Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Աթէշեան սրբազանին արարքին մասին տակաւին կը շարունակուին քննադատութիւնները, որոնք երբեմն չափազանց սուր են, մինչեւ իսկ կոչեր եղան, որ կարգաթող ըլլայ, կամ արգիլուի իր մուտքը Հայաստան:
Եօթանասունական թուականներուն, երբ ԱՍԱԼԱ-ն իր առաջին հարուածը հասցուց թուրք դեսպան մը ահաբեկելով, Պոլսոյ մէջ հրատարակուող ՔՈՒԼԻՍ հանդէսը, որ սովորաբար թատրոնի եւ սինեմայի լուրերով կը զբաղէր, իր խմբագրականին մէջ շատ կծու անդրադարձ մը ունեցած էր տուեալ կազմակերպութեան իրագործած ահաբեկչական գործողութեան մասին, որուն առաջին տողին մէջ գրուածը դեռ թարմ է մտքիս մէջ. հոն մօտաւորապէս այսպիսի բան մը կ՛ըսուէր. «Ձեռքերնին կոտրտի, ինշալլահ…»:
Պարբերաթերթի Հալէպի բաժանորդներուն անդրադարձը շատ դառն եղաւ, բոլորն ալ ահաւոր կերպով ազդուած էին Գաղտնի Բանակի տղոց հասցէին եղած այս անէծքին համար, երբ բոլորին համար այսպիսի գործողութիւն մը, «սիրտ պաղեցնող» վրէժխնդրական արարք էր, առանց նախատեսելու անոր յետագայ դրական, կամ բացասական զարգացումները:
Բոլորս ալ զայրացած էինք թերթին այս տգեղ անդրադարձին համար եւ շատեր որոշեցին դադրեցնել իրենց բաժանորդագրութիւնը:
Հասկնալի էր, որ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայերէն հանդէս մը չէր կրնար չդատապարտել եղածը, դիտուած թրքահպատակութեան անկիւնէն. սակայն դատապարտելու ձեւը ոչ միայն տգեղ էր, այլեւ վիրաւորական: Ըսել կայ, ըսե՛լ ալ կայ: Մէկը ի պաշտօնէ կ՛ըսուի, դիւանագիտական լեզուով, միւսը համոզումով, հոգուով-սրտով:
Հիմա, Աթէշեան Արքեպիսկոպոսին պարագային ալ տարբեր չէ հարցը. ինք որպէս թրքահայութեան ներկայացուցիչ, յաչս կառավարութեան իր յստակ կեցուածքը ստիպուած է ունենալ, սակայն ըսել կայ, ըսե՛լ ալ կայ. իր դատապարտումը Գերմանիոյ Պունտեսդակի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին առթիւ, կրնար շատ յարմար դիւանագիտական արտայայտութեամբ կատարել, ոչ թէ Էրտողանի նման կրքոտ ձեւով քննադատէր:
Սակայն, մարդը Էրտողանին «մօտիկ բարեկամն» է եւ այդ բարեկամութիւնը ի նպաստ տեղւոյն հայկական համայնքին ըլլալու է, ոչ թէ համայն հայութեան զգացումները անտեսելով քննադատէ Գերմանիան, որ ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, որ սրբազանը ինք անձնապէս չընդունիր Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որուն ճանաչման համար դար մը ամբողջ պայքարեցաւ համայն հայութիւնը:
Իր հանգամանքներէն ելլելով, «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց» չկայ այստեղ: Այստեղ ամբողջ ազգի մը արժանապատուութեան հարցը կայ: Մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու ցարդ չիրականացած արդարութեան հարցը կայ:
Ըսել կայ, ըսե՛լ ալ կայ: