Տարիներ առաջ, Հալէպի մէջ, Հայաստանէն «գնուած» վկայական մը տեսնելով արաբ անձի մը մօտ, զարմացայ ու չհաւատացի տեսածիս, անմիջապէս գրաւոր արձագանգեցի, որը այդ օրերուն տպուեցաւ «Ազգ»-ի մէջ եւ անշուշտ ունեցաւ իր անդրադարձը, յատկապէս այն հաստատութեան կողմէ, որուն անունը կապուած էր վերոյիշեալ զեղծարարութեան հետ:
Ասկէ շաբաթ մը առաջ Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն լրատուութիւն մը կը հաղորդէր, որ Իսրայէլի մէջ 40 արաբ բժիշկներ ձերբակալուած են, որովհետեւ անոնց մօտ գտնուած են կեղծուած վկայականներ, որոնք հայաստանեան երեք համալսարաններէ կու գանՙ Հայբուսակ, Մխիթար Գոշ եւ Մայր Թերեզա:
Երբ ականջալուր եղայ այս լուրին, լրջօրէն ցնցուեցայ, որովհետեւ Իսրայէլի պատկան մարմինները ոչ միայն կը դատապարտեն այս յանցագործութիւնը, այլեւ կը թելադրեն իրենց քաղաքացիներուն Հայաստանի մէջ բժշկութիւն չուսանիլ…
Պատկերացուցէք ունկնդիր մը, կամ ոեւէ օտար մը լսելով այս լուրը, ի՞նչ կարծիք պիտի կազմէ հայաստանեան բուհերուն մասին, ի մասնաւորիՙ բժշկական համալսարաններուն, երբ պետութիւն մը պաշտօնապէս այսպիսի տխուր յայտարարութիւն կ՛ընէ, վարկաբեկելով հայաստանեան կրթական համակարգը:
Երբ երեք համալսարանի անուն կը յիշուի, արգելքը, կամ անվստահութիւնը միայն անոնց վրայ չի տարածուիր, այլեւ ընդհանուրին, որուն զոհ կ՛երթայ նաեւ Հայաստանի Պետական Բժշկական համալսարանը, ուրկէ ինչպիսի կարող ու անուանի բժիշկներ շրջանաւարտ եղած ու վկայուած են ցարդ:
Անշուշտ վերոյիշեալ հաստատութիւնները հերքած են իրենց դէմ եղած մեղադրանքը: Չեմ գիտեր թէ իսկապէ՞ս այդ հաստատութիւնները յանցաւոր են, թէ՞ անհատ զեղծարարներ կարողացած են համակարգիչի ընձեռած դիւրութիւնները օգտագործելով վկայականներ կեղծել: Ներկայ ճարտարագիտական նուաճումները իրենց հսկայական օգտակարութեանց կողքին, նաեւ, ակամայ, առիթ կու տան կեղծարարութեանց:
Հայաստանի պատկան մարմիններու անդրադարձը ի՞նչ եղած է տուեալ ամբաստանութեան կամ մեղադրանքին որպէս պատասխան, չեմ լսած, սակայն, ինչ ալ ըլլայ, վերոյիշեալ հաստատութիւններուն անունները արատաւորուեցան, որուն պատճառով արատաւորուեցաւ նաեւ Հայաստանի՛ անունը:
Մենք միշտ կը սիրենք գովել մենքզմեզ: Սակայն ո՞վ չի սիրեր մեր յաջողութիւններով ու նուաճումներով հպարտանալ, այդ մեր իրաւունքն է, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ լրջօրէն անդրադառնալ մեր թերութիւններուն, մեր ժխտական կողմերուն եւ փորձել սրբագրել զանոնք:
Ատենը անգամ մը կը լսենք Թուրքիոյ, եւրոպական, կամ ամերիկեան որոշ քաղաքներու մէջ ոճրային արարքներու, կամ քրէական յանցագործութիւններու որպէս կազմակերպիչ, կամ մեղսակից հայերու անուններ: Օտար դատարաններն ու բանտերը յաճախ հայ «այցելուներ» կ՛ունենան, որոնք ինչ-որ չափով կը մթագնեն այն պայծառ պատկերը, զոր մեր անուանի արուեստագէտները, գիտնականներն ու մարզիկները նուաճած են:
Կեղծարարութիւն ամէն տեղ կ՛ըլլայ, սակայն կեղծել բան մը, որ կրնայ ողբերգական հետեւանք ունենալ, այս պարագայինՙ բժշկական վկայականներ, որոնց տէրերը, անուս, կամ թերաւարտ, հիւանդները բժշկելու փոխարէն պիտի վնասեն անոնց, կամ անոնց մահուան պատճառ պիտի դառնան, աններելի յանցագործութիւն է, ոճի՛ր:
Ապօրինի հարստութիւն դիզելու մոլուցքին մէջ յանցագործները կը մոռնան, որ դրամէն աւելի կարեւոր բան մը կայ, որ ոտնակոխ կ՛ըլլայՙ ՄԱՐԴ ըլլալու առաքինութիւնը: