Յակոբ ՊԱԼԵԱՆ
«Մեղմ գաղութացում»ը
Հայ ազգի պատմութան ճակատագրական հանգրուանին կը գտնուինք, եթէ նուազագոյն իրատեսութեամբ գնահատենք կացութիւնները, անկախաբար ամէն կարգի շահախնդրութիւններէ, անոնք ըլլան դրամական, քաղաքական կամ փառասիրական: Անցնելէ ետք շահապպասեան, օսմանական, ցարական եւ խորհրդային տագնապալի եւ սպառնական ժամանակաշրջաններէն, այսօր ենթակայ ենք, չխրտչեցնող սահմանումով, համաշխարհայնացման պարտադրած «մեղմ գաղութացման», Հայաստան եւ սփիւռքներ, բարքեր եւ «կայսերական» լեզուի ներխուժում:
Ճիշդ պէտք է հասկնալ «մեղմ գաղութացում»ը, առանց զբօսաշրջութեան զուարճութեան, տօնախմբութիւններու, ճառերու, տողանցքներու եւ երգահանդէսներու ծխածածկոյթի պատճառած գինովութեան, որ կը տեւէ ներկայութեան պահու մը միայն, բայց դուրսը կը մնայ, երբ կը սկսի առօրեան: «Մեղմ գաղութացում»ը կառաջնորդէ, դանդաղօրէն, ազգային իրաւունքներու մոռացման, ինքնութեան կորուստի, հայրենատիրութեան յանձնառութեան նուազման: Այդպէս կը վարուէին բոլոր գաղութարարները: Նուազումՙ յաջորդական պատշաճեցումներով, սպառողական ընկերութեան հեւքով:
ՀԱՅԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԵՐԿԹԵՒ ԽՆԴԻՐԸ
Պատմութեան ներկայ պահուն, եթէ չյաջողինք միաժամանակ իրականացնել հայադարձութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը, ոչ մէկ լաւատեսութիւն կրնանք ունենալ ազգի եւ հայրենիքի ապագային համար: Ժամանակ մըն ալ կրնանք գոհանալ մասնակիով, ճնշման տակ եղած նախաձեռնութիւններով, որոնց շուրջ կը ստեղծենք քարոզչական աղմուկՙ մենք մեզ համոզելու համար, ինքնամխիթարական թափահարումներով. տեղ մը ցեղասպանութեան ճանաչում, ուրիշ տեղՙ եկեղեցիի մը կառուցում, կամ նաւապտոյտներ, Արեւմտեան Հայաստան այցելութիւններ, Եւրոտեսիլ…
Ազգային քաղաքականութիւնը ցուցափեղկի գեղօր չէ:
Աւելի պարզ. Հայաստան եւ սփիւռքներ չունինք հողահաւաքի, հայահաւաքի եւ ազգային որակի խտացման-զարգացման հեռանկարային քաղաքականութիւն: Հարկ է խօսիլ հայադարձութիւն-հայրենադարձութիւն երկեակի մասին: Առանց ճապկումներու: Կացութեան շողանկարը ընելՙ տեսնելու համար, թէ ինչպէս ան կը ներկայանայ այսօր: Առանց նապարավաճառային տրամաբանութեանՙ որ այսպէս ալ կըլլայ այնպէս ալ, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ հզօրութիւն են, մեր աչքերը վարագուրելով, չտեսնելով նահանջները եւ աւերները:
Առանց հայադարձութեան ազգ չի պահուիր, ազգի համրանքը կը մարի: Հայադարձութիւնՙ ազգային լեզուով, մշակոյթով եւ տոկալ-տեւելու անսեթեւեթ զանգուածային յանձնառութեամբ, որ զբօսաշրջութենէ եւ բարեսիրութենէ տարբեր որակ է: Առանց հայրենադարձութեան հայրենատիրութիւն չ՛իրականանար, կը գոհանանք տարեդարձ-տարելիցներու եւ զբօսաշրջային-խորհդրաժողովային անվաղորդայն հայրենասիրութեամբ: Պիտի խօսուի՞ այս հարցերուն մասին, պիտի յանգի՞նք համապատասխան որոշումներու եւ անոնց գործադրութեան:
Երբեմն պէտք է լսել դար մը առաջ գրուած անբասիր Սիմոն Զաւարեանի կտակ-խօսքը, որ «խօսքը առանց գործի մեռեալ է»: Բոլոր մակարդակներու ճառերը փուչիկ են, եթէ մոռնանք այս իմաստութիւնը:
Ոչ Հայաստանը եւ ոչ ալ սփիւռքի բազմատեսակ ղեկավարութիւնները կրնան սփիւռքներու հայութեան համրանքի ճշդումը ընել:
Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ այդ քանի մը միլիոն «հայերու» ո՞ր տոկոսը հայերէն կը խօսի, հայերէն կը կարդայՙ կարենալ մշակոյթ ժառանգելու համար, որպէսզի ազգը տեւէ:
Այդ տարտղնուած զանգուածներու նորահաս սերունդի ո՞ր տոկոսը կը գտնուի հայկական վարժարանի մէջ: Առանց հայեցի կրթութեան ինչպիսի՞ ազգային խորք կը փոխանցուի:
Այնքան հոլովուած «հայապահպանումը» ինչպէ՞ս կրնայ յաջողիլ: Ի՞նչ կը պահուի եւ ի՞նչ կը կորսուի:
Օտարացումը ընդհանուր երեւոյթ է, եւ «ծագումով հայ» կամ «զգացումով հայ» բնորոշումները սոսկ ամբոխավարական արտայայտութիւններ են, ինքնարդարացման կամ մարդորսութեան (prose՛lytisme) համար:
Հետեւաբար հայադարձութեան խնդիր ունինք, հայկական որակով համրանք պահելու, առաջքը առնելու համար այլասերման:
Հայադարձութիւնը մասնակի կամ շրջանային խնդիր չէ: Ան ազգի գոատեւման ռազմավարութիւն է եւ անոր իրականացման համար համապարփակ ու երկարաշունչ քաղաքականութիւն է, որ ոչ մէկ տեղ մշակուած է, չէ մտածուած համադրուած աշխատանքի մասին: Սփիւռքներու մէջ հայապահպանումը քանի մը դպրոցով եւ քանի մը պարախումբով չ՛իրականանար: Կրկնել ինչ որ յաճախ կ՛ըսեմ. երեւոյթները կը դիտենք եւ կը դատենք այնպէս, ինչպէս կըլլայ, երբ ծառը կը ծածկէ անտառը:
Միշտ պէտք է մտածել այն մասին, որ սփիւռքներու համար տրուած հինգ, վեց կամ եօթը միլիոնի գնահատումը, ազգի հարազատութեան տեսանկիւնէ ի՞նչ տեսակարար արժէք ունի: Ազգին համար կորսուած կամ կորսուելու ընթացքի մէջ եղող տոկոսի հայադարձութիւնը ո՞ւր քննեցինք, ի՞նչ ծրագրեցինք, ինչպիսի՞ մարդկային եւ նիւթական ներդրումներ ըրինք, ի՞նչ են արդիւնքները:
Հայադարձութիւնը ապագայատես ծրագրում եւ գործադրութիւն կը պահանջէ, որպէսզի սփիւռքներու յիշուած հինգ, վեց, եօթը միլիոնը հետզհետէ չդառնայ «ծագումով հայեր»ու վերացական պատկեր:
ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸՙ ԱԶԳԻ ԻՐԱՒ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆ
Պէտք է առանց զիկզակելու մտածել, որ հայապահպանման արմատական եւ անսեթեւեթ իրականացումը հայրենադարձութիւնն է:
Այս հիմնական խնդիրը այսօր կը ներկայանայ անհատական նախաձեռնութեան կամ իրադարձութիւններու ճնշման հետեւանք լուծումով: Հայ մարդիկ իրենք կորոշեն հաստատուիլ Հայաստան, կամ, ինչպէս սուրիահայութեան պարագային, ապաստան կը փնտռեն: Հայրենադարձութիւնը յաջողութիւն ըլլալու համար, միաւորներէն անդինՙ հաւաքական-զանգուածային պէտք է ըլլայ: Այսօր հայրենադարձութեան մասին կրնան մտածել եւ իրենց մտածումը իրականացնել անոնք, որոնք միջոցները ունին, կամ, գաղտնիք չէ, անոնք որոնք թոշակառու են:
Թոշակառուներու հայրենադարձութիւնը լաւ է, ինքնաբաւարարութիւն, բայց ազգի եւ հայրենիքի վերականգնումին համար նկատառելի նպաստ չէ:
Հայրենադարձութիւնը կը կազմակերպուի համահայկական տարողութեամբ: Ոչ միաւորներով: Այդ կազմակերպութիւնը կենթադրէ քաղաքական կամք, առաջին հերթին պետութեան կողմէ, ապա բոլոր անոնց կողմէՙ որոնք ազգի մեծ ու պզտիկ կառոյցներու մէջ ու շուրջ ղեկավարումի մասնակից են: Հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կը կատարուի, որպէսզի հնարաւորութիւն ընծայուի հայրենադարձին, առաջին հերթինՙ աշխատանքի պայմաններ ստեղծելու համար:
Սփիւռքներու բոլոր հայերը հարուստներ չեն, որպէսզի իրենց դրամագլուխով գան, բնակարան ունենան եւ գործ ստեղծեն: Հայրենադարձը, երիտասարդ կամ երէց, բաց երկինքի տակ պիտի չապրի եւ պիտի չսպասէ, որ պետութիւնը թոշակ տայ: Հայրենադարձութեան բարիկամեցողութիւնը փուչիկ է, երբ աշխատատեղեր չեն ստեղծուիր: Իսկ աշխատատեղերու ստեղծումը ներդրումի, քաղաքական կամքի եւ կազմակերպութեան կը կարօտի: Հայկական դրամագլուխը, Հայաստանի եւ սփիւռքներու, որ կը քնանայ դրամատուներու մէջ, ազգային գիտակցութեամբ եւ ղեկավարումով, ներդրուելով պիտի հարթէ հայրենադարձութեան դժուար ճանապարհը:
Կը խօսինք ոչ թէ բարեսիրութեան, այլՙ տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, աշխատանքի եւ շահոյթի մասին, շահոյթՙ որ չըլլայ կողոպուտ եւ չարաշահում: Վստահութիւն ներշնչող ղեկավարումի խնդիր կայ, որ տարբեր է զգացական հայրենասիրութենէ, որ կը սկսի եւ կաւարտի խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութեամբ:
ՀԱՅԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայրենադարձութիւն, վասն հայրենատիրութեան, Հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողին համար:
Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման մեր կողմէ տրուելիք հզօրագոյն պատասխանը, ճանաչումներէ, ցոյցերէ եւ գիտաժողովներէ վերՙ հայադարձութիւնն ու հայրենադարձութիւնն են: Այդ ձեւով աշխարհին ըսած կըլլանքՙ որ կը յիշենք, կը պահանջենք, քանի որ հայրենատէր ենք:
Հայադարձութիւն եւ հայրենադարձութիւն ըլլալով խորքային խնդիր, ոչ շաբաթավերջի փող-թմբուկով աղմկարարութիւն, չե՞ն արժեր յստակ օրակարգով խորհրդաժողով մը: Ոչ միայն երեւելիներու-«էսթէպլիշմընթ»ի մասնակցութեամբ, մարդիկ որոնք մէկ սրահէ միւսը կերթան, այլ նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւնը կրող հարազատ մտաւորականութեան, որ թերեւս կրնայ ճահճացումներէ դուրս գալու առաջարկներով հանդէս գալ եւ իմաստաւորել քաղաքականութիւն ընթացքը (praxis):
Ինչ որ ալ պատահի, ներկայի գործելու եւ ստեղծելու կարողականութիւն ունեցող սերունդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայադարձութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը այսօր պիտի իրականացնէ: Եթէ այդ չպատահի, պատմութեան վճիռը կըլլայ անողոք:
Դար մը տեւած գաղթականութենէ եւ օտարումներէ ետք, ազգի վերականգնումին համար դար մըն ալ կարելի չէ սպասել: Ժամանակը բացասական վճիռ կարձակէ, առանց նկատի ունենալու հրավառութիւնները եւ բաժակաճառային հակա-իմաստութիւնները:
16 հոկտեմբեր 2016, Երեւան
(Հապավումներով)