Պիտի գա՞յ այն օրը, ուր մեծերը փոքրերուն ողբաձայն պիտի պատմեն հեքիաթը Հալէպին:
Ողբը մեր ազգի ցայտուն յատկանիշներէն մէկն է, որ պաշտօնապէս ամրագրուեցաւ հազար տարի առաջ, երբ Գրիգոր Նարեկացին երկնեց իր «Մատեան Ողբերգութեան»ը:
Մեր ամբողջ գրականութեան մէջ ցաւն ու ողբը եղած են միշտ գերակշռող, որովհետեւ ցաւն ու ողբը անպակաս եղած են մեր կեանքէն:
Դրախտը եղած է մեր երկրին մէջ, Նոյի Տապանը հանգչած է մեր լերան վրայ, առաջին քրիստոնեայ ազգը եղած ենք, ոչ մէկ ազգ մեզի չափ եկեղեցի չէ շինած, եւ սակայն, այս բոլորով հանդերձ, աղէտները չեն պակսած մեր գլխէն. մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները մեռան ու անշիրիմ մնացին աղօթքը իրենց շուրթերուն:
Չորրորդ տարին է, որ հալէպահայերը զրկանքներու թոյնը կաթիլ-կաթիլ ըմպելով կը շարունակեն աղօթել: Մութին մէջՙ կ՛աղօթեն, ծարաւՙ կ՛աղօթեն, ցուրտէն դողալէնՙ կ՛աղօթեն, զոհուածներու մահազդները կարդալովՙ կ՛աղօթեն… Իսկ ռումբերն ու հրթիռները կը շարունակեն տեղալ, քանդելով, աւերելով, զոհեր խլելով ու հազարաւորներ անտուն, անպատսպար ձգելով:
Անցեալ շաբաթ, Սուլէյմանիէի քրիստոնէաբնակ-հայաբնակ թաղամասին վրայ ինկած հրթիռներուն պատճառած աւերներն ու մահերը աննկարագրելի են: Երկրաշարժային աւերուածութեան պատկերներ կը պարզուին համացանցին վրայ. տխրադէմ, շուար ու անօգնական մարդիկ կ՛երեւին աւերակներուն մէջ, որոնք ծանօթ մը կը փնտռեն փլատակներուն տակ, կամ հարազատի մը կորուստը կ՛ողբան, սակայն այսպիսի պարագաներու ակնկալուած շտապ-օգնութեան սաղարտաւոր, յատուկ տարազներով ու մարզուած շուներով ջոկատի մարդիկ չեն երեւիր…
Ինչի՞ մասին է խօսքը: Երբ տարիներէ ի վեր մարդոց կենցաղային անհրաժեշտ պէտքերը, ջուրը, ելեկտրական հոսանքը, կազը, վառելանիւթը ու համացանցային կապ համարեա գոյութիւն չունին ու քաղաքին կացութիւնը վատէն վատագոյնի հասած է, ի՞նչ կ՛ակնկալենք պետութենէն: «Բարեկամներու» վեթոներով հարուստ, սակայն ժողովուրդին օգնութեան հասնելու կարելիութիւն չունեցող պետութենէն, որուն բանակը հարիւրաւոր ճակատներու վրայ, հարիւրաւոր մեծ ու փոքր զինեալ կազմակերպութիւններու դէմ կը կռուի, առանց ակնառու յաջողութեան, որովհետեւ օրըստօրէ կ՛ընդարձակուին ծայրայեղականներու կողմէ գրաւուած տարածութիւնները: Վերջերս Իտլիպ քաղաքն ալ անցաւ անոնց տիրոյթին. Իտլիպը ընդամէնը 60 քմ հեռու է Հալէպէն…
Դիմատետրին մէջ ծայրայեղ կարծիքներ չեն պակսիր, «Հալէպը ծախուած է» կ՛ըսեն, շատ մը ուրիշ չարագույժ «մարգարէութիւններու» կողքին:
Հալէպի մէջ կը կարծուի, որ դեռ 10.000 հայութիւն մնացած է, երբեմնի 50, 40, կամ 60 հազարէն: Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ անոնց: Գուշակել հնարաւոր չէ, քանի որ լաւատեսներու եւ յոռետեսներու կարծիքները բախումի մէջ են, իսկ անոնց կրօնական եւ քաղաքային ղեկավարութիւնը անել կացութեան մատնուած է:
Թուրքիան ցնծութեան մէջ է. Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումներուն իր մասնակցութիւնը այսպէս դրսեւորեց, Հայաստանի պաշտօնական հրաւէրին եւ հայերու նախապատրաստութիւններուն ի պատասխանՙ Սուրիոյ մէջ ինչ որ հայկական էր, քանդել տուաւ: Եւ մենք, դեռ կը շարունակենք աղօթել ու անիծել, անիծել ու աղօթել:
Հայաստանեան օրաթերթերուն մէջ անյոյս է արձագանգ փնտռել, մասնաւորաբար այս օրերուն, ուր ամբողջ լրատուամիջոցները զբաղած են քարտաշեաններով:
Այսպիսի պարագաներու գլխուդ եկած փորձանքէն աւելի ցաւ պատճառողը անսփոփ, անտէր, անօգնական, շուար ու անորոշ վիճակի մատնուիլն է:
Կար ու չկար…
Նկար 1. Վերջին ռմբակոծություններից մեծապես տուժեց նաեւ Հալեպի Թեքեյան տունը…