ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ
Խորապէս յարգելի եւ շատ սիրելի հայաստանցի բարեկամուհիս, արդէն վաղուց թոշակի անցած, վերջերս ինծի երեք ծրար թերթ տուաւ ըսելովՙ «Դուն կրնաս ասոնցմէ օգտուիլ»:
Իրապէս ալ մեծ հաճոյքով սկսայ նայիլ «Յառաջ»ի եւ «Գրական թերթ»ի համարները, որոնք մեծ մասն էին այդ ծրարներուն:
Թերթերուն վրայ նշումներ կային, թուականներ, ընդգծումներ: Ոչ միայն ընթերցուած, այլ նաեւ մտածուած յօդուածներ էին ձեռքիս մէջ:
Դիտելով այս բոլորը, մարդ կը մղուի մտածելու, որ նման խորունկ ընթերցումներով եւ դիտողութիւններով մեր գոնէ՛ գրական հարցերը անպայման որ լուծումներ ունեցած պիտի ըլլային:
Զուգահեռաբարՙ սփիւռքեան մեր մամուլը եւս նոյնքան սրտցաւ է եւ ունի եթէ ոչ նոյնքան, ապա փոքր թիւ մը սրտցաւ ընթերցողներու, որոնք երբեմն նաեւ լուծումներ կ՛առաջարկեն:
Բոլորս ալ գիտենք սակայն, որ ոչ մէկ հարց, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, մանաւանդ լեզուին առնչուած հարցերը, գտած են իրենց լուծումները:
Այն օրէն, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը «վտանգուած» լեզու յայտարարեց, այդ օրէն բազմաթիւ յօդուածներ եւ աւելի լուծումներ առաջարկուած են մամուլով: Սակայն հարցը կը շարունակէ մնալ հարց. Սփիւռքի ոչ մէկ գաղութ լրիւ հայախօս է, Սփիւռքի ո՛չ մէկ դպրոց գոհ է իր աշակերտներուն մայրենիին վիճակէն, հայերէնաւանդ ո՛չ մէկ ուսուցիչ ունի գոհունակութիւնը տեսնելու արեւմտահայերէնի ծաղկումը իր աշակերտներուն լեզուին վրայ:
Սփիւռքեան քանի մը միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ լծուած են տարբեր ծրագիրներու իրագործումին: Զարմանալիօրէն սակայն, հակառակ այդ ծրագիրներուն, արեւմտահայերէնի վիճակին բարելաւման նշոյլն իսկ չկայ: Ինչ որ կայ կարգ մը գաղութներու մէջ, փոքր արդիւնքներ են, որոնց թափը խոտոր կը համեմատի ուծացումի թափին:
Ուծացում, որովհետեւ հարցը միայն ու միայն լեզուի հարցը չէ, այլ այն բոլորին, զորս լեզուն իր վրայ կը կրէ. լեզուի կորուստի պարագային, անոնք եւս կը կորսուինՙ լեզուամտածողութիւն, աւանդութիւններ, բարքեր եւ մնացեալը:
Տարօրինակ չէ լեզուի եւ ոգիի խորունկ առնչութիւնը: Զարմանալին այն է, որ առաջարկուած ծրագիրներուն մէջ մի՛շտ ալ լեզուն է առաջնահերթը, քան ոգին, մինչ այս երկուքը իրարու հետ հայկական զուգապար պէտք է պարէին նոր սերունդին հոգեմտաւոր կեանքին մէջ:
Այս բոլորը կը գրուին սակայն այլ մտահոգութեամբ. ո՞ւր է այն վայրը, որ ոչ միայն պիտի պարփակէ հարցերը, այլ նաեւ լուծումներ առաջարկէ:
Կար ժամանակ, որ մամուլը հարցերը կը ներկայացնէր եւ անոնց կողքին կամ անոնցմէ քիչ ետքՙ պատասխան-լուծումներ կու տար (նոյն կամ տարբեր գրիչով):
Այսօր երբ հարցերը կը ներկայացուին մամուին մէջ, սպասելի թիւով ընթերցողներ չեն ունենար, որոնք կարենային ընդհանուր եւ իր ազդեցութիւնը ունեցող կարծիք ձեւաւորել. յետոյՙ այդ ընթերցողները – որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը գրագէտները իրենք են – լուծումներ չեն առաջարկեր: Ընդհանուր անտարբերութիւն մը կայ, կամՙ յուսահատութիւն մը, թէ ի՛նչ ալ որ գրուի, ի՛նչ լուծումներ ալ որ առաջարկուին, կա՛մ պիտի չիրագործուին, կամ, իրագործուելու պարագային, արդիւնք պիտի չունենան:
Հետեւաբար խնդիրը հետեւեալն է.
Ա. Ինչո՞ւ գրել մամուլին մէջ, երբ արծարծուած հարցերը ոչ մէկ լուծում պիտի գտնեն:
Բ. Ուրեմնՙ ո՞ւր գրել, լուծումներ ունենալու համար:
Գ. Եթէ մամուլը չէ միջոցը մեր հարցերուն լուծումներ գտնելու, ուրեմն ի՞նչ է այդ միջոցը:
Այս վերջին հարցումին շատեր կրնան պատասխանելՙ ընկերային ցանցերը (social media): Բայց իրապէ՞ս այդ ցանցերը ձեռնարկներու հրաւէրներ տարածելէ անդին կրնան դեր մը ունենալ մեր բարձրացուցած հարցերուն մէջ, որովհետեւ ուզենք թէ ոչ, անոնք քիչ մըն ալ (թերեւս ալՙ շատ) ժամանցային-բամբասանքային-զուարճանքային իրավիճակ կը պարզեն:
Կարծես լուծում չգտնող հարցերէն մէկը, որ կրնայ ա՛յս պարագային գլխաւոր հարցը դառնալ, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու խնդիրն է, որ քանի մը շերտեր ունի.
Ա. Անոնց անբաւարար թիւը:
Ո՛չ մէկ դպրոց Սփիւռքի տարածքին, որքան գիտեմ, ճիգ կը թափէ իր հայերէնի մէջ շատ լաւ աշակերտները գրաւելու, անոնց համալսարանական ծախսերը հոգալու եւ զիրենք որպէս հայերէնաւանդ դասատուներ պատրաստելու համար:
Կարգ մը պատասխանատուներ, որոնք համոզուած են, թէ «հայկական բոլոր վարժարանները պէտք է փակել, անոնք ա՛լ ընելիք չունին», անշուշտ համոզուած են նաեւ, որ հայերէնաւանդ դասատուներու կարիքն ալ չունինք հետեւաբար:
Բ. Հայերէնաւանդ դասատուներ պահելու անկարողութիւնը.
Այսքան պարզ հարց մը կարծես թէ հարց իսկ պէտք չէ ըլլայ, բայց է՛, որովհետեւ փոխանակ այդ դասատուներուն անհրաժեշտոււթիւնը նկատի առնելու, պատասխանատու կողմերը նիւթական հարցեր մէջտեղ կը դնեն եւ նուազագոյնով, երբեմն ալ «ազգասիրական» քարոզներով կ՛ուզեն պահել զիրենք: Մինչդեռ բոլորս ալ գիտենք, թէ այսօր ի՜նչ տաժանակիիր աշխատանք է սփիւռքի տարածքին հայերէն դասաւանդելը:
Գ. Հայերէնաւանդ վաստակաւոր ուսուցիչներ դպրոցներէն դուրս դնելը.
Թէեւ ոչ յաճախ, բայց արդէն համաճարակի վիճակ ստացած երեւոյթ դարձեր է ասիկա Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար, Պոլիսէն Լոս Անճելըս, Լաթաքիա, Պէյրութ կամ Գահիրէ:
Երբ դասատու մը կրնայ իրապէ՛ս աշակերտներուն ոգին շարժել եւ մղել զիրենք ոչ միայն լեզուն, այլեւ շատ աւելին իւրացնելու, յանկարծ կը լսենք, թէ ամենէն անհեթեթ պատճառին համար ան դուրս դրուած է վարժարանէն: Ինչո՞ւ: Պատասխանատուները ոչ իսկ կը զիջին պատասխանել այս հարցումին:
Ահա՛ մեր էական հարցերէն մէկը, զոր մամուլին էջերէն կը բարձրացնեմ: Այս յօդուածը նման խնդիրի մը անդրադարձող առաջին գրութիւնը չէ անշուշտ, բայց թերեւս առաջինն է, որ մարտահրաւէր կը կարդայ զայն լուծելու համար, անով մամուլին այսօրուան դերը յստակացնելու եւ հաստատելու անհրաժեշտութեամբ:
Ո՞վ պիտի ուզէ պատասխան տալ: