարու դէմ:
Ազատ էք քննադատելու, այդ ձեր իրաւունքն է, սակայն՝ լրջօրէն, առանց հայհոյելու, հայուն չի վայլեր այս լեզուն: Այսպիսի մատնանշումներ երբ կ՛ընեմ, անպայման նկատի կ՛ունենամ մէյ մը սփիւռքի մեր հայրենակիցները, որոնք պիտի ափսոսան այս վիճակին համար, մէյ մըն ալ մեր թշնամիները, ու կը պատկերացնեմ թէ անոնք որքան գոհացումով եւ ուրախութեամբ պիտի ընկալեն մեր ներքին անհաշտ, անհամերաշխ, նոյնիսկ՝ իրարու դէմ թշնամական վարքագիծը, երկրի մը մէջ, որ պատերազմի մէջ է, որ բաւական լուրջ լինել-չլինելու կացութեան մէջ է, ուր կը քարկոծուին երկրի երկու կարեւորագոյն իշխանութիւնները՝ քաղաքական եւ կրօնական: Երբ երկրին ներքին վիճակը անկայուն է, ամբողջ երկիրը վտանգուած կ՛ըլլայ եւ զայն քանդելը՝ շատ դիւրին: Մենք չենք անդրադառնար, որ մեր այս անհաշտ, անհամերաշխ վիճակը ուղղակի պատուհաս է, մենք մեր ձեռքով կը սղոցենք այն ճիւղը, որուն վրայ նստած ենք, մենք մեր աթոռները, որոնց վրայ հանգիստ կը բազմինք, վառօդի տակառներու կը վերածենք մեր անմիտ, ամօթալի վարքով:
Քննադատելի բաներ շատ կան, դէմ չենք կառուցողական, խելացի քննադատութեանց, ոչ թէ ամենագռեհիկ լեզուով ու բառամթերքով կռիւի:
Աւելի մտահոգիչը այն է, որ կարգ մը կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց անդամներ , իրենց անզգոյշ վարքագիծով, իրենց սուր եւ անբարեհունչ քննադատութիւններով անուղղակիօրէն քաջալեր կը հանդիսանան ֆէյսպուքի այս «հերոսներուն», փոխանակ զանոնք հրաւիրելու, որ զգոյշ ըլլան իրենց որակումներուն մէջ, բարոյականութեան սահմանները չանցնին ու չխայտառակեն իրենց ետեւ կանգնած կազմակերպութիւնները:
Լուրջ, մտածուած, օգտակար դիտողութիւններով բեռնաւորուած որեւէ քննադատութիւն կրնայ աւելի ազդեցիկ ըլլալ, քան ցեխարձակումները:
Պահպանենք հայուն աւանդական վարկը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ