ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ
Ընթացիկ տարուան յունիս ամսուն սկիզբը Գահիրէի Նուպար հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամով հրատարակուած գիրքերուն հարիւրերորդըՙ Սամիր Զաքիի հեղինակութեամբ «Փաշան» արաբերէն վէպը:
Սաթենիկ Հ. Չագըր հիմնադրամին հրատարակութիւնները, որոնք սկսած են 1995 թուականին, ընդհանրապէս հայութեան, Հայաստանի եւ հայկական ջարդերուն մասին ուսումնասիրական հատորներ են եւ բանասիրական գիրքեր, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական եւ երաժշտական հատորներ եւ աշխատասիրութիւններ:
Այս վէպը երկրորդն է գեղարուեստական գրականութեան նոյն այս հիմնադրամով հրատարակուած գիրքերուն, առաջինը ըլլալով Մարիամ Շաքկարի (Շաքարեան-Կարապետեան) ռուսերէն վէպին արաբերէն թարգմանութիւնը: Մարիամ Շաքկար կը նկարագրէ Գահիրէ ապրելու փորձառութեան իր սկիզբի տարիները: Տիկին Կարապետեան Գահիրէ ապրած է որպէս ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի տիկինը:
Սամիր Զաքիի «Փաշան» վէպը որպէս նիւթ ունի Նուպար Փաշա Նուպարեանի կեանքը Եգիպտոսի մէջ եւ անոր խաղացած մեծ դերը երկրին քաղաքական դաշտին վրայ: Գիրքը սակայն ո՛չ մենագրութիւն է, ո՛չ ալ ուսումնասիրութիւն: Պարզապէս վէպին դրուագները կ՛անդրադառնան Եգիպտոսի առաջին վարչապետինՙ Նուպար Փաշայի քաղաքական կեանքին եւ դերին:
Նուպար Փաշա իր կեանքին 60 տարիները նուիրած է Եգիպտոսին, անոր ներքին թէ արտաքին հարցերուն մէջ խորապէս միջամուխ եղած, մի՛շտ արդարութեան կողքին եւ անոր համար, հետեւաբար հաւասարապէս արժանի իրեն տրուած գլխաւոր երկու տիտղոսներուն, որոնք ոչ թէ տրուած են իրեն, այլ իր աշխատանքով արժանացած է անոնցՙ «Եգիպտոսի Առաջին Վարչապետ» եւ «Գիւղացիին Հայրը», առաջինով նուաճելով օրուան իշխանաւորներուն համակրանքը, երկրորդովՙ ժողովուրդին սէրը:
Վէպին դէպքերը բեւեռուած են Նուպար Փաշայի մահէն ետք անոր կեանքը գիրի վերածելու եւ հրատարակելու ճիգերուն շուրջ: Փաշային մտերիմներն ու մօտիկ բարեկամներն ենՙ Անիս Էֆէնտիի գլխաւորութեամբ այս աշխատանքը ձեռնարկողները, որոնք կ՛ուզեն Փաշային քաղաքական կեանքին անդրադառնալ եւ վեր առնել անոր դերը Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ, բացայայտելով այդ շրջանի կառավարիչինՙ Մոհամէտ Ալիի քաղաքական կեանքին մանրամասնութիւնները: Շատեր սակայն, որոնք ժխտական դեր ունեցած են երկրին համար, կը փորձեն խոչընդոտել գիրքը գրելու աշխատանքը եւ չեն վարանիր նոյնիսկ Նուպար Փաշան անգլիացիներուն եւ ֆրանսացիներուն «մարդը» համարելէ եւ որպես մէկը, որ հայրենասիրական ոչ մէկ ապրում ունեցած է Եգիպտոսի հանդէպ:
Վէպին մէջ մանրամասնօրէն կը յիշուի, թէ բոլոր կողմերը չէ որ կը հաւնէին Փաշային գործերը եւ կը գնահատէին իր ճիգերը. օրինակՙ խտիվներու (1) մանկլաւիկներուն համար Փաշան օտար իշխանութիւններուն աչքն ու ականջն էր, որուն համար ալ կ՛ատէին զինք, մանաւանդ որ անընդհատ կը պայքարէր այդ մանկլաւիկներու չարաշահութիւններուն դէմ:
Փայլուն ֆրանսերէն գիտնալուն հակառակ, ֆրանսացի գաղութատէրերն ալ չէին հաւներ զինք, որովհետեւ իրենց շահերուն խոտոր կը համեմատէր Փաշային գործելակերպը:
Նոյնն էր պարագան անգլիացիներուն:
Հակառակ այս պայքարին սակայն, Նուպար Փաշան իր աննկուն կամքով եւ զինք հիւրընկալող երկրին հանդէպ ունեցած երախտագիտութեան համար իր կարելին ըրած է օգնելու, որ Եգիպտոսը թօթափէ վրայէն գաղութատիրութիւնը եւ կամաց-կամաց դառնայ ինքնիշխան եւ ինքնուրոյն պետութիւն մը:
Գիրքը հրատարակելու փորձը կը ձախողի, բայց ձախողութեան ամբողջ ընթացքին կը գրուի կեանքը մարդու մը, որ իր բազմաթիւ շնորհներուն համար արժանացած է որքան համակրանքի, նոյնքան եւ աւելի նախանձի:
Հեղինակը բաւական ծանօթ կը թուի ըլլալ հայոց պատմութեան նշանաւոր դէպքերուն եւ դէմքերուն, ինչպէս նաեւ բաւական լաւ հասկցած է հայերուն մտածելակերպը, ապրումներն ու ապրելու եւ գործելու ոճը:
«Յամառ, պողպատեայ կամքով բայց զգայուն ազգ մը. օրերը բարի չեն եղած այդ ազգին հանդէպ, որ թափառականՙ երկինքը ծածկոց ունեցած է եւ աստղերը լուսաւորած են իր ճամբան: Աճող սերունդը տեսած է Ապտուլ Համիտիՙ «յիմար սուլթան»ին ջարդերը (ինչպէս կը կոչէ զինք Աղեքսանդրիոյ ժոովուրդը), այն յիմարը, որ թոյլատրած էր որ իր երկրին հողերը ոռոգուին արիւնովը հայ ազգին, որուն միակ մեղքը ազատութիւն երազելն էր ….» (2):
Գիրքին մէջ երկար հատուածներ նուիրուած են հայերու բնութագրումին, անոնց ազգային գիծերու նկարագրութեան.
«Հայը առիթի չի սպասեր, ինչպէս մնացեալ մարդիկը, այլ ամէն օր կանուխ կ՛արթննայ եւ իր առիթը ինքն իր ձեռքով կը ստեղծէ» (3):
Բացայայտօրէն խօսուած է նաեւ հայկական ջարդերուն եւ զանոնք կազմակերպող օսմանցիներուն մասին: Կ՛ըսուի թէ, երբ Նուպար Փաշային դիմած են պատերազմի ընթացքին, որ իր ազդեցութեամբ կարենայ «բան մը ընել», ըսած է.
«Հայերը ինծի կը դիմեն, կարծելով թէ կրնամ միջամտել մեծ պետութիւններուն եւ ապահովել ազգիս փրկութիւնն ու յաղթանակը: Բայց միտքս կ՛ըսէ, թէ եւրոպական ոչ իսկ մէկ երկիր պիտի ուզէ պատերազմ յայտարարել Թուրքիոյ դէմ …». այս եղած է Փաշային պատասխանը իրեն դիմողներուն:
Անդրադարձ կայ նաեւ Պերլինի վեհաժողովին, Նուպար Փաշայի գաղափարներուն եւ անոնց ձախողումին, օրուան կաթողիկոսին պատճառով:
Վէպին հերոսըՙ Անիս Էֆէնտի, այնքան մտերիմ եղած է Փաշային, որ իր մէկ հատիկ մանչը Նուպար կոչած է: Ա՛ն է որ կը գրէ պատմութիւնը եւ ա՛ն է, որ իր ուսերուն կը կրէ գալիք դէպքերուն ծանրութիւնը:
Ճիշդ է որ վէպին առանցքը Նուպար փաշայի կեանքն է, սակայն վէպը նաեւ միջոց մըն է այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական վերիվայրումները նկարագրելու, անդրադառնալու օտար տիրապետութենէն դուրս գալու ձգտումներուն եւ անոնց թափը հակակշռող եւ օտարներուն ծառայող անձերուն մասին խօսելու:
Ինչպէս այս առիթով ըսած է ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան , հայերը ապրած են Եգիպտոսի մէջ վաղուց, Ֆաթիմեան ժամանակաշրջանէն իսկ, երբեմն մոռցուած, յաճախ սակայն իրենց ներդրումով կարեւոր տեղ գրաւած եւ դեր խաղացած երկրի կեանքին մէջ: Յարգելի ատենապետը ըսած է նաեւ, որ ոչ ոք կրնայ մոռնալ եգիպտացւոց դերը հայերը ընդունելու եւ տեղ տալու անոնց համիտեան ջարդերէն ետք, որոնք տեղի ունեցած են 1894-1896 թուականներուն, մինչեւ Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանք եղող գաղթականութիւնը (1915), երբ Եգիպտոս կրկին բացած է իր հիւրընկալ թեւերը տարագիր հայերուն:
Մինչեւ այսօր ալ հայերը կը շարունակեն ապրիլ Եգիպտոսի մէջ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ:
ՀԲԸՄիութիւնը հիմնուած է նոյն ինքն Նուպար Փաշա Նուպարեանի որդւոյնՙ Պօղոս Փաշա Նուպարեանի կողմէ, 1906 թուականին Գահիրէի մէջ, հոգալու համար Եգիպտոս եւ այլուր ապրող հայերուն կարիքները:
Կեանքի մը մանրամասնութիւններուն եւ ճշգրիտ դէպքերու վրայ հիմնուած այս վէպը գրուած է անմիջական եւ հետաքրքրական ոճով, ինչ որ ընթերցումը շատ հաճելի կը դարձնէ, միաժամանակ պատմական առումով օգտակար դառնալով նաեւ արաբ ընթերցողներուն:
Ճիշդ է որ կարգ մը անճշդութիւններ կան վէպին մէջ, ինչպէս օրինակ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հիմնելու գաղափարին վերագրումը Նուպար Փաշայի, եւ որովհետեւ «ինք չէ յաջողած ընել ատիկա, իր որդինՙ Պօղոս Փաշա Նուպար ձեռնարկած է այդ աշխատանքին», ինչպէս կ՛ըսուի վէպին մէջ: Սակայն յստակ է, որ այս Միութեան գաղափարը եթէ կ՛երթայ Երուանդ Գ. Պէյ Աղաթօնին, ապա անոր գործադրութիւնը ամբողջութեամբ Պօղոս Փաշա Նուպարի ջանքով իրագործուած է:
Սակայն վէպ մը, որքան ալ պատմական ըլլայ, հեղինակը այդ տարածքին մէջ ունի լրիւ ազատութիւնը դէպքերը դասաւորելու այնպէս, ինչպէս ինք յարմար կը դատէ, առանց կաշկանդուելու պատմական ճշգրտութեամբ, որովհետեւ վէպ մը վերջին հաշուով գեղարուեստական ստեղծագործութիւն մըն է:
Գիրքին կողքի ձեւաւորումը գործն է Եգիպտոսի Երիտասարդ Արհեստավարժներու անդամուհիներէն Ասպէ Ճիզմէճեանին :
ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղը, նկատի առնելով վէպին խիստ հետաքրքրաշարժ դէպքերը, կ՛ուսումնասիրէ այս վէպը ֆիլմի վերածելու գաղափարը – մանաւանդ որ անոր հեղինակըՙ Սէմիր Զաքի նաեւ ֆիլմարտադրիչ է – որպէսզի կարելի ըլլայ զայն հասցնել կարելիին չափ մեծ թիւով արաբ հանդիսատեսներու:
Գիրքին մասին կարճ ֆիլմ մը պատրաստուած է արաբերէն լեզուով (տողատակի անգլերէն թարգմանութեամբ), ներկայացնելով Նուպար Փաշային կեանքը, ծնունդէն մինչեւ առաջին պաշտօնն ու վարչապետ ըլլալը:
Ֆիլմը կարելի է դիտել այս յղումով. https://youtu.be/DxWymGpQ0lA
Յունիս 2020
1. Խտիվ, արաբերէնովՙ խտէուի. Ստեփան Մալխասեանց իր հայերէն բացատրական բառարանին մէջ կը գրէՙ խեդիվ, պարսկերէն. պատուոյ տիտղոս, որ կը տրուէր Եգիպտոսի փոխարքաներուն, 1845 թուականէն. խեդիվները անուանապէս թէեւ սուլթանին ենթակայ, իրողապէս սակայն անկախ էին:
2. «Փաշան», Սամիր Զաքի, Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի հրատարակութիւն, Գահիրէ, 2020 էջ 6:
3. Նոյն տեղը, էջ 107: