Ըստ նախօրօք առնուած որոշումին, Ազգային Ժողովի նորընտիր պատգամաւորներուն հայերէն լեզուի տիրապետման մասին քննութիւններ պիտի կատարուի՞ն, վստահ չեմ: Ցարդ կը լսենք, որ կարգ մը ընտրեալներ հրաժարական ներկայացուցած են եւ չեն փափաքիր պատգամաւոր դառնալ. արդեօք անոնք իրենց հայերէնի իմացութիւնը բաւարար չե՞ն նկատեր, անո՞ր համար, թէ՞ այլ պատճառներ կան ինծի անծանօթ:
Եթէ լեզուի պատճառով է, «պռաւօ» ըսեմ իրենց անկեղծութեան եւ ուղղամտութեան համար: Սակայն, երբ իմացայ, որ Լեզուի պետական տեսչութիւնը փակելու որոշում կ՛առնուի, մտածեցի որ այլեւս մտահոգուելու կարիք չունին այդ ընտրեալները եւ, ինչպէս շատերու բերաններուն մէջ ջարդի ենթարկուող հայերէնը ի պատուի է, այդպէս ալ իրենք, իրենց գիտցածով կրնան բաւարարուիլ եւ գրաւել իրենց բաժին աթոռները:
Խայտառակ վիճակի մէջ է Հայոց լեզուն, Հայաստանի գիրկին մէջ: Ամէն օր գրեթէ շփումի մէջ եմ հայախօսութեան հարցին հետ եւ երթալով կը զգամ, որ այս գահավէժ ընթացքը կասեցնելու մասին մտածող չկայ: Բոլոր տեղեկատուական միջոցները, ընթեռնելի եւ ունկնդրելի, ռուսական տեղեկատուութեան ոլորտէն կը քաղեն իրենց նոր բառապաշարը եւ եղածին պէս կը հրամցնեն ժողովուրդին, որ իւղի պէս կը կլլէ, առանց որեւէ անդրադարձի, կամ հակազդեցութեան, բացի ինծի նման խենթերէ, որոնք կը ցաւին, կը զայրանան, կ՛արտայայտուին, սակայն անօգուտ:
Թէեւ Վահան Թէքէեան կը կասկածէր, որ յիսուն տարի ետք իր գրած լեզուով խօսող պիտի չմնայ. սակայն սխալեցաւ մեծ բանաստեղծը, յիսուն չէ, այլՙ հարիւր, թերեւս քիչ մը աւելի, բայց վստահ որ իր բիւրեղեա՛յ Հայերէնը խօսող պիտի չմնայ, գուցէ անոր աղաւաղուած պատճէնը միայն, բայց ի՛ր հայերէնըՙ երբե՛ք, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ:
Ի՞նչ ընել ուրեմն:
Ամէն ինչի համար ցոյցեր կը կազմակերպուին Երեւանի մէջ, օր մըն ալ լեզուի նահանջին համար ցոյցեր թող ըլլան: Երկրի նախագահը իր տարեկան մրցանակներու շարքին, մրցանակ մըն ալ թող յատկացնէ այն հեռուստակայանին, կամ թերթին, կամ ձայնասփիւռին, կամ գրական որեւէ երկի, ուր միայն մաքրամաքուր հայերէնը կը տիրապետէ:
Դպրոցներն ու բուհերը, ուր թրծուելու է հայերէնը, անտարբեր են, նոյնիսկ յանցաւոր: Հապա ի՞նչ ըսել մանկապարտէզի մը ուսուցչուհիին, որ սփիւռքահայ երախային «աղբ» բառը սրբագրեր է եւ ըսեր էՙ «աղբ չեն ասում, զիպի՛լ են ասում»… Չըսե՞ս այդ ուսուցչուհիին որ «զիպիլը» ինք է:
Կամ, սեփական ականջներովս լսածս դիտողութիւնը դասղեկի մը, որ աշակերտուհիի մը յանդիմանելով կ՛ըսէր «Շալվարով դպրոց գալ չի կարելի, միայն սեւ յուբկա…»:
Ալ ինչի՞ մասին կը խօսինք, լեզուն գահավէժ կ՛ընթանայ անարգել…
Տաբատն ու փէշը իրենց տեղերը զիջեր են շալվարին ու յուբկային, շապիկն ու վերնաշապիկըՙ մայքային ու սարոչկային, գուլպան ու պայուսակըՙ նասկիին ու սումքային… Կարելի է շարքը հարիւրներով շարունակել:
Մեղք չէ՞ մեր լեզուին: Պատասխանատո՛ւ մարդիկ, աթոռի համար իրար բզկտո՛ղ մարդիկ, լեզուն հողին չափ կենսական է, բան մը ըրէք, թէ չէ Օշականի Սուրբը կ՛անիծէ ձեզ: