Երկար ատենէ ի վեր կը մտածեմ այս մասին ու պատասխան չեմ գտներ: Բոլոր պատերազմները ընդհանրապէս իրենց կիզակէտէն անդին, շուրջի տարածքին վրայ ալ կ՛ազդեն: Կը նմանի լիճին մէջ նետուած խճաքարին, որ ինկած տեղը ջուրի ցայտում մը ստեղծելուն հետ, շուրջը օղակներ կը կազմէ ու այդ օղակները մէջտեղէն սկսեալ, դէպի դուրս կը հեռանան, երթալով թուլանալով, մինչեւ որ քարի անկման ազդեցութիւնը զերոյի հասնի ու ջուրը հանդարտի:
Այդպէս ալ են պատերազմները, աղէտներըՙ բնական, թէ արհեստականՙ անոնց անմիջական ազդեցութեան կեդրոնէն զատՙ շուրջին վրայ ալ կ՛ազդեն, որպէս կողմնակի, անուղղակի (Collateral) ազդեցութիւն ու վնասներ:
Բացի պատերազմին պատճառած մահերէն ու աւերներէն, երկրի մը տնտեսութիւնը ահաւոր հարուած կը կրէ, ելեկտրական հոսանքի, ջուրի, կազի ու նման վառելանիւթերու նուազումն ու բացակայութիւնը երկրին կենցաղին լուրջ հարուած կը հասցնեն: Կրնայ հացի, դեղօրայքի ու այլ անհրաժեշտ բաներու տագնապ ստեղծուիլ:
Շատ հեռուները երթալու պէտք չկայ. առնենք 1975-ին ծայր առած լիբանանեան տասնհինգամեայ պատերազմը: Ինչեր ու ինչեր գլխիվայր շրջեցան, մարդկային զոհերէն անջատ, ո՞ւր հասաւ երկրին տնտեսական վիճակըՙ ամերիկեան տոլարը, որ 3 լիբանանեան կ՛արժէր, դարձաւ 1500… իսկ այս վերջին երկու տարիներու ներքաղաքական իրարանցումներն ալ աղ-պղպեղ ցանեցին վէրքին վրայ: Հիմա հոսանք չկայ, վառելանիւթ չկայ, դեղօրայքի ահաւոր պակաս կայ, ու մի հարցնէք թէ տոլարը ո՛ւր հասած է:
Գանք սուրիական պատերազմին, որ սկսաւ 2011-ին ու դեռ կը շարունակուի: Հոն ալ կացութիւնը դժոխային է. առայժմ ընդհարումները դադրած են, սակայն երկիրը ահագին հողատարածք կորսնցուցած է, թալանուած են հսկայ գործարանները, օր ցերեկով կը գողնան, կը տանին անոր նաֆթը, ցորէնի ու ձիթենիներու բերքը: երկիրը կը տառապի վառելանիւթի ու ելեկտրականութեան հոսանքի պակասէն, իսկ տոլարը արդէն 70-ապատիկ սղած է: Այս բոլորէն ետք, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ ապրուստը այնքան դժուարացած է, որ նորանոր արտագաղթեր տեղի կ՛ունենան:
Հիմա գանք Հայաստանին: Տարի մը առաջ մեր 44-օրեայ պատերազմը ի՞նչ կողմնակի ազդեցութիւններ ձգեց: Բացի նահատակներէն, վիրաւոր-հաշմանդամներէն ու գերեվարութեան մէջ տանջուողներէն, բացի Եռաբլուրէն, սահմանային կարգ մը շրջաններ բռնակցումներէն, ցաւակցական խօսքերու հեղեղէն ու փոխադարձ ամբաստանութիւններէն, Հայաստանը ի՞նչ կողմնակի վնասներ կրեց… Երեւոյթովՙ ոչինչ: Սղաճը փոքր մագլցում մը կրեց, բայց տնտեսական վիճակը չազդուեցաւ, շուկաները ամէն տեսակի ուտեստեղէն եւ ապրանք, դեղատեսակները անպակաս, հոսանք, ջուր, կազ, հեռախօս, ոչ մէկ ազդեցութիւն կրեցին: Երեւանի փողոցներէն անցնողը բացարձակապէս պատերազմի հետք չի նկատեր, ընդհակառակըՙ կեանքը բնական, նոյնիսկ ուրախ կը շարունակուի (եթէ անշուշտ որպէս չափանիշ, ճաշարաններն ու զբօսավայրերը այցելենք): Տոլարը քանի մը ամիս մագլցում մը ունեցաւ, ապա վերադարձաւ իր նախկին վիճակին:
Դուրսէն եկողներ կը զարմանան երկրին բնականոն վիճակը տեսնելով. «Այս երկիրը պատերա՞զմ տեսեր է, հաւտալնիս չի գար», կ՛ըսեն: Իսկապէս, որո՞ւ հաւատալը կու գայ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ Հայաստանը չազդուի: Մի ըսէք պատերազմը Արցախի մէջ էր, ատո՛ր համար, ո՛չ, Հայաստանը ձեռքով-ոտքով մէջն էր պատերազմինՙ զինուորներով, զինամթերքով, ամէ՛ն ինչով, բայց ինչո՞ւ հիմնական ապրելակերպին անհրաժեշտ պարագաները չազդուեցան, չնուազեցան, ոչինչ պակսեցաւ, ոչ մէկ բանի անգտանելիութեան պատճառով մարդիկ հերթեր չկազմեցին, կեանքը շարունակուեցաւ բնական ու խաղաղ: Կրակըՙ ինկած տեղը կ՛այրէ:
Այս մասին որեւէ դրական ակնարկի չեմ հանդիպած: Դրական չե՞ն վերը յիշածներս:
Մարդի՛կ, լաւ կ՛ըլլայ երբեմն կիսալեցուն բաժակին լեցուն մասն ալ տեսնենք: