Ի՜նչ երկիր ենք, գիտէ՞ք: Ի՜նչ ժողովուրդ ենք. ազգասէ՛ր, հայրենասէ՛ր, մարդասէ՛ր… մեր երկրին ապագային սիրոյն, անոր բարօրութեան սիրոյն, անոր փրկութեան, ազատութեան ու անկախութեան սիրոյն, անոր բարեկեցութեան սիրոյն 22 կուսակցութիւն, 4 դաշինք, բան-գործ ձգած, վազեցին իրենց անսակարկ ծառայութիւնները մատուցանելու երկրին, իրենց թեկնածութիւնը դնելովՙ խորհրդարանին մէջ տեղ ունենալու եւ խօսքերնին գործի վերածելու:
Այո՛, փոքր երկիր ենք, սակայն մեծ կարողութիւններ ունինք մեր նպատակները իրագործելու, մեր բացայայտ թե թաքուն զէնքերը օգտագործելովՙ լեզուո՛վ, խօսքո՛վ, բանի՛ւ… յետոյ, երբ աթոռ կ՛ունենանք` նաե՛ւՙ գործով:
– Այդքան շատ կուսակցութի՞ւն կայ Հայաստանի մէջ:
– Չէ ճանըմ, մասնակիցներուն կրկնապատիկն ու եռապատիկը կուսակցութիւններն ունի Հայաստանը, բայց, միայն ասոնք է որ պատրաստ են խորհրդարան մտնելու:
– Մտնելէ ետք ի՞նչ պիտի ընեն:
– Խորհրդարանին մէջ ի՞նչ կ՛ընեն, կը խորհին, կը խորհրդակցին, խորհուրդներ կու տան, կոճակ կը սեղմեն, կը յոգնին, աշխատավարձ կը գանձեն, թերեւս նաեւ պարգեւավճար…
– Հիմա, չկրկնենք քանիցս կրկնուածը, թէ խոփ-խոշոր երկիրներ կան, որոնք միայն քանի մը կուսակցութիւն ունին: Ինչո՞ւ պզտիկ երկիրներուն մէջ կուսակցութիւնները շատ են:
– Պզտիկ երկիրները մեծ հարցեր կ՛ունենան, մեծ հարցերն ալ մեծ թիւով գործողներու պէտք ունին: Չե՞ս տեսներ, թէ ինչպէս ձեռքով- ոտքով իջեր են ընտրարշաւի:
– Ընտրարշաւը կը վերջանայ, իրենց գործն ալ կը վերջանայ ու կ՛երթան հանգիստի, խորհրդարան մտնողներն ալ, դուրսը մնացողներն ալ:
– Հասկցայ, մի շարունակեր:
Այնքան զարմանազան անուններով կուսակցութիւններ կան, որ չես կրնար անունները յիշել, բայց ո՞ւր են մեր աւանդական կուսակցութիւնները. միայն մէկը կայ որպէս, մինչ միւս երկուքը իւրայատուկ տեսակէտներ ունենալով հանդերձ, ինչո՞ւ դիտորդի դերին մէջ են. չեմ հասկնար: Մինՙ 134 տարեկան, միւսըՙ 100, իրենց անցեալի վաստակն ու հեղինակութիւնը չեն օգտագործեր, իրենց խօսքը լսելի դարձնելու եւ իրենց ներդրումով երկրին օգտակար դառնալու համար: Չեմ գիտեր, այս պարագայի՞ն ալ «Լռութիւնը ոսկի է» կ՛ըսուի, թէ՞ անոնք ճիշդ կը գտնեն արաբական առածըՙ «Ֆըխխար յըքասսէր պաատօ» (Կաւէ ամանները թող իրար ջարդեն)… Այդպէ՞ս է, թէ՞ այս թոհուբոհին մէջ չմտնելը աւելի ճիշդ կը գտնեն:
Ներկայ խորհրդարանը կ՛ուզեն փոխելՙ իշխանափոխութեան հասնելու համար, բայց չես գիտեր, տան հաշիւը շուկայի հաշիւին կը բռնէ՞:
Մեր աւանդական երեք կուսակցութիւնները, ձեւով մը սփիւռքահայութեան պետութիւնն էին, ահագին փորձառութիւն ունին թէ՛ ազգային, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, եւ ընդհանրապէս: Այնպէս որ այստեղի կարգ մը նորափթիթ, դեղնակտուց «կուսակցութիւն» պիտակով հրապարակ իջածները իրենց տեղերը հանգիստ նստելու էին ու մեր երեք աւանդական կուսակցութիւնները, առաւել երեք հայաստանեան ընտրեալ կուսակցութիւններ, միասին կազմելու էին ցանկացուած խորհրդարանը , ու երկիրը ճահճային վիճակէն հանելէ ետք տանելու էին զայն դէպի ցանկացուած հորիզոններ:
Առածը կ՛ըսէՙ երբ խոհարարները շատնան, ճաշը կա՛մ անեփ կը մնայ, կա՛մ կ՛այրի: Այս պարագային քանակը որակ չի բերեր բնաւ: Իցիւ թէ սխալած ըլլամ: