Տարօրինակ քաղաք մըն է Հալէպը. աւելի տարօրինակ է՝ հալէպահայ գաղութը. ոչ միայն տարօրինակ, այլ նաեւ զարմանալի, ոչ մէկ տրամաբանութեամբ շարժող, ոչ մէկ բնութեան օրէնքի ենթարկուող, ոչ մէկ սպառնալիքէ վախցող…
Ահա՛ արդէն պատերազմի տասնամեակն ալ մօտալուտ է. քառասուն հազարնոց գաղութէն տասը հազար իսկ չէ մնացած, բայց մնացողները ինչ պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն, արդէն բոլորին ծանօթ է, սակայն առասպելական ըլլալու չափ՝ անհաւատալի:
Պատկերացուցէք, օրուան մէջ քանի մը ժամ միայն ելեկտրականութեամբ եւ բաւական սուղ վճարումով քանի մը «ամբէրներով» լոյս ունենալ, հեռատեսիլ եւ համացանց ունենալ, լուացք ու արդուկ ընել, շաբաթներ հերթագրուելով պիւթակազի տակառիկ ձեռք անցընել ու ճաշ եփել, երբեմն հազուադէպօրէն ճաշին մէջ միս ունենալ, ընդհանրապէս նոր հագուստ, կօշիկ ու պայուսակ չգնել ու հիներով բաւարարուիլ, սակայն միշտ կոկիկ հագուածքով դուրս ելլել, բերնէն կտրել, բայց միշտ երեխաները մաքուր ու կոկիկ տարազով դպրոց ուղարկել, կնունք, նշանտուք ու հարսնիք ընել, ու… ու այս բոլորով հանդերձ, ետ չմնալ ազգային- մշակութային ձեռնարկներէն:
Կարծես այս դժնդակ պայմաններուն դէմ դնելու համար, չընկրկելու համար, չլճանալու համար, հալէպահայերը որոշած են յամառօրէն կառչիլ կեանքին ու պայքարիլ, եթէ ոչ դրամի զէնքով, գոնէ ազգային-հասարակական-մշակութային ձեռնարկներով եւ միջոցով: Հայերուն յամառութիւնը հասած է այնտեղ, ուր պետութիւնն անգամ զարմանքով, բայց յարգանքով սկսած է նայիլ սուրիական բազմազգեան խճանկարին մէկ կարեւոր դրուագը կազմող այս համայնքին: Համայնք մը, որ ամբողջ տասը տարի բնաւ ձեռք չէ բացած պետութեան առջեւ՝ նիւթական օգնութիւն խնդրելով, այլ, փառք ու պատիւ մեր աշխարհատարած սփիւռքին ու Հայաստանին, որոնցմէ հասած օգնութիւնը բաշխուած է ոչ միայն հայերուն, երբեմն նաեւ տեղացի կարիքաւորնրուն ալ: Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, որ պատերազմը այսքան երկար պիտի տեւէ: Միջազգային բարեսիրական կարգ մը կազմակերպութիւններ արդէն փակած են իրենց դռները: Տոլարը գլուխը առեր կ՛երթայ, 50 ոսկի արժող տոլարը այսօր 4500 դարձեր է, այսինքն՝ 90 անգամ, 90 պատիկ. նոյնիսկ այդ մասին մտածելը փշաքաղութիւն կը պատճառէ:
Ահա՛, հոս է անհաւատալին. Այս բոլորով հանդերձ, անցնող ամրան հալէպահայ կազմակերպութիւններ Քեսապին նոր կեանք տուին իրենց բազմանդամ բանակումներով, փողերախումբի ընկերակցութեամբ, տողանցքներով ու խարուկահանդէսներով: Աստուածածնայ տօնին առթիւ տօնակատարութիւն ու խաղողօրհնէք. որոնց զուգահեռ ուսանողական- թատերական եւ այլ հաւաքներ կազմակերպեցին: Իսկ ամենահերոսականը՝ ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբին «Ծիծաղի երեկոն» էր Քեսապի մէջ, ուր ծանուցուածին պէս ներկաները երկու ժամ խնդացեր են…
Յայտարարուած էր, որ թատերախումբին յաջորդ ելոյթները տեղի պիտի ունենան Հալէպի մէջ, սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին. ու ելոյթներուն քանի մը օր մնացած, յանկարծ՝ ծանուցում մը, որ արդէն երկու օրերու տոմսերը լրիւ սպառած են:
Մարդու հաւատալիքը չի գար. ներկայացումներէն երկու օր ետք դպրոցներու վերամուտն է, վրայ-գլուխ, կօշիկ-պայուսակ, գիրք, տետրակ, գրենական պիտոյք… Աստուած իմ, ինչպէ՞ս կը հասցնէք այս բոլորը գլուխ հանել. Զարմանալի, անհաւատալի: Սակայն եւ այնպէս, ամէն ինչը մէկ կողմ, բարձր տրամադրութիւն ունենալը՝ միւս կողմ: Որքան ծիծաղի կարիք ունի հալէպցին, տառապակոծ այս քաղաքը որքան հոգեկան խաղաղութեան պէտք ունի: Ծիծաղը, լիահագագ, անբռնազբօս, մանկան անմեղութեամբ…
«Տոմսերը սպառած են»… Ի՜նչ երանելի արտայայտութիւն: Խնդա՛ Հալէպ, խնդա՛, դուն խնդալով պիտի յաղթես:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ