Դժուար թէ կարենաս Քաթարը գտնել քարտէսի վրայ՝ եթէ մէկը ցոյց չտայ. ճիշդ կոյր աղիքի կը նմանի, մայր հողէն դուրս ցցուած, Արաբական թերակղզիի արեւելեան սահմանէն Պարսից ծոցին մէջ լողացող: Համարեա Լիբանանի տարածքին չափ, բայց ոչ Լիբանանի նման հանրածանօթ, սակայն շատ հարուստ իր նաֆթահորերով, որոնք միլիառներ կը դիզեն երկրի պետական գանձատան մէջ: Եւ այս պճլիկ, աննշան երկիրը, որ սկսած էր հանրածանօթ դառնալ, մէկ անգամէն համաշխարհային ճանաչում եւ նոյնիսկ բարձր վարկ ապահովեց, երբ 2022-ի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան՝ Մոնտիալի հիւրընկալը դարձաւ: Ըսուեցաւ, թէ երկիրը 220.000.000.000 $ (220 միլիառ տոլար) ծախսած է այս մրցաշարքը կազմակերպելու համար՝ գեղակերտ մարզադաշտեր, առաջնակարգ հիւրանոցներ ու ինչեր ու ինչեր:
(Հիմա մի նստիք ու հաշուէք, թէ այդ հսկայ գումարով ինչ բարեսիրական ծրագիրներ կարելի էր յաջողցնել): Փոքր է, ու իր փոքրութիւնը իրեն բարդոյթ չպատճառելու համար, ստիպուած է մե~ծ գործեր ընել, մինչեւ իսկ արաբական քաղաքականութեան մէջ կտրուկ տեսակէտ ունենալ, օրինակ՝ հսկայ Սէուտական Արաբիոյ հետ բախում ունենալ: Յաջող կերպով կազմակերպեց Մոնտիալը եւ բազմահազար օտարներու ներկայութեան առիթը օգտագործեց իսլամական կրօնքի քարոզչութիւն ընելու, զանազան միջոցներու դիմելով:
Փոքրերը երբ մեծ գործեր կ՛ուզեն ընել եւ անոնցմով վարկ շահիլ, այնքան խելայեղ բաներ կ՛ընեն, որ հզօր պետութիւններուն ոչ թէ նախանձը, այլ երբեմն քմծիծաղը կը շարժեն: Կը նմանին այն հաւուն, որ ջայլամի հաւկիթին նման մեծ հաւկիթ կ՛ուզէ ածել, բայց… բան մը կը պատռի, չէ՞… Բայց բան մը չպատռեցաւ. ունեցած միլիառները «զրահապատ» են:
Փնտռեցինք, ըսինք՝ արդեօք ուրիշ փոքր երկիր մըն ալ կա՞յ Քաթարի նման, անոր մրցակից, որ այսպիսի արկածախնդրութեան դիմած ըլլայ: Շատ փնտռեցինք, յոգնեցանք, վերջը տեսանք որ Նասրէտտին Հոճային նման էշը նստեր, էշ կը փնտռենք: Ահա՛ Հայաստանը. Հայաստանէն լաւ մրցակի՞ց Քաթարին: Հայաստանն ալ փոքր է, Քաթարին պէս նաֆթ չունի, սակայն մեծ մշակոյթ ու գիտութիւն ունի: Փա՛ստ, որ ահա՛ միջազգային սիրուած մանկական Եւրատեսիլը Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ու այդ նպատակին համար, ոչ թէ ջայլամի հաւկիթ ածելու ջանք թափեց Հայաստանը, այլ՝ ոսկի՛ հաւկիթ ածեց: (Անշուշտ բաներ մը պատռուած կրնան ըլլալ, սակայն պատռուածքներն ալ նորոգողներ կ՛ըլլան, Եւրոպան ողջ ըլլայ):
Այնպիսի պատրաստութիւններ տեսած են մեր արհեստավարժ տղաքը միջազգային փորձառութիւն ունեցող վարպետ արուեստագէտներու հետ, որ զարմանք ու հիացում յառաջացուցած է օտար հիւրերուն մէջ, որոնք ի՜նչ գովասանքներ շռայլեցին, սկսեալ հրապարակի Եւրատեսիլի բացման առթիւ կազմակերպուած ցուցադրութիւններէն ու ամանորեայ լուսազարդարանքներէն, մինչեւ Համալիրի շքեղագոյն յարդարանքներն ու վերջապէս մրցանքի կազմակերպումը, այնքան շնորհալի, անսայթաք ու բարձրամակարդակ:
Ապրի՛ Հայաստանը: Երանի նոյն ոգիով ու եռանդով մեր սահմաններն ալ զարդարեն զէնք ու զրահով, որպէսզի ոչ մէկ թիզ հող ոտնակոխ ըլլայ:
Ճիշդ է որ այս բոլորը կ՛ուրախացնեն մեզ, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմին պատճառած համատարած տրամադրութեան անկումէն ետք, պէտք էր այս մէկը, սակայն եւ այնպէս քննադատողներ ալ եղան եւ իրաւունք ալ ունէին գուցէ, որ մարդոց հոգիներուն մէջ բացուած վէրքերը դեռ չսպիացած՝ ճի՞շդ էր այսպիսի բան կազմակերպել: Հաւանաբար ճիշդ էր, այն իմասով որ վերջերս բողոքող, արդարութիւն ակնկալող, օժանդակութեան խնդրարկու երկիր ըլլալէն՝ մեր մասին օտարներուն կարծիքը փոխելու օժանդակեց:
Մրցումին մասնակից 16 երկիրները խառնուրդ էին արեւմտեան (եւրոպական) եւ արեւելեան (նախկին սոցիալիստական), կարծես նմուշի համար ընտրուած, որոնց մէջ աչքի կը զարնէր բացակայութիւնը, օրինակ, Յունաստանին, Կիպրոսին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, մինչ Ուքրաինան ներկայ էր, հակառակ այնտեղ տիրող ողբերգական վիճակին:
Թէ ինչ մեկնաբանութիւններ պիտի ըլլան տակաւին, չեմ գիտեր, սակայն վստահ եղանք, որ եթէ ուզենք, լաւագոյնը կրնանք ընել եւ զարմացնել:
Տարոսը մեր հողերուն ազատագրման պայքարին:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ