Շաբաթ, 25 Հուլիս, 2026

2022 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՏՈՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

  • Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան Հիմնադրամ»ի Տնօրէն Խորհուրդը յայտարարեց անունները 2022 տարեշրջանի համար կրթաթոշակի արժանացած համալսարանականներուն:

Այսպէս՝ 

Minnesota Twin Cities համալսարան յաճախող քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին հետեւող Դաւիթ Ազիզեանին (ծնած Ծովաբեր գիւղ, Հայաստան) եւ 

University of Maryland համալսարանը յաճախող միջազգային օրէնսդրութեան ճիւղին հետեւող  Անի Մկրտչեանին (ծնած Երեւան):

​Հանրայայտ լրագրող եւ խմբագիր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան կը  մահանայ Նոյեմբեր 23 2016 ին: Ան իր թողօնը կը յանձնէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ի յիշատակ ողբացեալին կը հաստատէ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը «Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան» անունով:  Նմանապէս այս տարի լոյս ընծայեց բարերարին հրապարակագրական գործերէն ծաղկաքաղ հատոր մը՝ «ՌԱԿի Անխոնջ Խմբագրապետ»ը, թողելով մնայուն արժէք մը լրագրական կեանքէն ներս, խմբագրութեամբ՝ Յակոբ Վարդիվառեանի:

​Այս տարի հինգերորդ տարին է որ կը շնորհուի կրթաթոշակ միջազգային իրաւաբանութեան եւ քաղաքականութեան հետեւող հայ համալսարանական ուսանողներու:

​2023 թուականի թեկնածուներ կրնան կապ հաստատել ԹՄՄի Տնօրէն Խորհուրդին հետ կապուելով 

TCADirector@aol.com