Մեր ամբողջ պատմութիւնը լեցուն է եղած անհաւասար պատերազմներով, ջարդ ու կոտորածներով, տուժած ենք շատ, կոտորակուած է մեր երկիրը ու կոտորակուած ենք մենք, փոքրացած է մեր երկիրը ու փոքրացած է մեր թիւը: Անհաւասար կռիւներու պատճառով յաճախ պարտուած ենք, սակայն գտած ենք ձեւը ըսելու, որ «Պարտուած ենք, բայց յաղթած ենք բարոյապէս…», այնքան ընտելացած ենք պարտութիւններուն, որ անոնցմով զոհի լուսապսակ շինած ենք ու զարդարած մեր գլուխները, այնքան բնական է եղած մեր պարտուիլը, որ նոյնիսկ բանաստեղծը ըսած է « մեր ..պարտութիւնն անգամ ունի հպարտութիւն…»:
Պարտութեան հպարտութիւնը անհասկնալի է ինծի համար: Կը հպարտանանք, երբ կը յաղթենք, կը տխրինք, երբ կը պարտուինք: Իսկական յաղթանակներ քիչ ունեցած ենք, սակայն անոնցմով արժանաւորապէս հպարտացած ենք ու մեր երեխաներն ալ դաստիարակած ենք անոնց ոգիովՙ Սարտարապատ, Նեմեսիս գործողութիւն, Արցախի ու Շուշիի ազատագրում, եւ վերջապէսՙ այս օրերու Արցախեան պատերազմը:
Օրը-օրին սրտատրոփ կը հետեւէինք իրադարձութեանց ու մեր սրտերը թունդ կ՛ելլէին ամէնօրեայ մեր յաղթանակներով: Այնտեղ խօսքին հետ փաստեր կային, թիւերը կը խօսէին, ուր թշնամի Ատրպէյճանի բանակին պարտութիւնը ակներեւ կ՛ըլլար:
Կենաց՛դ Արցախ, կենաց՛դ Հայաստան, կը բարձրացնենք գինիի բաժակները ու կը խմենք կենացը մեր յաղթական բանակին եւ կը խոնարհինք նահատակներու սխրալի անձնազոհութեանց առջեւ: Ու, յանկարծ, Տասներորդ բաժակը մեր շրթներուն չտարած, կը նկատենք որ ՃԱՆՃ մը ինկած է գինիին մէջ…
Ի՞նչ է պատահած: Կ՛ըսուի, որ պատերազմի առաջնագիծի զինուորներուն մէջ լուրեր տարածողներ եղած են, թէ անիմաստ է այս «շինծու» պատերազմը, անիմաստ է վասն ոչինչի զոհուիլը, աւելի ճիշդ է դասալիք ըլլալ եւ խնայել իրենց կեանքը եւ այլն. կազմակերպուած չարանենգութիւն, համազօր դաւաճանութեան:
Արդէն շաբաթ մը առաջ ալ լուր տարածուեցաւ, որ ձերբակալուած է նախկին բարձրաստիճան սպայ մը, որ լրտեսութիւն կ՛ընէր Ատրպէյճանի հաշւոյն…
Գինիի գաւաթը ձեռքս, կը քարանամ: Ճանճը թունաւոր է: Հայեր ջան, մենք իրաւունք չունի՞նք լիարժէք ուրախանալու: Ինչո՞ւ ամէն անգամ անպայման բան մը պիտի խառնուի մեր գինիին: Մի ըսէք, որ բոլոր ժողովուրդներուն նման ժողովուրդ ենք, ամէն տեղ լաւն ալ կայ, վատն ալ. ամէն տեղ հայրենասէրն ալ կայ, հայրենադաւն ալ. դրամը ողջ մնայ:
Ո՛չ, մենք բոլորին նման չենք, բոլորին նման ըլլալու չենք: Երկրային դրախտի տէրն ենք, այն օրէն, ուր Նոյը նախ իջաւ Արարատէն ու իջած տեղը կոչեց ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ, ապա որթ տնկեց, խաղող հասցուց, գինի քամեց ու հողը մեզի յանձնեց, որպէս աստուածային աւանդ խնամելու, գեղեցկացնելու եւ պահպանելու համար: Դարերէ ի վեր, ի գին զոհողութեանց, մեր արիւնով որոգեցինք մեր հողըՙ դէմ դնելով մեր դրախտը ոտնակոխ դարձնել հանդգնողներուն: Ու կը շարունակենք նոյն ոգիով: Վայ անոնց, որ կը փորձեն մեր հողը աւերել, հազա՛ր վայ բոլոր անոնց, որոնք այս հողէն սնած են, անոր բարիքները վայելած են ու թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօ՛ր կը փորձեն կռնակ դարձնել մեր սրբութեան եւ թշնամիին ծառայել:
Ինծի համար գինին թափելն ու նոր բաժակ մը գինի լեցնելը դիւրին է, սակայն մեր յաղթական տրամադրութեանց անիւը շրջել փորձողներուն հաշի՞ւը ինչպէս պիտի մաքրուի: Կարծես չէր բաւեր թշնամիին հրետակոծումն ու հասցուցած աւերները Ստեփանակերտին, Շուշիին ու միւս քաղաքներուն ու գիւղերուն, կարծես չէր բաւեր մեր հարիւրաւոր լուսաւոր երիտասարդներուն նահատակութիւնը, հազարաւոր սգաւոր մայրերն ու հարսերը, քոյրերն ու եղբայրները, դեռ մանկութեան համը չառած որբուկները: Ու այս բոլորով հանդերձ ու անոնց ի գին կերտուած յաղթանակի բաժակին մէջ որպէս ճանճ պիտի իյնան, յաղթանակի՛ բաժակին վրայ մուր պիտի քսեն հոգինին մրոտած մարդանման ճանճերը:
Ճանճասպանները պատրա՛ստ, մեր քաջե՛ր, մաքրեցէ՛ք միջավայրը եւ բարձրացուցէ՛ք յաղթանակի բաժակը: