Անցեալ շաբաթ, օր մը ոտքս դուռէս դուրս դրի ու կոխեցի քանի մը թեկնածուի վրայ… ըսել կ՛ուզեմՙ թեկնածուներու նկարներուն վրայ, որոնք գեղատիպ բացիկներու վրայ, անձայն ճառերու եւ երկար շարք մը խոստմնալից ծրագիրներու կողքին տպուած էին:
Յանցաւոր չեմ, որ տրորած եմ զիրենք, կամ իրենց նկարները. ուրկէ՞ կրնայի գիտնալ, որ մարդիկը տունս այցելելու եկած են եւ նրբանկատօրէն, զիս չանհանգստացնելու համար, դրանս շեմին կը սպասէին, որ զիրենք ներս առնէի եւ մտիկ ընէի իրենց ըսելիքները:
Անշուշտ, ոչ ժամանակ ունեցած են իւրաքանչիւրին տունը այցելելու, ոչ ալ ամէն մէկուն առանձին համոզելու, որ երկրի ապագան կախեալ է իրենցմէ, եւ եթէ մենք մտահոգ ենք մեր երկրի ապագայով, ապա առանց տատամսելու մեր քուէները իրենց տալու ենք:
Այս վազվռտուքին մէջ թեկնածուները շահին, թէ ոչ, բուն շահողները եղան տպարանները եւ պաստառներ պատրաստողները, մէյ մըն ալ բացիկներ բաժնողները, որոնք բարձրայարկ շէնքերու բնակարաններուն դռներուն առջեւ կը նետէին զանոնք, նախՙ որպէսզի գործերնին դիւրացնեն, ապա որպէսզի իրենց ձեռքի թեկնածուին հակառակորդ մը դուռը չշռխկացնէ իրենց երեսին ու հայհոյալից խօսքեր չլսեն:
Սակայն, պատկերացուցէք, որքան վիրաւորական է պատուախնդիր մէկուն համար իր նկարը տեսնել գետինները, ոտքի սրբիչներուն վրայ… աւելի վիրաւորական է հայ գիրին ոտնակոխ ըլլալը, չէ՞ որ սուրբ են մեր գիրերն ու զանոնք ստեղծողը:
Եթէ մերը բարեխղճօրէն եւ նախանձախնդրօրէն սուրբ կը նկատենք, ապա արաբերէն գիրերը իսկապէս սուրբ կը նկատուին, քանի Ղուրանը այդ տառերով գրուած է եւ արգիլուած է գետնի վրայ արաբերէն գրել: Մեր Սուրբ Գիրքը մեր տառերով չէ երկնուած, որ մենք ալ արաբներուն պէս մտածէինք, սակայն մենք ալ մշակութային արժեւորումով սրբացուցած ենք զանոնք, այնպէս որ, յանուն մեր գանձ -այբուբենը չարատաւորելուՙ գետին պէտք չէ նետել զանոնք:
Ինչ որ է, շատ չբարդացնենք հարցը, մարդիկ պիտի ըսենՙ ինչեր ոտնակոխ եղան ու դեռ կ՛ըլլան այս օրերուն, ինչ անհատականութիւններ, ինչ արժանապատուութիւններ, ինչ սկզբունքներ, ինչ ազգային, մարդկային ու հոգեկան արժէքներ ու արժանիքներ… հայերէն տառե՞րը մնացին խնայուելիք:
Ընտրարշաւները, ոչ միայն մեր մօտ, այլեւ ամէն տեղ մրցավազքի վերածուած են, ուր իւրաքանչիւրը ի՛նք կ՛ուզէ գրաւել առաջին տեղը, եթէ նոյնիսկ վազքի ընթացքին աջ ու ձախ վնասներ հասցնէ:
Այս առթիւ յիշեցի շատ դիպուկ պատմութիւն մը. թերաճներու դպրոցի մը դաշտահանդէսին 8-10 տարեկան տասնեակ մը երեխաներ վազքի մրցումի մը կը մասնակցին: Երբ ազդանշանը կը տրուի, կը սկսին արագ-արագ քալել ու յանկարծ կը նկատեն, որ իրենցմէ մին կը սայթաքի ու կ՛իյնայ, բոլորը միասին վազքը կը դադրեցնեն եւ մօտենալով ինկողին, անոր թեւերէն բռնելով, ոտքի կը հանեն եւ իրարու ձեռք բռնած կը շարունակեն իրենց վազքը ու միասին կը հասնին աւարտին: Ներկաները արցունքոտ աչքերով դաշտը կը թնդացնեն ծափահարութիւններով:
Երեւի երբեմն թերաճներէն ալ կարելի է օրինակ առնել: