ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի
Մարաշ, Նոյեմբեր 16, 1916 – Պէյրութ, Յունուար 11, 1981
«Մեր պարտքն է լեռնե՜ր շարժող հաւատքով շարունակել անոնց գործը եւ քալել դէպի Մեծ Երազը հայութեան»:
Գերսամ Ահարոնեան
Եթէ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի անունը անժխտելիօրէն կապուեցաւ մեր պաշտօնաթերթինՙ «Զարթօնք»ի ծնունդին հետ, ապա Գերսամ Ահարոնեանին անունը սերտօրէն կապուած պիտի մնայ թերթին խմբագրութեան, բովանդակութեան եւ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական ուղղութեան հետ:
Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր անկիւն «Զարթօնք»ը դարձաւ հոմանիշ Գերսամ Ահարոնեանի անուան: Զուգահեռ քալող անուններ, անբաժան միաւորներ, զիրար ամբողջացնող դէմքեր, մէկը միւսը լրացնող, գաղափարական ամուր բեմ մը դարձաւ Զարթօնք-Ահարոնեան միաձուլումը, որուն խօսքը հայ կեանքէն ներս ունէր յատուկ կշիռ, որ միայն յարգանք կը պարտադրէր ՌԱԿ-ը սիրողներուն եւ դեռ աւելի՛նՙ չսիրողներուն համար:
Առնական իր կեցուածքով Ահարոնեան դարձաւ հայրենասիրութեան անխախտ հաւատքի զօրաւոր կռուանըՙ ձա՛յնը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան մամուլին:
ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ
Զէյթունցի ծնողներու ծնունդ, Գերսամՙ ծնած է Մարաշի մէջ, նոյեմբեր 16, 1916-ին: Ան յաճախ կը շեշտէր իր զէյթունցի ըլլալը, որովհետեւ կ՛ուզէր իր անունը կապել Կիլիկիոյ հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի մէջ իր հայրենակիցներունՙ զէյթունցի ազատամարտիկներու հայրենասիրութեան:
1920 թուականը ծանր հարուած մը հասցուց կիլիկեցիներուն, երբ ֆրանսական բանակը անշշուկ լքեց Կիլիկիան եւ իշխանութիւնը յանձնեց թուրքերուն, երբ Միհրան Տամատեան արդէն կը պատրաստուէր Կիլիկիոյ անկախութեան յայտարարութեան: Քրիստոնեա՜յ ֆրանսացիներու այս տխուր քաղաքականութիւնը եղաւ դա՛ս մը ապագայ պատմութեան ուսանողին համար. Չվստահիլ Արեւմուտքին… նո՛յնիսկ Ֆրանսային, որուն բանակներուն մէջ հայ լեգէոնականները կռուեցան Առաջին աշխարհամարտին, ցուցաբերելով մարտունականութիւն եւ յաղթանակ յատկապէս Արարայի ճակատամարտին:
Ծնողքին հետ ապաստանեցաւ Ատանա, ուրկէ գաղթականութեան կարաւանը նետեց զինք Ալեքսանտրէթ եւ ապաՙ Հալէպ: Ահա՛ մանկութիւնը Գերսամ Ահարոնեանին, իր քրոջՙ Լիտիայի եւ եղբօրՙ Յովհաննէսի, որ հետագային որպէս վերապատուելի ծառայեց Լիբանանի Հայ աւետարանական համայնքին: Այսպիսով գրած եղանք նաեւ, որ Գերսամ հայ աւետարանական համայնքին կը պատկանէր…
Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Հալէպ, վրանաքաղաքի Բեթէլ աւետարանական վարժարանին մէջ, այնուհետեւ յաճախած է քաղաքի Ալեփփօ քոլէճը ու 1935-ին մեկնած Կիպրոս, ուսանելու ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, որուն վարժապետանոցէն շրջանաւարտ էր եղած 1937-ին:
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԸ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
Հաստատութիւնը դարձած էր ուսումնական դարբնոց մը գաղթականութենէն վերապրող պատանի ամբողջ սերունդի մը համար: Սերունդներ ամբողջ հո՛ն պատրաստուեցան հետագային ծառայելու մեր ժողովուրդին: Յուսախափ չըրին, որովհետեւ անոնք հայ գրականութեան, պատմութեան նորօրեայ քուրմերունՙ Վահան Թէքէեանի, Յակոբ Օշականի, Գրիգոր Կիրակոսեանի, Շահան Պէրպէրեանի, Վահէ-Վահեանի… հսկողութեան ներքեւ եւ հարազատ ազգային մթնոլորտի մը տակ, արդէն կատարած էին իրենց ուխտըՙ ծառայելու ազգին:
Գերսամ Ահարոնեան այդ սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն եղաւ: Նախքան վերջնականապէս իր Պէյրութ տեղափոխուիլը, 1937-1942 տարիներուն, որպէս ուսուցիչ, դաստիարակ ու հսկիչ պաշտօնավարեց մայր վարժարանէն ներս:
Ըսենք նաեւ, որ Մելգոնեանի մէջ իր աշակերտութեան շրջանին ան աչքի կը զարնէր իր արտաքին երեւոյթով. բարձրահասակ, սքանչելի պասքեթպոլ եւ վոլիպոլ խաղացող, ուսումնական որոշ պատրաստութեամբ, իր ըմբոստութիւնը չզսպող, ուսուցիչներու հետ համարձակ խօսող էր: Ու այդպէս առինքնող ներկայութիւն մը մնաց ան իր բովանդակ կեանքին ընթացքին:
Մելգոնեանի ուսուցչութեան այդ հինգ տարիներուն Գերսամ ձեռք բերաւ լայն փորձառութիւն ուսուցչական ասպարէզէն ներս, որ հետագային չորս տասնամեակներ զինք պիտի դարձնէր ամենասիրուած դաստիարակը մեզ նախորդող, մեր ու մեզ յաջորդող սերունդներուն, ազգային թէ միջազգային պատմութեան, աշխարհագրութեան ուսուցիչը: Վերջապէս օրինակելի ազգային առաջնորդն ու ղեկավարը:
Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակումը (2004) իր մահէն վերջ գործադրուեցաւ ՀԲԸՄի օրուան պատասխանատուներուն կողմէ: Ինքզինքիս հարց տուած եմ յաճախ. եթէ Գերսամը ողջ ըլլար, արդեօք հաստատութիւնը փակելու վճիռը պիտի համարձակէի՞ն տալ այդ պատասխանատուները: Հայ դատի հանդէպ անոր ցոյց տուած արի կեցուածքէն թելադրուածՙ վստահաբար պիտի զգուշանային անոնք ընկեր Ահարոնեանի գրիչին խիզախութենէն եւ հանրային կարծիքը ալեկոծող խմբագրականներու շարքէն: Այդ օրերուն, եթէ իր գաղափարի ընկերըՙ Հայկաշէն Ուզունեան ամէ՛ն ջանք թափեց օրինական քայլեր առնելով կասեցնելու կրթական հաստատութեան փակումը, Գերսամ Ահարոնեան իր հատու գրիչով պիտի կարենար լեռներ շարժող իր կամքով հոսանքի մը նախաձեռնելՙ ի մի հաւաքելով ո՛չ միայն մելգոնեանցիները, այլեւ ընդհանրապէս Բարեգործականի մեր վարժարանները յաճախած ամբողջ սերունդներըՙ դէ՛մ կենալու այդ տխուր որոշումին:
ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
1942-ին կու գայ Պէյրութ եւ անմիջապէս կը շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել կրթական ասպարէզին: Առաջին օրէն մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց եւ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարաններու ուսուցչական կազմին: Աւելի ուշ կը դասաւանդէ նաեւ Միութեան «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական հիմնարկէն ներս:
Սերունդներ ամբողջ ազգային իրենց դաստիարակութիւնը ստացած են Գերսամէն: Ան լոկ պատմութեան ուսուցիչ մը չէ եղած. անոր դասապահերը լեցուն էին մեր ազգային արժանապատուութեան դասերով. դասարանին մէջ կը տողանցէին հայ ազատագրութեան համար զոհուած մեր յեղափոխականներու անունները, դասապահերը կը լեցուէին հպարտութեամբը մեր հայրենիքի ձեռք բերած յաջողութիւններուն: Այդ պահերը մեզի կը ներշնչէին աւելի ամուր կերպով սիրել հայրենիքը, աւելի արթուն կերպով հետապնդել սրբազան մեր Երազը: Ու դեռՙ ճանչնալ միջազգային քաղաքական կեանքի սադրանքները:
Այդ պահերը նաեւ լոյս աշխարհ բերին մեր յեղափոխական շարժումին զանազան երեսները, Անդրանիկներու, Մկրտիչ Աւետիսեաններու եւ Տամատեաններու լուրջ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ դրին տարբեր յեղափոխականներու երբեմն պատեհապաշտ, անհեռատես եւ երբեմն ալ արկածախնդիր արարքները, որոնց զոհերը դարձաւ մեր հայրենաբնակ հայութիւնը: Սեւով ճերմակի վրայ ներկայացուեցաւ նաեւ Առաջին հանրապետութեան տարիներուն կատարուած դրական թէ բացասական քաղաքականութիւնը: Խորհրդային Հայաստանի եւ անոր կերտիչներուն փառքը ներկայացուեցաւ, աւելի մօտէն սիրելու համար Հայաստանը: Գերսամ Ահարոնեան Հայաստանի քարտէսին առջեւ սորվեցուց մեզի Հայկական բարձրաւանդակի պատմական մեր քաղաքները, լեռներն ու հովիտները եւ անոնց տէ՛րը կանգնելու խոստումը կորզելով մեզմէ:
Ահա՛, այսպիսի եզակի ուսուցիչ էր ան, որ ներշնչեց որքան հայրենասէր ընտանիքներէ եկող ուսանողութիւնը, նո՛յնքան եւ աւելիովՙ իր կուռ տրամաբանութեամբ, «միւս կողմի» ընտանիքներէն եկող աշակերտներուն բացատրեց, թէ ինչո՞ւ սիրելու էինք Խորհրդային Հայաստանը եւ հաւատալու էինք Ս. Էջմիածնի անսասանութեան:
«ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԸ
Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի տարիներուն, կարճ ժամանակ մը աշխատելէ ետք Պէյրութի անգլիական մամլոյ սպասարկութեան մէջ, Գերսամ Ահարոնեան կը միանայ «Զարթօնք»ի ընտանիքին: Գրիգոր Պեքերեճեանի Հայաստան ներգաղթելէն ետք, 1946-ին, խմբագրութեան պաշտօնին եկած էր առժամապէս Համբարձում Գումրուեանը, որ հազիւ երկու տարի խմբագրելէ ետք թերթը, 1948-ին Գերսամ Ահարոնեան կը հրաւիրուէր խմբագրութեան պաշտօնին, խմբագրապետութիւն զոր վարեց մինչեւ իր մահըՙ 1981 հունուարին:
Ներգաղթի շարժումը վերջ գտած էր, եւ Ցուրտ պատերազմի առաջին քամիները արդէն սկսած էին փչել: «Զարթօնք»ին վերապահուած էր նոր առաքելութիւն մը գալիք տարիներուն համար: Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ սկսած էր թափ առնել ներքին քաղաքական ու եկեղեցական տագնապը: Արեւմտուքը իր տխուր քարոզչութեամբ Խորհրդային Հայաստանի հակառակ հանրային կարծիք ստեղծելու դիտաւորութեամբ գնել սկսած էր կարգ մը սփիւռքահայ թերթեր: Պայքարը տարուէ տարի կը սրէր երկու կողմերու միջեւ:
Գերսամ, որ սկզբնական տարիներուն առաւելաբար կ՛ապաւինէր ամերիկեան մամուլի հանդէսներու («Թայմ», «Լայֆ») լրատուութիւններուն, կամաց-կամաց թօթափել սկսաւ զանոնք ու սկսաւ կազմել իր ինքնուրոյն դպրոցըՙ գերսամական իր լրագրական «դպրոց»ը, որ ինչպէս ներածականի մէջ ըսած էի, այնուհետեւ դարձաւ ռամկավար ազատական մամուլի գալիք սերունդի խմբագիրներուն դպրոցը:
Անցեալ դարասկիզբի մեր երախտաւորներուՙ Հրաչ Երուանդներու, Վահան Թէքէեաններու, Յովհաննէս Պօղոսեաններու, Ա. Նազարներու եւ Արտակ Դարբինեաններու դասական խմբագրական հասկացողութենէն անդին, քայլ մը աւելի մօտիկ ներկայ ժամանակներու նոր լրագրական աշխարհին մօտեցուց Ահարոնեան «Զարթօնք»ի լրագրական աշխարհը. չմոռնանք որ համալսարանական նոր սերունդ մը սկսած էր հրապարակ գալ եւ գաղթականութենէն վերապրած սերունդէն տարբեր հորիզոններ սկսած էին հետաքրքրել յիսունական թուականներու նոր սերունդը:
Եթէ պէտք ըլլար, Գերսամ գիտէր մրճահարել, ճզմել հակառակորդի տեսակէտը: Սակայն, դիմացի ճակատը ան կը մերկացնէր իր իւրայատուկ ոճով. համբերութեամբ, կամաց-կամաց «թունաւորելով», մինչեւ ա՛յն օրը, որ ճիշդ ատենին ու պահուն, հանրային կարծիքը, ու մեր պարագայինՙ չէզոք ու անկուսակցական հայրենասէրներ, արդէն կ՛ըմբոստանար եւ ճակատ կը կազմէր հակառակորդներուն դէմ:
Իսկ թուրքերու պարագային, ան իր գրած խմբագրական առաջին պարբերութենէն իսկ կը հարուածէր անողոքաբար, օսմանցի թէ իթթիհատական եւ կամ քեմալական թուրքը հաւասարապէս: Թո՛ւրքը թուրք էր իրեն համար: Այլ երկընտրանք չկար… բոլորն ալ նո՛յնն էին իրեն համար: Մեր գլխաւոր թշնամիները:
Խմբագրութեան իր տարիներուն մեր լրագրութիւնը արգասաւորուեցաւ կարեւոր եւ մնայուն հրատարակութիւններով: 1921-ին ՌԱԿ-ի միութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կուսակցական լուրջ գրականութիւն մը հրապարակ եկաւ եւ ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնուեցաւ: Յեղափոխական յուշագրական գրականութենէն անդին նոր ժամանակներու քաղաքական մտածողութեամբ հատորներով հարստանալ սկսաւ ազատական ռամկավար մեր դպրոցը:
Այսպէս, իրերայաջորդ հրատարակութիւններ լոյս տեսան իր խմբագրութեամբ. «Զարթօնք-Բացառիկ»ը 1962-ին, նուիրուած ՌԱԿ-ի 40-ամեակին եւ «Զարթօնք» օրաթերթի հիմնադրութեան քսանըհինգամեակինՙ օժանդակութեամբ ընկեր Համբարձում Գումրուեանի: «Մեծ Երազի ճամբուն վրայ» պատմական ուսումնսասիրութիւնը, 1964-ին, որ արժանացաւ քանի մը տպագրութիւններու եւ անգլերէն թարգմանութեան: «Յուշամատեան Մեծ եղեռնի» կոթողական հատորը 1965-ին, օժանդակութեամբ ընկեր Նազարէթ Թոփալեանի. որ նոյնպէս արժանացաւ քանի մը տպագրութեանց: «Հայոց Դատը արաբ հանրային կարծիքին առջեւ», արաբերէնով, 1965-ին: «Խոհեր Յիսնամեակի աւարտին» 1966-ին, որ արժանացաւ ԹՄՄ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական մրցանակ»ին 1967-ին:
Երբեմն ստորագրած է Պ. Գեղակ ծածկանունով:
ՌԱԿ-ի ամբողջական պատմութիւնը գրելու բոլոր փորձերը կը մնան մասնակի եւ անկատար. միայն Գերսամ Ահարոնեանն էր, որ պիտի գրէր այդ պատմագիրքը ու արդարութիւն պիտի ընէր ՌԱԿ-ի վաստակին: Երբ ընկերները հարց կու տային, թէ ե՞րբ պիտի գրէր այդ պատմագիրքըՙ «հոս, գլխուս մէջ է» կ՛ըսէր անՙ ցոյց տալով սպիտակիլ սկսող իր քունքը: Իր գլխուն հետ այդ պատմագիրքն ալ տարաւ գերեզման:
Երիտասարդ սերունդ մը հետեւելով Գերսամի լրագրական կեանքին, այսօր կը շարունակէ շնորհալի այդ աշխատանքը: Հրապարակի վրայ եղող մեր խմբագիրներէն շատեր աշակերտած են մեր լրագրութեան մեծ երախտաւորին եւ կեանքի ճամբայ ընտրած են հայ մամուլը:
1969-ին, Նիւ Եորքի Ամերիկեան Միջազգային ակադեմիայէն ստացած է «Պատուոյ դոկտոր»ի վկայական եւ առաջին կարգի շքանշան, ի գնահատութիւն իր հրապարակագրական եւ կրթական գործունէութեան:
Պէտք ենք յիշել նաեւ, որ Գ. Ահարոնեան եղած է հիմնադիրներէն Վահէ-Վահեանի խմբագրած «Անի» գրական ամսագրին:
ԹՄՄ-ի ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ ԵՒ ՌԱԿ.Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ
1947ին Պէյրութի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն եղաւ եւ մնաց անդամը ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմինին: Անոր մասնակցութիւնը Միութենէն ներս առաւելաբար ծանրացաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեամբ: Ահարոնեանի ունեցած լայն կապերը հայրենի մտաւորականութեան հետ դուռ բացին անոնց յաճախակի այցելութիւններուն: Հայրենի կրունկները 1960-էն սկսեալ սկսան յաճախակիօրէն այցելել մեր գաղութները, հայրենասիրութեան նոր ալիք մը բերելով հայրենակարօտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Իր սրտին նմանՙ իր սեղանը լայն բացաւ հայրենի հիւրերուն առջեւ, հրաւիրելով օրուան մտաւորականութիւնը նման ընկերային հաւաքոյթներու: Որքան լուրջ էր ան իր ազգային կեանքին մէջ, նոյնքանՙ զուարթախօս ու սրամիտ ընկերային նման հաւաքներու ընթացքին: Քանի մը առիթներով վայելած եմ իր սրտբաց հիւրասիրութիւնը: Գիտէր ըլլալ լաւագոյն թամատան: Հայրենի թէ սփիւռքահայ գործիչներ, մտաւորականներ ու արուեստագէտներ վայելած են իր ընկերութիւնը:
1969-ին եկաւ Ամերիկա եւ ձեռնարկեց Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի համար հանգանակութիւն: Ընկերներ ու բարերարներ չէին կրնար մերժել ընկեր Ահարոնեանը: Նուիրատուութեանց առիւծի բաժինը հանգանակուեցաւ Ամերիկայէն, գործակցութեամբը Երուանդ Ազատեանի, որ այդ օրերուն վարիչ քարտուղարն էր ՌԱԿ-ի Ամերիկայի մեր շրջանակին: Շնորհիւ իր հեղինակութեանՙ ան Լիբանանի մէջ եւս, ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի բարեկամ ազգայիններէն մեծագումար նուիրատուութիւններով կրցաւ ապահովել Թէքէեան Կեդրոնի շինարարութեան ծրագիրը:
Սակայն, այս ամենէն ետք պէ՛տք է արձանագրել, որ Գերսամ Ահարոնեան ամբողաջական ղեկավարը եղաւ ՌԱԿ-ի: Եթէ իր սերնդակից ղեկավարներէն Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան իր նուրբ դիւանագիտութեամբ առաջնորդեց մեր կուսակցութիւնը, եթէ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանՙ օրինապահութեամբ, Յակոբ Դաւիթեանՙ շրջահայեաց լրջախոհութեամբ, Հայկաշէն Ուզունեանՙ իր յարաբերութիւններով, ապաՙ Գերսամ Ահարոնեան ամբոխները խելագարեցնող, մեր Մեծ երազով զգօնելու եւ մեր թշնամիները զգաստացնելու բեմբասացութեան տաղանդովը եւ խմբագրական իր սիւնակներովը եղաւ պատգամախօսն ու տեսաբանը մեր կուսակցութեան:
Չունէինք իր նմանը, որ կարենար բեմէն ժամեր ամբողջ տալ իր քաղաքական խօսքը, առանց թուղթի, նոյնիսկ յիշելով բոլոր պատմական թուականներն ու անունները անգիր: Մա՛նաւանդ Մեծ եղեռնի յիսնամեակի օրերուն ու անկէ ետք, անզսպելի հայրենասիրութեամբ մը, իր խրոխտ ձայնով, բեմէն կ՛առաջնորդէր հանդիսատես ամբոխը: Իրեն կը պարտինք կարգախօսըՙ «Գալ տարի Վանի մէջ», զոր կ՛արտասանէր Հայ դատին նուիրուած ճառերու վերջաւորութեան:
Կուսակցական իր կեանքը նաեւ ունեցաւ կազմակերպչական երես: Ան մաս կազմեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ ստանձնեց ատենադպիրի պաշտօնը:
Գերսամ Ահարոնեան եկեղեցական տագնապի օրերունՙ 1956-1960 տարիներուն, ազգային հրապարակի վրայ եղող ամենէն ուժեղ ձայնն էր դարձած ի պաշտպանութիւն Մայր աթոռի գերագահութեան: Էջմիածնի Աթոռն ու անոր գահակալըՙ Վազգէն Ա. հայրենիքին հետ, ուրիշ նուիրականութիւններ էին իրեն համար: Կը հաւատար որ սփիւռքի մեր ժողովուրդին կեանքը միջազգային քաղաքական ճակատումներու զոհը չդարձնելու համար անհրաժեշտ էր զօրացնել Էջմիածնի հմայքն ու ազդեցութիւնը: Այս մտասեւեռումներով ալ գրեց կուռ յօդուածաշարքեր Հայաստանեայց եկեղեցին երկփեղկող ոյժերու դէմ ու դատապարտեց զանոնք:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ունեցաւ իր տխուր անդրադարձը անոր կեանքի մայրամուտին: Իր սերունդը, որ քար-քարի վրայ դնելով բարձրացուցած էր լիբանանահայ ազգային կեանքը, հիմա այդ սերունդին աչքին առջեւ փուլ սկսած էր գալ: Հայրենամերձ 300 հազարանոց ուժական այդ գաղութը արդէն սկսած էր արտագաղթել դէպի հեռաւոր հորիզոններ: Մեր կուսակցութիւնները ամէ՛ն ջանք թափած էին հայութեան ազգահաւաքը ապահովել Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, եւ փաստօրէն այդ ծրագիրն էր, որ սկսած էր խախտիլ: Ահարոնեան ի տես այս փլուզումին, չկրցաւ հոգեպէս դիմանալ, այլեւս իր մարդկային զօրութենէն անդին մութ ձեռքեր սկսած էին քանդել մեր գեղեցիկ ծննդավայր հայրենիքըՙ Լիբանանը: Իրեն կը մնար մոռնալ… եւ խմիչքը եղաւ իր կեանքի ընկերը, այնուհետեւ: Կորսնցուցած էր ամէ՛ն հաւատք…: Մե՜ղք եղաւ իրեն:
(կրճատումներով)