1967-ի արաբ-իսրայէլական վեցօրեայ պատերազմէն արաբական պետութիւնները դուրս եկան ամօթալի պարտութեամբ, մասնաւորաբար Եգիպտոսը, արաբական աշխարհի ամենահզօր բանակ ունեցող երկիրը, որուն նախագահըՙ Կամալ Ապտէլ Նասէր, իր վրայ վերցնելով պարտութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, յայտարարեց, որ կը հրաժարի նախագահի իր պաշտօնէն: Նոյն օրն իսկ, ամբողջ Եգիպտոսի բազմամիլիոն ժողովուրդը փողոց իջաւ պահանջելով, որ նախագահը ետ վերցնէ իր հրաժարականը: Ապտէլ Նասէր կը պաշտուէր ժողովուրդին կողմէ, քանի որ վերջ տուած էր երկրի թագաւորական իշխանակարգին, երկրէն դուրս քշած էր անգլիացիները եւ ազգայնացուցած էր Սուէզի ջրանցքը: Ժողովուրդի բուռն փափաքին անսալով, Նասէր ետ քաշեց իր հրաժարականը:
Յամի Տեառն 2020-ի հայ-ատրպէյճանական անհաւասար պատերազմէն դուրս եկաւ Հայաստանը պարտութեամբ: Վարչապետը, որ խոստացած էր վերջ տալ չարաշահութեանց ու թալանին, պատժել յանցագործները, վերջ տալ կաշառակերութեան… իր վրայ վերցուց պարտութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն չհրաժարեցաւ… Ինք չհրաժարեցաւ, բայց հրաժարեցուց շարք մը նախարարներ:
Ահագնացունց եղելութեան վրայ օրեր անցան, ու ես տակաւին կը փորձեմ բան մը հասկնալ, հեռու ամէնօրեայ հարիւրաւոր մասնագիտական վերլուծումներէ, ի մասնաւորիՙ հեռու «վերլուծաբան-քաղաքագէտ» իմաստակներու գրառումներէն:
26 տարի կրցանք պահպանել Արցախի անկախութիւնը իր ապահովական եօթը շրջաններու գօտիով, միշտ ալ ի մտի ունենալով, որ մեր ըրածը թէեւ արդար է, սակայն ամբողջ աշխարհը դէմ է Արցախի անկախութեան եւ կողմնակից է Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան», անշուշտ յենելով ՄԱԿ-ի դիրքորոշման եւ իւրաքանչիւր երկրի սեփական շահերը նկատի առած, որուն որպէս հետեւանք, ուշ կամ կանուխ Ատրպէյճանը պիտի փորձէ վերատիրանալ Ստալինի «նուէրին», եւ անշուշտ այդ նպատակին համար պիտի զինուի եւ օգտագործէ բոլոր կարելի յենակները: Երկու անյաջող փորձ կատարեց, իսկ մենք կարծեցինք, որ դաս առաւ ու մէյ մըն ալ այդպիսի արկածախնդրութեան չի դիմեր:
Բայց մենք, հանգիստ պէտք չէ մնայինք, պէտք էր այնքան մը զինուէինք արդիական զէնքերով եւ բարեկամ պետութիւններու եւ յատկապէս Ռուսական Դաշնութեան հետ կնքուած մեր փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագրով, որ միշտ պատրաստ ըլլայինք ետ մղել թշնամին ու պահպանել Արցախի փաստական անկախութիւնը:
Նախկին իշխանութեանց գլուխը եղողները չըրին այդ, եկաւ նոր իշխանութիւնը իր զանազան «նորութիւններով»ՙ զինուորներուն սնունդը բարեկարգելով եւ բանակը «նոր զինատեսակներով արդիականացնելով»: Ըսինՙ եղանք անպարտելի բանակ: Դէ՛հ, հիմա թող մեր վրայ յարձակի թշնամին, որ իրեն ցոյց տանք: Թշնամին յարձակեցաւ, բայց մենք չկրցանք «ցոյց տալ»…
Թշնամին ի գործ դրաւ իր ամբողջ զինուժըՙ կործանիչ օդանաւերով, ուղղաթիռներով եւ ի մասնաւորիՙ ԱԹՍ- ներու հսկայ քանակով: Ասոնց կից զինամթերքի հոսքը Իսրայէլէն ու այլ երկիրներէն չդադրեցաւ, Թուրքիան ձեռքով-ոտքով մէջը մտաւ ու հազարաւոր վարձկաններ ուղարկեց: Մենքՙ առանց օդուժի, առանց օդանաւերու, ուղղաթիռներու ու ԱԹՍ-ներու, եւ որ ամենակարեւորն էՙ մեր զինուորներուն ոգեկանի հզօրութեամբ դէմ դրինք ամբողջ մէկ ու կէս ամիս… գոնէ ամէնօրեայ պաշտօնական զեկոյցները այդպէս կ՛ըսէին: Ամէն օր համատարած յարձակում բոլոր ուղղութիւններով, մինչ մենք «ետ կը շպրտէինք» զանոնք:
Մինչեւ վերջին օրը մեր զոհերուն թիւը հազարէն քիչ մը աւելի էր, ըստ հաղորդուածին, որուն համար այնքան տագնապեցանք, այսքան զոհ մեր երիտասարդներէն… Յաջորդող օրերուն, կռիւները դադրելէ ետք, կամաց-կամաց սկսաւ բարձրանալ զոհուածներուն թիւըՙ սկսաւ կրկնապատկուիլ, եռապատկուիլ, քառապատկուիլ… ու տակաւին մինչեւ այսօր թիւերը կ՛աւելնան: Չէի՞ն գիտեր, թէ՞ կը թաքցնէին…
Ռազմական ու սպառազինութեան հարցերէ հասկցողը չեմ, սակայն երբ կը լսեմ, որ Հայաստանը «բարձր տեխնոլոգիայի» երկիր դարձած է ու պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ յառաջանալ, չեմ հասկնար ԱԹՍ-ներու փոխարէն Իսկանդար կոչուած հրթիռային համակարգ գնուելուն, որոնք ոչինչ արժեցին այս պատերազմին: Անոնց մէկ հատին գինով ով գիտէ քանի՞ հատ ԱԹՍ կրնայինք ունենալ, քանի հատ գիշերային հեռադիտակներ, որոնք կը պակսէին մեզի, ու դեռ ինչեր ու ինչեր: Ո՞ւր մնաց մեր բանակին արդիականացումն ու անպարտելիութիւնը: Շատ մը բաներ անհասկնալի մնացին ինծի ու շատերու համար: Եթէ այս բոլորը նախապէս գաղտնի մշակուած թատերգութիւն էր, մեր նահատակներուն ու անոնց սգաւոր հարազատներուն անէծքը ցմահ պիտի հալածէ այս «խաղին» բեմադրիչները: