Բոստոնում լույս տեսնող The Armenian Mirror-Spectator շաբաթահանդեսի խմբագիր Ալին Գրիգորյանը ծագումով պարսկահայ է: Մասնագիտական կրթությունն ստացել է նշանավոր Թաֆթս համալսարանումՙ ավարտելով միջազգային հարաբերությունների ֆակուլտետը, ապա շարունակել Բոստոնի համալսարանում, լրագրության բաժնում: Աշխատակցել է ամերիկյան տարբեր թերթերի: Շուրջ 20 տարուց ի վեր վարում է օրերս իր հիմնադրության 85-ամյակը նշող «Միրորի» խմբագրի պաշտոնը: Սեպտեմբերի կեսերին Ալին Գրիգորյանը Հայաստանում էր: Օգտվելով առիթիցՙ մեր աշխատակիցներից Սագո Արյանը նրա հետ ունեցավ ծավալուն հարցազրույց, որի գլխավոր մասերըՙ ստորեւ:
– Տիկին Գրիգորեան, դուք ներկայիս կը խմբագրէք Ամերիկայի մէջ լոյս տեսնող անգլիատառ ամէնէն երկարակեաց հայկական պարբերականըՙ The Armenian Mirror-Spectator-ը: Պատմական արժէք ունեցող այս պարբերականին որպէս խմբագիր ի՞նչպէս յայտնուեցաք:
– Ուսանողական շրջանիս կը համագործակցէի տարբեր թերթերու հետ: Իմացայ, որ The Armenian Mirror-Spectator-ը աշխատակիցներու կարիք ունի. դիմեցի աշխատանքի եւ ընդունուեցայ: Այդ օրերուն պարբերականի գլխաւոր խմբագիրն Պարպարա Մեկերեանն էր: Սկսայ համագործակցիլ իր հետ որոշ ժամանակ մը, իսկ անոր հեռանալէն ետք ես ստանձնեցի թերթին խմբագրի պաշտօնը: Պէտք է ըսել, որ շատ բան կը պարտիմ տիկին Մեկերեանին: Մենք ունեցանք շատ յաջող եւ հեզասահ գործունէութեան փուլ մը: Ինչ կը վերաբերի թերթին հետ իմ ունեցած կապուածութեանՙ պէտք է շեշտեմ նաեւ, որ The Armenian Mirror-Spectator-ի խմբագրական աշխատանքս կը համարեմ էութեանս կարեւոր մէկ մասը եւ կերպով մը արտացոլացումը: Ըսել կ՛ուզեմ, թէ որպէս հայ մը, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ապրի եւ ունի քաղաքական ուրոյն հայեացք ու մօտեցումներ, այդ բոլորը կ՛արտացոլան բնականաբար իմ խմբագրական աշխատանքիս եւ լրագրական գործունէութեանս մէջ:Անշուշտ իմ աշխարհայեացքս, իմ ընկալումներս եւ մօտեցումներս տեղ կը գտնեն թերթին մէջ: Եւ ես կը հաւատամ, որ այս պարբերականը ինծի համար կարեւոր ամպիոն մը կը հանդիսանայ:
– Ներկայիս քանի՞ է թիւը թերթի աշխատակիցներունՙ անմիջական եւ հեռակայ աշխատակիցներ, եւ ընդհանրապէս որո՞նք են, որ մաս կը կազմեն թերթի ընդհանուր խմբագրման աշխատանքին:
– Նախՙ կ՛ուզեմ շեշտել եւ նշել անունը Միրիալ Միրաք Ուայզպէքին , որ արմատներով Մասաչուսէթսէն է, բայց աւելի ուշ տեղափոխուած է Գերմանիա եւ հաստատուած է այնտեղ: Տիկին Ուայզպէքը մեր շատ փայլուն աշխատակիցներէն է եւ շատ կարեւոր աշխատանք կը տանի մեր թերթին համար: Ան հանդէս կու գայ վերլուծութիւններով ու յօդուածներով, եւ իր բոլոր նիւթերը առաջին հերթին կը տպագրուին մեր պարբերականին մէջ: Բացի տիկին Ուայզպէքէն ունինք տարբեր աշխատակիցներ, որոնք կը բնակին տարբեր շրջաններու մէջՙ Ֆլորանս Աւագեանը Նիւ Եորքէն, Արամ Արքունը , որ նոյնպէս կ՛աշխատակցի եւ կը գրէ մեր թերթին մէջ, որոշ ժամանակէ մը ի վեր հաստատուած է Պոստոն եւ մաս կը կազմէ խմբագրակազմին: Պէտք է յատկապէս շեշտել անունը Երուանդ Ազատեանին, որ նաեւ մաս կը կազմէ մեր խմբագրական խորհուրդին եւ հանդէս կու գայ խմբագրական ու այժմէական կարեւոր յօդուածներով: Ունինք նաեւ տարբեր աշխատակիցներ, որոնք խմբագրական աշխատանքներէ բացի կը կատարեն թերթի ձեւաւորման եւ համացանցի մեր կայքի ընդհանուր գործերը:
– Որո՞նք են հիմնական թեմաները, որոնք լոյս կը տեսնեն «Միրոր»ի մէջ. յաճախ կը նկատենք, թէ կարեւոր տեղ կը տրամադրէք Միջին Արեւելքի խնդիրներուն:
– Կրնամ ըսել, որ մենք կը փորձենք ամէն գնով հայելին դառնալ հայկական կեանքի ընդհանուր պատկերին եւ ներկայացնել հայութիւնը յուզող եւ զանազան շերտեր ունեցող խնդիրները: Ամենակարեւորը մեզի համար հայ կեանքին արձագանգելն է եւ թերթը դարձնել այնպիսի պարբերական մը, որ իսկապէս դառնայ հայ կեանքի հայելին: Ինծի համար, օրինակ, որպէս խմբագիր շատ կարեւոր են Միջին Արեւելքի հայագաղութները, որոնք այսօր կը գտնուին բաւական բարդ իրավիճակի մը մէջ: Յաճախ կը փորձենք պրպտել, որոնել ու գտնել հայութիւնը բաղկացնող ամենատարբեր հիւսկէնները , որոնք այսօր կ՛ապրին ու կը շնչեն այդ «թէժ կէտեր»ուն մէջ: Բնականաբար կարեւոր տեղ կը տրամադրենք Հայաստանին ու Արցախին, ու նաեւ յաճախ մեր էջերուն մէջ կ՛արտացոլայ ամերիկահայ կեանքըՙ ամերիկահայերը իրենց պատմութեամբ, իրենց անցեալով, ներկայով եւ ապագայի հարցադրումներով: Շատ յաճախ էջեր կը տրամադրենք ամերիկահայ գործիչներու, որոնք ամենատարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութիւններու հասած են: Եւ ինչպէս քիչ առաջ ըսի, կը փորձենք այս բոլորը ներկայացնել, որպէսզի ամէն գնով յաջողինք դառնալ հայութեան կեանքը կարելի համապարփակութեամբ պատկերող եւ ներկայացնող պարբերականը:
– Գիտենք, որ Սփիւռքի տարբեր անկիւններու մէջ, նոյնիսկ Ամերիկայի, հայութիւնը շատ մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանով, հոս տեղի ունեցող զարգացումներով, եւ կ՛ուզէ աւելի մօտէն ճանչնալ ներկայ Հայաստանը: Արդեօք աշխատակիցներ ունի՞ք, որոնք ուղղակիօրէն Հայաստանի մէջ ըլլալով յատուկ հարցազրոյցներ կամ յատուկ նիւթեր կը պատրաստեն թերթին համար:
– Շատ տեղին է հարցումը, որովհետեւ ինչպէս դուք ալ նշեցիք, մեր հանրութիւնը շատ մօտէն հետաքրքուած է Հայաստանով, եւ այդ հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար նոյնպէս կարեւոր ճիգեր կը գործադրենք: Օրինակ մը տալու համար կ՛ուզեմ նշել, որ տարի մը առաջ մեր քաղաքին մէջ ապրող ուսանողներէն մէկը այցելած էր Հայաստան եւ շատ հետաքրքրական նիւթ մը գրած էր հայ երիտասարդ գինեգործ աղջկան մը մասին: Այդ նիւթը շատ մեծ տարածում գտաւ, եւ մենք դարձեալ զգացինք, որ ամերիկահայութիւնը որքան կարօտը ունի այդպիսի նիւթերու եւ որքան կարեւոր են այդպիսի նիւթերը:
Այս առումով ալ կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք միշտ պատրաստ ենք համագործակցութեան եւ շատ կը փափաքինք աշխատակիցներ ունենալ Հայաստանի մէջ, որոնք պիտի կարողանան իրապէս այնպիսի նիւթեր արծարծել, որոնց միջոցաւ մեր հանրութիւնը առաւել եւս պիտի յաջողի կապ հաստատել եւ մօտէն ճանչնալ Հայաստանի այսօրուն ընդանուր իրավիճակը: Դժուարութիւնը լեզուի հարցն է. նիւթը պէտք է անգլերէն ըլլայ, համապատասխան աշխատակազմը չունինք զանոնք թարգմանելու համար:
Ու այստեղ շատ ուրախ պիտի ըլլամ ըսելու, որ մենք այս գործակցութիւնը կ՛ուզենք լիարժէք դարձնել, եւ բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են մեզի հետ աշխատակցելով, ճիշդ կ՛ըլլայ, որ գրեն մեզիՙ հասցեով: Անշուշտ Հայաստանի հետ աշխատելու եւ հայաստանեան նիւթեր հրապարակելու պարագային կան նաեւ կարեւոր նրբութիւններ, որովհետեւ միշտ չէ, որ նիւթ մը, որ կը հետաքրքրէ Հայաստանի հանրութիւնը, նոյն հետաքրքրութեան արժանանայ Ամերիկայի մէջ: Հետեւաբար այս առումով ալ մենք պատրաստ ենք որեւէ նախաձեռնութեան, որպէսզի կարողանանք, ինչպէս քիչ առաջ շեշտեցի, այսօրուան Հայաստանի իրական պատկերը ներկայացնել ամերիկահայութեան:
– Յաջորդ հարցս կը վերաբերի այսօրուան տպագիր մամուլի խնդիրներուն: Այսօր, որպէս տպագիր մամուլ, ինչ խնդիրներ կը դիմագրաւէք:
– Նախ կ՛ուզեմ ըսել, թէ ինծի համար տպագիր մամուլը յատուկ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունիՙ թերթին ծաւալը, տեսքը, թերթի թուղթին հոտը, շօշափելի ըլլալը, այս բոլորը ինծի համար կարեւոր եւ անփոխարինելի մասնիկներ են մամուլի ընդհանուր հասկացողութեան մէջ եւ ես որպէս անհատ աւելի մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեմ տպագիր մամուլին, քան թէՙ ըսենք ելեկտրոնային մամուլին: Բայց այս բոլոր յատկութիւններու կողքին յստակ է նաեւ, որ տպագիր մամուլի ընթերցողներու թիւը ընդհանրապէս սկսած է նուազիլ եւ այս մէկը ոչ միայն ամերիկեան կեանքին մաս կազմող երեւոյթ է, այլեւ դարձած է համաշխարհային իրականութիւն: Նաեւ պէտք է նշեմ, որ մենք ունինք այլ խնդիր մը, որ տպագիր մամուլի ընթերցողներու թիւը կը նուազի, որովհետեւ մեր բաժանորդներէն շատերը, երբ մահանան, անոնց զաւակները կամ պարագաները չեն ուզեր շարունակել թերթին բաժանորդագրութիւնը, եւ այդպէս մենք կը կորսնցնենք ընթերցողներու կարեւոր քանակ մը: Ասոր կողքին նաեւ պէտք է ըսեմ, որ մենք բաւական երկար ժամանակէ ի վեր ունինք մեր կայքը եւ ընկերային ցանցի տարբեր հատուածներու մէջ, ինչպէսՙ Facebook-ի (դիմատետր), Linked in-ի եւ Twitter-ի, նոյնպէս նիւթեր կը տեղադրենք եւ հոն ալ ներկայութիւն ենք եւ, յուրախութիւն մեզ, այդ դաշտերուն մէջ եղած արձագանգները բաւական քաջալերական են այն իմաստով, որ այսօր ունինք սերունդ մը, որ աւելի մօտ է համացանցի տիրոյթին եւ կը փորձէ հայկական կեանքի տարբեր շերտերուն ծանօթանալՙ օգտագործելով այդ «զէնքերը»: Ու այս առումով շատ խրախուսիչ է այն, որ երբ մենք որեւէ պատմութիւն կամ որեւէ նիւթ կամ յօդուած կը տեղադրենք համացանցի վրայ, յաճախ ականատես կը դառնանք, որ այդ նիւթը բաւական մեծ արձագանգ ձգած է ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւՙ հեռաւոր ափեր, ինչպէսՙ Մոսկուա, Հարաւային Ամերիկա, Միջին Արեւելք, եւ այդպիսով կը փորձենք կապ ստեղծել հայութեան տարբեր շերտերուն եւ տարբեր խաւերուն միջեւ:
Ինծի համար ալ, որպէս խմբագիր շատ հետաքրքրական է ըսել, նկատել եւ տեսնել, թէ ո՛ր նիւթը ո՛ր շրջանին մէջ, ո՛ր երկրին մէջ, ո՛ր համայնքին մօտ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, ո՛ր նիւթը աւելի ուշադրութեան արժանացաւ, որպէսզի մենք ալ կարողանանք ճիշդ թիրախներ ընտրել եւ փորձել այնպիսի նիւթեր հրատարակել, որ հանրութեան լայն շերտերուն հետաքրքրութիւնը գրաւէ, եւ չդառնանք նեղ պատեանի մէջ ապրող հաւաքականութեան մը թերթը կամ խօսնակը:
– Հայութեան համար այսօր ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը Արցախի հիմնահարցն է. ի՞նչ կը մտածէք եւ արդեօք մտահոգ էք, որ նոր պատերազմ մը կրնայ շղթայազերզուիլ:
– Համաձայն եմ ձեզի հետ: Այո, Արցախի հարցը այսօր հայութեան ամէնէն տագնապալի հիմնախնդիրներէն է, գուցէ եւ ամէնէն առաջնահերթ խնդիրն է: Գիտէք, հակառակ անոր որ դժուար պահպանուած հրադադար մը կայ եւ մենք յաճախ թերահաւատութեամբ կը նայէինք սահմանին վրայ առկայ ընդհանուր իրավիճակին, բայց մեր միտքէն երբեք չէր անցներ, որ ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը կը շղթայազերծուէր (2016) եւ Հայաստանը այդքան մատղաշ, այդքան փայլուն երիտասարդներ հողին կը յանձնէր: Այդ մէկը, եթէ ճիշդը կ՛ուզէքՙ անակնկալ էր մեզի համար, անսպասելի եւ դառն: Գաղտնիք ալ չէ, որ ցայսօր ալ իրավիճակը կը շարունակուի մնալ նոյն ծանրութեամբ: Ամէն շաբաթ մենք կը լսենք նոր զոհերու մասին, ամէն շաբաթ մենք ականատես կը դառնանք հայ երիտասարդ զինուորի մը նահատակման, ինչ որ անշուշտ բոլորիս մեծ ցաւ կը պատճառէ: Ու այս առումով վստահ չեմ որ մեծ պատերազմ մը կրնայ ծագիլ, սակայն Ազրպէյճանի այսօրուան վարքագիծը բոլոր իմաստներով մերժելի է, եւ մենք մեծ ճիգեր պէտք է գործադրենք, տարբեր լծակներով, տարբեր միջոցներով պայքարելու եւ վերջ տալու Պաքուի այս մօտեցումին, որովհետեւ Հայաստանը արժանի չէ նոր պատերազմի մը: Ճիշդ է, Հայաստանը բաւական լուրջ եւ բարդ խնդիրներ ունի, սակայն երիտասարդ հանրապետութիւն է եւ տակաւին բաւական երկար ճանապարհ ունի կտրելիք, որպէսզի հասնի աւելի փայլուն եւ մեր ժողովուրդին արժանի երկիր մը ըլլալու, հանրապետութիւն մը ըլլալու փաստին:
Աւարտին կ՛ուզեմ նշել եւ յստակացնել, որ մենք, որպէս Սփիւռքի մէջ ապրող հայեր, լրագրողներ, շատ կարեւոր ընելիքներ ունինքՙ քօղազերծելու, դիմակազերծելու Պաքուի դէմքը եւ աշխարհին ներկայացնելու ինչ որ կայ, ինչ որ կը գործուի հայութեան դէմ: Գիտէք, այսօր եւրոպական մամուլը շատ կը գրէ Ազրպէյճանի «լուացքատուն»-պետութիւն մը ըլլալու փաստին մասին, եւ ես յոյս ունիմ, որ միջազգային հանրութեան մօտ մամուլի արձագանգները տեղ կը գտնեն եւ քաղաքակիրթ աշխարհը կը փորձէ ճանչնալ եւ կը ճանչնայ Պաքուի իրական դէմքը: Եւ լիայոյս եմ, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ, որպէսզի իրապէս դիմակազերծուի Պաքուի նախայարձակ եւ մարդկային ըմբռնումներուն դէմ եղող իրական դէմքը: