Ձայնասփիւռէն հարցազրոյց մը յատկացուած էր Հայաստանի քաղաքականութեան հետ առնչուող հարցերու, յատկապէս այլ երկիրներու հետ դաշնինքներ կնքելու կապակցութեամբ:
Հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրի, քանի ժամանակէ մը ի վեր իմ ալ միտքս կը չարչրկէր Հայաստանի «մենակեաց» վիճակը, երբ անդին, Հայաստանի սահմանակից պետութիւններ, իրար հետ դաշինքներ կը կնքեն զանազան ասպարէզներու մէջ: Հայաստանի միակ դաշնակիցը Ռուսիան է ռազմական-պաշտպանութեան գետնի վրայ, զոր հայաստանցիներու աչքին յաճախ կ՛աղօտի ու թերահաւատութեան կը մղէ, երբ Ռուսիա մեր թշնամիներուն հետ զինամատակարարման տարբեր համաձայնագիրներ կը կնքէ, որոնք հաշտ չեն ընթանար մեր փոխադարձ վստահութեան հետ:
Ասկէ առաջ անդրադարձած եմ այս հարցին, սակայն այսօր, երկրի ռազմա-քաղաքական անփառունակ վիճակին նայելով, դարձեալ մէջս գլուխ կը ցցէ ան:
Մեր հին պատմութեան մէջ, Մեծն Տիգրանէն մինչեւ Կիլիկեան թագաւորները, յաճախ դաշինքներ կնքած են օտար պետութիւններու հետ, մինչեւ իսկ Մոնկոլիա երթալով, եւ ապահոված մեր երկրի անկախութիւնն ու կայունութիւնը, իսկ այսօր, ինչո՞ւ ձեւով մը մեկուսացած ենք ու նախանձով կը դիտենք իրար ձեռք բռնած Պաքուն, Թիֆլիսն ու Անքարան, կամ Թեհրանը, Պաքուն ու Ռուսիան…
Երկիրներ եւ պետութիւններ փոխադարձ շահերու վրայ կը հիմնեն իրենց բարեկամութիւնը, երբ իւրաքանչիւրը միւսին, կամ միւսներուն տալիք մը ունի իր ստանալիքին փոխարէն, այդ ըլլայ զինուորական, հակաահաբեկչական, տնտեսական կամ այլ բնագաւառներու մէջ:
Մենք ի՞նչ ունինք տալիք, երբ շատ բան ունինք առնելիք: Որեւէ պետութիւն մեր սեւ աչքերուն համար մեզի հետ դաշինք չի կնքեր. երբ իրմէ բան մը կ՛ակնկալենք, փոխադարձաբար բան մը տալու ենք: Բայց ի՞նչ: Ոչ նաֆթ ունինք, ոչ դրամ, ոչ հսկայ բանակ , զէնք ու զրահ, ոչ ալ ճարպիկ քաղաքականութիւն… Ինչպէ՞ս համաձայնութիւն պիտի կնքենք:
Բարեկամ շահելու մէջ բաւական տկար ենք, բան մը որ կը փաստէ թէ քաղաքականութեան մէջ ալ տկար ենք: Մեզի համար թշնամին թշնամի է, եթէ նոյնիսկ հրեշտակի վերափոխուի, հաստատ ենք մեր սկզբունքներուն վրայ, զիջումը տկարութիւն եւ նուաստացում կը նկատենք, արժանապատուութեան հարցի կը վերածենք ամէն ինչ: Մենք մէկ ուղղութիւնով կը շարունակենք քալել, մինչ աշխարհը անդադար ուղղութիւններ կը փոխէ ամէն օր:
Նայեցէք ձեր շուրջը, տակաւին կը շարունակուի սուրիական պատերազմը, տեսէք թէ մասնակից պետութիւնները քանի՞ անգամ թշնամի ու բարեկամ փոխեցին, շապիկ փոխելու պէս: Երէկուան թշնամիները յանկարծ բարեկամներ կը դառնան, հասարակաց շահը գերադասելով ամէն տեսակի առաքինութենէ: Քաղաքականութեան մէջ առաքինութիւն մի՛ փնտռեր, այլ միայն շահ, չէ՞ որ ըսուած էՙ չկան մնայուն բարեկամներ ու թշնամիներ, կան մնայուն շահեր:
Սակայն, երեւի ասիկա մեր նկարագրին հետ խորթ կ՛ընթանայ, եւ մենք կը շարունակենք մեր երգը երգել: