Ընկերդՙ ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ, Լոս Անճըլըս
Սիրելի ընկերսՙ Յարութ, թէեւ Նագուլ անունդ ինծի աւելի հարազատ է: Վաղուց չենք հանդիպած, կարօտցած եմ քեզի հետ զրուցելը, նոյնիսկ վիճիլը տարբեր հարցերու շուրջ: Կարօտցած եմ քու չարաճիճի ժպիտդ, հումորի զգացողութիւնդ, բայց մանաւանդ լրջախոհութիւնդ եւ հարցերը լայն շրջագիծի մէջ դիտելու ու բացատրելու կարողութիւնդ: Ափսոս որ հազարաւոր մղոններն ու ովկիանոսը պատնեշ են ու արգելք, որ միասին առաւօտեան հայկական սուրճը ըմբոշխնելով խօսէինք մեր ազգային ցաւերու, հայաստանեան իրադարձութիւններու, գրականութեան, նկարչութեան եւ ընդհանրապէս արուեստի տարբեր բնագաւառներու մասին, յատկապէս գրականութեան ու արուեստի բնագաւառներու մէջ քու գիտելիքներդ իմ միտքի հորիզոնները լայնցուցած են, եւ ոչ միայն իմ:
Ընկերս, մարդիկ կան, որոնք կ՛ապրին որպէս թիւ ու թուանշան եւ այս աշխարհէն կ՛անհետանան առանց հետք մը թողելու իրենց ետին: Մարդիկ ալ կան, որ իրենց ստեղծագործ միտքով, անկոտրում կամքով ու հետեւողական աշխատանքով լոյս կը ճառագայթեն, այլոց ճանապարհը կը լուսաւորեն, կը դառնան ուղեցոյց ու անջնջելի թրոշմ մը կը թողուն իրենց ապրած շրջապատին վրայ: Սիրելի բարեկամսՙ Նագուլ, դուն երկրորդ խումբի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն ես: Դուն միշտ ինքնուրոյն ու ինքնատիպ եղած ես քու ստեղծագործութեամբ ու հայեացքներով: Քու կերպարդ ՄՇՏԱՊԷՍ ՆԵՐԿԱՅ Է մեր միտքերուն ու հոգիներուն մէջ, անկախ թէ այսօր ո՞ւր կը գտնուիս, եւ այդպէս ալ պիտի մնաս:
Ընկերս, յաճախ կը մտաբերեմ քու իւրայատուկ վերլուծութիւններդ կեանքի զանազան երեւոյթներու, տեսակէտներդՙ մարդոց հոգեբանութեան մասին, եւ ժամանակը փաստած է, թէ որքան ճիշդ գնահատեր ես:
Չեմ ուզեր երկար խօսիլ քո բարեմասնութիւններուդ մասինՙ որպէս փորձառու ու հմուտ բժիշկի, որպէս նկարիչի ու բանաստեղծի, որպէս հայկական կերպարուեստի եւ ընդհանրապէս արուեստի տարբեր բնագաւառներու գիտակ ու մեկնաբան, ազգային հարցերերով ոչ միայն հետաքրքրուող եւ լուսաբանող, այլեւ ազգային ու կրթական հաստատութիւններէ ու կառոյցներէ ներս անմնացորդ նուիրումով ծառայութիւն մատուցող, եւ տակաւին երկար է շարքը: Ուստի առայժմ բաւարարուիմ այսքանով, քաջ գիտակցելով, որ նոյնիսկ այսքանը յիշատակելը պիտի զայրացնէր քեզ, խոցելով քու խոնարհ հոգին, քանզի երբեք չես հանդուրժած, երբ մարդիկ արտայայտուած են քու մարդկային յատկութիւններուդ մասին: Բայց եթէ ես չխօսիմ, ապա բազմաթիւ անձեր պիտի չլռեն այն գործնական աջակցութեան ու օժանդակութեան համար, որ ստացած են քեզմէ եւ որոնց յետագայ կեանքի բարեփոխմանը նպաստած ես: Այդ մարդիկ երախտագիտութեամբ կը յիշեն քեզ ու հպարտ են քեզմով: Արդեօ՞ք աւելի վեհ ու առինքնող երեւոյթ գոյութիւն ունի, քան մշտական բնակութիւն հաստատելը մարդկոց սիրտերուն ու միտքերուն մէջ:
ԴՈՒՆ ԱՅԴ ԱՆՁՆ ԵՍ, ԴՈՒՆ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՈՒ ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՆԱԳՈՒԼՆ ԵՍ: