Այս օրերուն, երկրի եւ արտերկրի հայութեան, քիչ թէ շատ ներկայ քաղաքականութեան հարցերով մտահոգ ու տագնապող զանգուածի մը կիզակէտը դարձած է կարգ մը նախարարութեանց լուծարման, կամ զանոնք ուրիշ նախարարութիւններու ածանցելու հարցը: Վերջնական որոշում դեռ չկայացած, թեր ու դէմ կարծիքներու խաչաձեւում մը կը պղտորէ վերջերս որոշ բարելաւում տեսած տրամադրութիւնները:
Կը խօսուի հինգ նախարարութեանց մասին, սակայն, ամենաշատը նիւթ կը դառնան Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւնները: Հայը չի կրնար ըմբռնել, որ ազգի մը ամենագլխաւոր արժանիքը համարուող հայկական մշակոյթը պիտի չունենայ իր առանձին նախարարութիւնը: Պատկան մարմինները ունին լուսաբանող պատասխաններ, սակայն անոնք հեռու են մարդիկը համոզելէ:
Ես, որպէս սփիւռքահայ, մշակոյթի հարցը ձգելով իր մասնագէտներուն, պիտի խօսիմ Սփիւռքի նախարարութեան մասին, որը, նախորդ իշխանութեան քննադատելի շատ մը հարցերու կողքին, դրական քայլ էր, որ առնուեցաւ, ի մեծ ուրախութիւն սփիւռքահայութեան, որ հայրենիքի մէջ զինք ներկայացնող, իր բազում հարցերով զբաղուող եւ օժանդակող մարմին մը ունեցաւ:
Թէ անցնող տասը տարիներուն նորաստեղծ այս նախարարութիւնը կարողացա՞ւ ինքզինք արդարացնել, ասիկա վիճելի հարց է:
Պարզ է որ, որեւէ նորաստեղծ հիմնարկ փորձի շրջան ունենայ, երբեմն յաջողի իր նպատակը իրագործելու, երբեմն ձախողի, մինչեւ որ կայանայ: Որքան ալ որ բացայայտ, թէ քօղարկուած քննադատութիւններ լսուեցան այս նախարարութեան հասցէին, սփիւռքը դրական վերաբերմունք ունեցաւ անոր հանդէպ եւ ամէն գաղութ որ այցելեց նախարարը, յարգանքով ընդունուեցաւ: (Այս ալ սփիւռքի զգացական տկարութիւնը եղած է Հայաստանէն ժամանողներուն հանդէպ, պետական անձնաւորութիւններ ըլլան անոնք, թէ քիչ թե շատ հայտնի մարդիկ:
Թէեւ, շատերու կարծիքով, նախարարութիւնը պէտք է ընդգրկէր նաեւ նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներու հայագաղութներն ու իրանահայութիւնն ալ, սակայն, այցելութիւնները որ եղան նախարարուհիին կողմէ, թիրախ ունեցան Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններըՙ ԱՄՆ, Եւրոպա, Միջին Արեւելք, որոնց ղեկավարութեանց հետ քննարկուեցան երկկողմանի հարցեր, որոնց մէկ փոքր մասը եթէ իրականացաւ, մեծ մասը մնաց ապագային իրականանալի:
Փոխադարձ այցելութիւններ ալ եղան հակառակ ուղղութեամբՙ արտերկրէն Հայաստան, երբ սփիւռքի զանազան կազմակերպութեանց պատասխանատուներ այցելեցին նախարարութիւն եւ անձնակազմին հետ ունեցան հանդիպում եւ քննարկուեցան հարցեր:
«Արի տուն» ծրագիրը իր բարերար ազդդեցութիւնը ունեցաւ, սփիւռքահայ պատանիներուն առջեւ հայրենիքի գանձերը բանալու եւ իրենց մէջ հայ ըլլալու հպարտութիւնը արթնցնելու:
Տարիներ առաջ սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքահայ գրողներու գործերով տարեգիրք մը հրատարակեց, «Գրական Սփիւռք» անուանեալ, որ սակայն երկու թիւ ետք շարունակութիւն չունեցաւ: Չեմ գիտեր ինչու դադրեցաւ, սակայն գիտեմ, որ հրատարակուած երկու թիւերն ալ ահաւոր սխալներով լեցուն էին, յատկապէս արեւմտահայերէն լեզուի եւ ուղղագրութեան պարագային: Պարզ է, որ սփիւռքահայ գրականութիւնը արեւմտահայերէն պիտի ըլլար, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, բացի կարգ մը արտասահման հաստատուած հայաստանցիներու գրածներէն, սակայն տարեգիրքին մէջ յիշուած խմբագրական կազմին մէջ երեւի մեր դասական ուղղագրութեան գիտակ մէկը չկար որ սրբագրէր, եթէ անշուշտ այդ անուանց տէրերը իսկապէս մասնակցած են խմբագրական եւ վերստուգումի գործին…
Սփիւռքահայ դպրոցներուն համար դասագիրքեր պատրաստելու ծրագիրը բախեցաւ սփիւռքի մերժումինՙ «Մեր դասագիրքերը, մենք կը պատրաստենք»… (Ինչպէս տարեգիրքին ետեւ, այդպէս ալ այս ծրագրին ետեւ չարաշահութեան մը կասկածը մթագնեց օգտակար ըլլալու կոչուած ծրագիրը:
Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը տարածուեցաւ նաեւ սուրիահայ ապաստանեալներու վրայ, որոնց կարգ մը պարագաներու նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ հիւանդանոցային վիրահատութեանց եւ բուժման պարագաներուն, նաեւ որոշ օժանդակութիւն տրուեցաւ կարգ մը բնակարանային եւ աշխատանքային ոլորտներուն մէջ անօգնական մարդոց եւ ընտանիքներու:
Հայաստան ապաստանած սուրիահայը, ի վերուստ, այնքան կապուած ըլլալով հայրենիքին, ինքզինք որպէս հարազատի, շատ աւելին կ՛ակնկալէր պետութենէն, կամ նախարարութենէն, առանց նկատի առնելու անոնց օրինական եւ բարեգործական կարողութեանց սահմանները:
Առանց շատ օրինակներու դիմելու, բաւարարուելով վերոյիշեալներով, ըսել ուզեցի, որ նախարարութիւնը ունեցաւ իր տասնամեայ փորձի շրջանը, կարգ մը յաջող եւ կարգ մըն ալ անյաջող ձեռնարկներով: Անշուշտ տասը տարին շատ է որպէս փորձի շրջան, սակայն անոր գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն մը կը նկատուի Սփիւռքին կողմէ, միշտ հաւատալով որ ան ձեւով մը պիտի դառնայ Սփիւռքի դեսպանութիւնը հայրենիքի մէջ, մասնաւորաբար, երբ նախարարութիւնը պատուաստուի սփիւռքահայ աշխատակազմով ալ:
Այս բոլորէն անջատ, եթէ նախարարութեանց լուծարման պատճառաբանութիւնը անոնց մեծաթիւ պաշտօնեաներուն յատկացուած աշխատավարձերը խնայելն է, այստեղ նոր հարցի մը առջեւ պիտի կանգնի պետութիւնը. ո՞ւր պիտի երթան այդ մարդիկը, ի՞նչ պիտի աշխատին, ինչպէ՞ս պիտի ապրին:
Նոր կառավարութիւնը տակաւին «պաշտօնակատարային» վիճակի մէջ է, դեռ վերջնականապէս չէ ձեւաւորուած, սակայն, արդէն կարգ մը շատ լուրջ հարցեր սկսած են անհամբերութեամբ մէջտեղ նետուիլ:
Նոր տարուան սեմին այսքան «նուէր» պիտի կրնա՞յ տանիլ ժողովուրդը: Յուսանք եւ սպասենք: