Սուրիական Իտլիպը դարձեալ զինեալ բախումներու թատերաբեմ դարձած է: Սուրիական բանակը կը փորձէ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ գործող ահաբեկիչներու այդ որջը ազատագրել, իսկ Էրտողանը դժգոհ է եւ կը թելադրէ, որ սուրիական բանակը չփորձէ մօտենալ թրքական դիրքերուն:
Կրնաք պատկերացնել պարզուած պատկերին ողբերգականօրէն ծիծաղելիութիւնը. Թուրքիան իրաւունք ունի գերիշխան պետութեան մը սահմաններէն ներս տարածքներ գրաւել, իսկ Սուրիան իրաւունք չունի իր գրաւեալ տարածքները ազատագրել…
Վերջերս յիշեալ շրջանին մէջ մղուող կռիւներուն ընթացքին սուրիական բանակը զոհեր տուաւ, որոնց մէջ էր հալէպահայ զինծառայող մըՙ սուրիահայ նահատակներուն շարքին նոր անուն մը աւելցնելով: Կը մտածեմ. արդեօք թրքական բանակին մէջ ալ թրքահայ զինուորներ չկա՞ն. կա՛ն անշուշտ, այդ երկու հայերը կրնա՞ն պատկերացնել, որ ճակատագիրը զիրենք կրնայ դէմ դիմաց հանել, ու երկու հայերէն մին կրնայ զոհուիլ միւսին գնդակով:
Չզարմանաք, այսպիսի բան պատահած է Իրան-Իրաք պատերազմին, ուր հայ զինուոր մը ինկած է ուրիշ հայու մը արձակած փամփուշտէն… Ասիկա այդ օրերուն նիւթ դարձած էր գրողի մը պատմուածքին: Ըստ այդ օրերուն տարածուած տեղեկութիւններունՙ իրաքահայը մահացած վայրկեանին հայերէն բառեր արտասաներ է, երբ իրանահայը լսեր է ու անդրադարձեր, որ հայ մը սպանեց, խելագարուեր է: Չեմ գիտեր թէ իրականութի՞ւն է ասիկա, թէ՞ գրական չափազանցութիւն, սակայն, երբեք ալ անկարելի չէ ու այդպիսի բան կրնա՛յ պատահիլ:
Մեր աշխարհատարած իրավիճակը, որքան որ իր դրական կամ ժխտական կողմերը ունի, որոնց յաճախ անդրադարձած են շատեր, արդեօք անոնց միտքէն անցա՞ծ է այս պարագան: Պարզ է, որ մեր ապրած երկիրներու օրէնքներուն ենթարկուելով, որպէս հաւասար քաղաքացիներ, զինակոչի ենթարկուին մեր երիտասարդները, իսկ պատերազմի պարագային տեղացիին հետ հաւասարէ հաւասար ճակատ մեկնին ու մասնակցին «հայրենիքի» պաշտպանութեան:
Այստեղ արդէն անձնական նախասիրութեանց հարց չկայ, օրէնքն ու պարտադրանքը բոլորինն են: Ուրիշ բան է քաղաքացիական պատերազմը, ուր օրէնքի ենթարկուելու հարց չկայ, կրնաս մասնակցիլ, կամ չմասնակցիլ ու չէզոք դիրք բռնել, ինչպէս պատահեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական տասնհինգամեայ պատերազմի ընթացքին, երբ հայերը խելացի գտնուեցան եւ չեզոք դիրք բռնելովՙ ձեռնպահ մնացին ու նուազագոյն մարդկային վնասով դուրս եկան պատերազմէն:
Օրինական բանակը ուրիշ բան է, զինծառայութեան տարիքդ հասա՞ւ, պարտիս ենթարկուիլ ու բանակ երթալ, կամ ալ, ըստ տեղւոյն օրէնքին, եթէ ուսանող ես, յետաձգել զինծառայութիւնդ, կամ ազատ կացուցուիսՙ բացառիկ որոշ հանգամանքներ նկատի առած:
Այս բոլորին կողքին, այս օրերուն, երբ սուրիական բանակին թիրախը թրքական բանակն է, որ ահաբեկիչները կը դիեցնէ ու հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ տարածքները բռնաբարածՙ այդ տարածքներէն ռումբեր կը տեղացնէ Հալէպի եւ շրջակայքին վրայ, հայ զինուորը աւելի ոգեւորութեամբ կը նետուի պատերազմին մէջ, իր ժառանգած վրէժխնդրութիւնը գործնականի վերածելու ջանքով:
Այս պատմութիւնը ինծի յիշել տուաւ տասնամեակներ առաջ Երեւանի մէջ պատահած դէպք մը, ուր երեւանցի մը ամերիկահայ երիտասարդի մը հարց կու տայ, որ եթէ որպէս զինուոր ամերիկեան օդուժին մէջ ըլլաս եւ Ամերիկան յարձակի Հայաստանի վրայ, դուն որպէս ամերիկացի օդաչու կը ռմբակոծե՞ս Հայաստանը…
Ասոր պատասխանը թող իւրաքանչիւր հայ ի՛նք մտածէ: Տրամաբանութեան թելադրանքով ենթարկուի՞լ երկրիդ օրէնքներուն, թէ՞ զգացումներուդ թելադրանքով հրաժարիլ Հայրենիքդ ռմբակոծելէ եւ դառնալ դասալիք ու դաւաճան ու դատուիլ երկրիդ օրէնքներուն համաձայն:
Հայու ճակատագիր: