Երբ մեր պատմութեան գիրքերուն կը վերադառնանք, ընդհանրապէս ազգային-քաղաքական- մշակութային լուրերու էջերէն դրուագները քաղելու եւ անոնցմով ուրախանալու եւ հպարտանալու համար, կը մոռնանք կարեւոր էջ մը՝ մեր հին հայ վաճառականներուն իրագործումներուն փայլուն էջը:
Հայերը բոլոր դարերուն ալ վաճառականութիւն ըրած են, սակայն Կիլիկյան թագավորության ժամանակաշրջանին և ապա 16-18-րդ դարերուն նշանակալից դարձաւ անոնց ընդարձակ գործունէութիւնը Արեւելքէն-Արեւմուտք եւ հակառակ ուղղութեամբ: Խօսքը սովորական առեւտուրի մասին չէ, խօսքը շատ հմտօրէն կազմակերպուած վաճառականութեան մասին է, ուր ստեղծագործ միտքը եւ նախաձեռնողական ոգին ու խիզախութիւնը, միացած դրամին, առեւտրական «կայսրութեամբ» մը շատ մը երկիրներու եւ առեւտրական ցանցերու մարտահրաւէր կարդացած է:
Հայ վաճառականները գիտէին, թէ ինչե՞ր չկան որոշ երկիրներու մէջ եւ ո՞ր երկիրները հարուստ են անոնց չունեցածներով, ապա ուրեմն ունեցողէն առին եւ չունեցողին տարին, յատկապէս թանկագին քարեր, համեմունքներ, կերպասեղէն եւ բազմաթիւ այլ ապրանքներ:
Օսմանեան եւ Պարսկական երկու կայսրութիւններու հետ լրիւ համակեցութիւն ապահովելէ ետք վաճառականներու դասին ոյժն ու հարստութիւնը աճեցաւ, երբ ազնուականութիւնը, որ իշխող դասն էր հայութեան մէջ, սկսած էր անկում ապրիլ: Հետեւաբար, շատ մը կարող հայեր վաճառական դարձան, քանի առեւտուրը ամենագործնական միջոցն էր երեւելի դիրք մը գրաւելու ընկերութեան մէջ:
Անոնք շատ մը կարեւոր կեդրոններ ունէին, ինչպէս Վենետիկ, Մարսիլիա, Ամսթերտամ, Համատան, Մատրաս, Մանիլա եւ այլն, բայց այդ առեւտրական ցանցին կեդրոնը Նոր Ջուղան էր Պարսկաստանի մէջ, իսկ անկէ առաջ` Հին Ջուղան` Հայաստան:
ԺԷ եւ ԺԸ դարերուն Հայերը կրցան իրենց հսկողութեան տակ առնել Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ առեւտուրին մեծ մասը, նուազագոյնը այնքան մեծ, որքան ամենայաջողակները` Լոնտոնի եւ Ամսթերտամի:
Նշանաւոր վաճառական մը՝ Յովհաննէս Տէր Դաւթեան, Նոր Ջուղայէն, 1662-էն 1693-ի միջեւ քանի մը ճամբորդութիւններ կատարած է Հնդկաստան եւ Թիպէթ, ճամբուն վրայ ահագին նօթեր առնելով, որոնք այսօր պատմական եւ մշակութային բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն: Հայ վաճառականը աւանդաբար դիւանագիտութիւնն ու մշակոյթը, ժառանգած է իր հօրմէն, ապա՝ փոխանցած իր զաւկին: Առաւել՝ Հայ վաճառականներուն իւրայատուկ մէկ գործօնը, անկասկած անոնց հանդէպ վստահութիւնն էր, անոնց կարողութիւնը` վստահութիւն ներշնչելու իրենց առեւտուրի գործակիցներուն:
Պէտք էր նաւային ուղիներ աւելցնէին աւանդական ցամաքի կարաւանով ճամբորդութիւններուն վրայ, և Հնդկաստանի հայ վաճառականները, որոնք գլխաւորապէս Նոր Ջուղայէն էին, ստեղծեցին առեւտրական ընդարձակ ցանց մը Հնդկաստանի, Պուրմայի, Սինկափուրի, Ֆիլիփինեան կղզիներու եւ Չինաստանի մէջ եւ համեմունքներու, հիւսուածեղէնի եւ նոյնիսկ օփիումի առեւտուր ըրին:
Սակայն, ամենահետաքրքրականը անոնց թեքումն էր դէպի Ռուսիա, Պարսկական եւ Թրքական համագործակցութեան կողքին, քանի որ Ռուսիայէն կրնային շատ աւելի օգտուիլ, կը մնար ցարին հաւանութիւնը առնել: Ապա ուրեմն 1659-ին Ռուսիոյ Ալեքսէյ կայսրին հետ տեսակցութիւն մը ունենալու խնդրանքին միացուցին աննախադէպ նուէր մը. Հայ մեծահարուստ վաճառականները գահ մը պատրաստեցին եւ զայն զարդարեցին թանկարժէք քարերով (897 ալմաստ, 1298 մարգարիտ, 1830 փիրուզ եւ այլն ) եւ շատ ուրիշ նուէրներ: (Գահը՝ այժմ կը գտնուի Քրեմլի թանգարանին մէջ): Կայսրը հայ վաճառականներուն խնդրանքին դրական պատասխան տալու կողքին` անոնց բացառիկ արտօնութիւններ եւ դիւրութիւններ շնորհեց: Խելացի էին մեր վաճառականները, որոնք Չելեպի, Խոճա, նոյնիսկ Ամիրա կը կոչուէին: Անցած դարերու մեր հայ վաճառականները մեծ վարկ բերին հայ ազգին:
Սակայն, ի՞նչ մնաց անոնցմէ. ո՞ւր գացին անոնց հսկայ հարստութիւնները: Կը հպարտանանք ու կ՛ափսոսանք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ