Ընտրական օրեր են Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանական համակարգի անցնող մեր երկիրը 2 ապրիլին պիտի կայացնէ ընտրական նոր օրինագիծով խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքական-կուսակցական 9 դաշինքներ:
Հայաստանի ընտրարշաւի մէկամսեային հետեւող քաղաքացիի համար շատ յստակ է, որ քաղաքական բոլոր ուժերն ալ դրամական «կարեւոր» ներդրում չեն կատարած իրենց արշաւը առաջ տանելու համար: Ընդհակառակը, նոյնիսկ դրամական կարեւոր ներուժ ունեցող կուսակցութիւններն փորձած են «նուազագոյն» միջոցներով մտնել քաղաքական պայքարի դաշտ: Ու անկախ մանր- մունր դէպքերէ պէտք է նաեւ գրանցել, որ ընտրարշաւի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին Հայաստան աշխարհով մէկ «ցնցիչ» դէպքեր չարձանագրուեցան:
Եթէ մէկդի դնենք Արմաւիրի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, Սամուէլ Բաբայեանի ձերբակալութիւնը եւ քաղաքական հարթակի վրայ մնացած ՀԱԿ- Դաշնակցութիւն բանավէճը եւ ՀՀԿ -ՕՐՕ դաշինք «լարուած» «բանակռիւ»ը, յստակ է նաեւ, որ նախընտրական ընդհանուր իրավիճակը պէտք է գնահատել «բաւարար»:
Այլ գետնի վրայ եւ անցեալ յուլիսին տեղի ունեցած դէպքերուն ընթացքին ծնունդ առած «սփիւռքեան մտահոգութիւն»ը կը շարունակէ իր «անխափան ճանապարհ»ը: Խօսքը քանատահայ (արմատներով ՙ լիբանանահայ) դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի ու անոր «գաղափարակիցներու»ն մասին է, որոնք աւելի վաղ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած էին յայտնելով իրենց պատրաստակամութիւնըՙ որպէս դիտորդ մասնակցելու կիրակի օր տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն:
Ու ինչ խօսք, որ Հայաստանի լաւը ուզող սփիւռքի տարբեր հատուածներըՙ ընդառաջելով Սերժ Թանքեանի, Արսինէ Խանճեանի, Ատոմ Էկոյեանի եւ տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութիւններու հասած «յայտնի հայերու» կոչին, կը ժամանէին Հայաստան եւ այսօր պատրաստ են, որպէս դիտորդ իրենց «պարտականութիւն»ը կատարելու:
Այլ խօսք, թէ այս անունները սփիւռքի հայութեան քանի տոկոսը կը ներկայացնեն, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ տարբեր երկիրներէ նման առաքելութեամբ Երեւան ժամանելու երեւոյթը առաջինն է արդի Հայաստանի պատմութեան մէջ:
Ի՞նչ կը բերէ անոնց ներկայութիւնը, կամ անկէ ի՞նչ հնարաւոր օգուտներ կրնայ քաղել իրենց դիտարկումովՙ «ժողովրդավարութեան ծարաւ» ապրող Հայաստանը, դեռ պարզ չէ:
Դիտորդական առաքելութիւն իրականցնողներու ընդհանուր մօտեցումին մասին խօսելով ու մէկդի դնելով «դաւադրական տեսութեանց» բոլոր հաւանական հետեւութիւնները, շատ լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստան- սփիւռք յարաբերութիւններու լոյսին տակ այս նախափորձը ծառայէր, որպէս շինիչ եւ դրական օրինակ:
Ըսուած է, որ սփիւռքը մտահոգ է Հայաստանով: Ըսուած ու գրուած է նաեւ, որ սփիւռքը կ՛ապրի ու կը շնչէ «Հայաստանին համար»:
Ու այս մօտեցումներու ֆոնին արդարացի է հարց տալը, թէ ուր էին նոյն այս 310 դիտորդները, երբ թշնամիին կրակէ օղակին տակ առնուած էր ամբողջ Արցախը:
Ո՞ւր էին, ոչ թէ 310, այլ աւելի ճիշդը 31000 սփիւռքահայ զինուորները, երբ հնչած էր հայութեան իրական մարտակոչը:
Ասիկա գրելը չի նշանակեր նսեմացնել օրերս Երեւան ժամանած մեր հայրենակիցներուն դերը, այլ հիմնական նպատակը ամրագրել է այն, որ հայութեան համար կայ մէկ ու միակ ճակատ, որ Արցախի ճակատն է:
Մնացեալ փուլերը, ապահովաբար մեծ կռիւներու պատրաստուելու համար եղած հանգրուաններ են:
Պարզապէս այդքան: