Դէպքերու գերարագ ընթացքին հետեւողը զարմանալէ անդին կը սկսի կասկածիլ, որ երեւոյթները իրենց ետին շատ մը գաղտնիքներ կը պահեն, որոնք լաւ բան չեն խոստանար:
Ամիս մը չանցած ամօթալի անձնատուութենէն, այնքան բաներ պատահեցան, որոնք բնական պարագաներու մէջ ամիսներ պիտի պահանջէին: Ուրեմնՙ յստակ է, որ պատահածը երկար տարիներու ծրագրաւորման արդիւնք է, իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնց մասին մեր հետախուզութիւնը կա՛մ անտեղեակ եղած է, ինչ որ ծանրօրէն դատապարտելի է, կա՛մ ալ տեղեակ եղած է, սակայն լուրջի չէ առած, եւ կամՙ շատ լաւ իմացած է, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով մեր բանակը կանխարգելիչ միջոցներ ձեռք չէ առած:
Որեւէ միջազգային հարց, խնդիր, վէճ, անհամաձայնութիւն երկու կողմերու միջեւ, երրորդ չէզոքի մը միջնորդութեամբ, եթէ պատրաստ են, կը սկսին քննարկել հարցը տասնեակ կամ բազմատասնեակ հանդիպումներու ընթացքին, մինչեւ որ երկու կողմերն ալ գոհացնող միջին եզր մը գտնեն ու միայն այն ատեն խօսքէն գործի կ՛անցնին, որ իր կարգին երկար ժամանակի կը կարօտի: Պաղեստինը, Կիպրոսը, Սուտանը, Լիպիան, Եմէնը, Աֆղանիստանը, նոյնիսկ Brexit-ը, յիշելու համար մի քանին, օրինակներ են, որոնք տարիներու երկխօսութեանց պատմութիւններ ունին, ոմանք արդէն լուծուած են, ոմանք ալ լուծումի կը սպասեն:
Ինչպէս ըսի, կողմերու համաձայնութենէն ետք լուծումները երկար ժամանակ կ՛առնենՙ օրեր, շաբաթներ, ամիսներ… Մինսկի եռեակին հետ տարիներու հանդիպումները, որոնց ընթացքին Հայաստանը երեք նախագահ փոխեց ու մէկ վարչապետ ունեցաւ որպէս ներկայացուցիչ, իսկ Ատրպէյճանը Ալիեւով Ալիեւ մնաց, իրենց պտուղը չտուին: Ատրպէյճանը իր «գրաւուած» տարածքը կ՛ուզէր ետ առնել, մինչ Հայաստանը Արցախին ապահովութիւն կը փնտռէր, ու եթէ պիտի զիջէր, ապաՙ ապահովական գօտիէն որոշ տարածքներ միայն:
Ու յանկարծ, մէկ գիշերուան մէջ եռակողմ Յայտարարութիւն, որուն հիման վրայ, գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ ապահովական գօտիի տարածքներու յանձնում, առաւելՙ Արցախի կէսը, ռուսական խաղաղապահ հսկայ բանակի ներխուժում, որ ոչ թէ խաղաղապահ, այլ պատերազմի գացող ու տարածքներ գրաւելու միտող հսկայ զինուժ էր իր ռազմական ամէն ինչով, Քարվաճառի յանձնում ու Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբայի մը տրամադրում, որ Թուրքիոյ դարերու երազն էր: Շրջանին քարտէսը լրիւ փոխուեցաւ:
Արցախէն բան չմնաց, փոքրացաւ, իսկ անոր զուգահեռ մեծցաւ Եռաբլուրի պանթէոնը: Մեծցաւ ժողովուրդին հիասթափութիւնը, որ վերածուեցաւ դժգոհութեան ալիքներու, որ վերածուեցաւ հրապարակը լեցնող ընդդիմադիր ցուցարարներու վայրի, որոնք բացի վարչապետին հրաժարականի պահանջքէն, խուժեցին կառավարական շէնք ու կոտրտեցին, ջարդեցին ինչ որ կրնային: Անշուշտ տեսախցիկը արձանագրեց ամէն ինչ, որպէս փաստաթուղթ վանտալութեան եւ պետական գոյքի փճացման գործողութիւնը դատապարտող փաստ:
Փակ դարպասներով եւ ոստիկան պահակներով ապահով կառավարական շէնք ինչպէ՞ս կարելի է մտնել: Անշուշտ կազմակերպուած խաղ կար այստեղ, որպէսզի առիթ տրուի ցուցարարներուն, որ ներխուժեն եւ կոտրտեն, որպէսզի իշխանութիւնն ալ զանոնք կալանաւորելու եւ պատժելու իրաւունք ունենայ: Այսքանը չէի՞ն գիտեր ցուցարարներն ու իրենց ղեկավարները, որպէսզի ծուղակի մէջ չիյնային:
Վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականի պահանջքին հետ փողոցները պատերուն վրայ, աղբարկղներուն եւ մայթերուն վրայ տեսակաւոր հակա լոզունգներ, նոյնիսկ հացադուլ, հսկայ հաւաք, «փրկութեան կոմիտէ», նոր վարչապետի թեկնածութիւն, նոյնիսկ երկու թեկնածու… Այս բոլորը տանելի է, տանելի է նաեւ մեր խայտառակութիւնըՙ քեֆի մէջ եղող մեր թշնամիին աչքին դիմաց: Վատը այն պիտի ըլլայ, որ խթանող-հրահրողները կայծերով չգոհանան ու հրդեհ պահանջեն, այսինքն, -Աստուած մի արասցէ-, բախում հակադիր կողմերու միջեւ ու քաղաքացիական… չեմ ուզեր արտաբերել բառը. Կը գոհանամ միայն Տէրունական աղօթքին այս տողը յիշելովՙ
Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն. այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէ: