Հաւատաք, կամ ոչ, վերջերս քանի անգամ ականջիս հասան հետեւեալին նման խօսքեր՝ «Թող մի սփիւռքահայ գայ, ղեկավարի էս երկիրը»… Անձնապէս ինծի ալ ըսաւ երեւանցի տարեց տիկին մը՝ «Եկէք տէր կանգնէք էս երկրին»: Սկիզբը շատ կարեւորութիւն չտուի, սակայն, երբ քանիցս կրկնուեցաւ, սկսայ լրջօրէն մտահոգուիլ: Եթէ պատկերացնենք, որ շատ են այսպէս մտածողները, ուրեմն այլեւս այնքան յուսահատական է կացութիւնը, որ փրկութիւնը սփիւռքէ՞ն կ՛ակնկալեն:
Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ո՛չ ներկայ իշխանութեան կարելի է վստահիլ երկրին ղեկը, ո՛չ ալ ընդդիմութեան, որ քանի շաբաթ է ի վեր միեւնոյն յանկերգը հնչեցնելով քաղաքը անդամալուծել կը փորձէ, փողոցներ կը փակէ, գործադուլի ու դասադուլի կոչեր կ՛ընէ, սակայն մտիկ ընող չկայ: Վարչապետին հրաժարականը կը պահանջեն, սակայն մարդը անդրդուելի է:
2018-ի անոր յեղաշրջման ռազմավարութեամբ կը փորձեն իրենք ալ նոյնին հասնիլ, առանց նկատի առնելու, որ իրենց ղեկավարը Նիկոլ մը չէ եւ ժամանակներն ու պարագաները այնքան փոխուած են, որ ցուցարարական այդ աւանդական ձեւերը այլեւս գործնական չեն:
Բայց ինչո՞ւ սփիւռքէն կ՛ակնկալեն փրկութիւնը: Արդեօք անո՞ր համար, քանի որ երկրի վերանկախացումէն ի վեր քանի մը սփիւռքահայերու կարեւոր պաշտօններ վստահուեցան եւ անոնք լա՞ւ տպաւորութիւն գործեցին, յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, Ժիրայր Լիպարիտեան, Վարդան Օսկանեան, իսկ այս օրերուն ալ՝ Զարեհ Սինանեան, որպէս Սփիւռքի գործերու յանձնակատար. (Հաւատացէք, այս մարդուն պաշտօնը դեռ յստակ չէ շատերուս համար: Ի՞նչ սփիւռքի մասին է խօսքը, դեռ չեմ լսած որ վերջին տասնամեակին Հայաստան հաստատուած, կամ այցելած սփիւռքահայ մը, կամ կազմակերպութիւն մը, շփում ունեցած է անոր հետ, կամ ինչ-որ հարցով դիմած է անոր, երբ նախկին իշխանութեան օրերուն ուղղակի նախարարութիւն կար եւ յաճախակի հանդիպումներ, դիմումներ, նոյնիսկ նիւթական օժանդակութիւն ստացողներ ալ եղած են, բան մը, որ հիմա չկայ):
Բարեկամնե՛ր, սփիւռքի մէջ, ինչպէս Հայաստանի մէջ ալ, կան շատ որակաւոր անձնաւորութիւններ, սակայն անոնք անհատներ են, բացառիկ որպէս անհատ, թէեւ կուսակցապետ, կամ միութեան մը ատենապետ, բայց ոչ համընդհանուր յարգանք ու սէր վայելող ղեկավար, որպէս սփիւռքի զանազան-զարմանազան գոյներն ու ոյժերը միաւորելով, համասփիւռքեան միութիւն մը կազմող: Դար մը ամբողջ եւ աւելի, սփիւռքը կարելի չեղաւ միատարր դարձնել, որպէսզի, ըսենք, արեւմտահայ վտարանդի կառավարութիւն մը կազմուի եւ միջազգային ատեաններու առջեւ խօսք ունենայ եւ պահանջք ներկայացնէ Կիլիկիոյ եւ այլ բռնագրաւուած հողերուն ու մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն արեան հատուցման ի խնդիր: Սփիւռքը չկրցան ղեկավարել, հիմա Հայաստա՞նը պիտի ղեկավարեն. (Թէպետ այդպիսի ախորժակ եւ նպատակ ունեցողներ կան):
Հայաստանի մէջ բաւական մեծ թիւով սփիւռքահայեր կան: Ցարդ անոնցմէ քանիի՞ն պետական պաշտօն մը վստահուեցաւ, կարծեմ ոչ ոքի: (Վերջերս նոր-նոր առաջարկ կ՛ըլլայ որոշ թիւ մը սփիւռքահայերու առիթ տալ, որ պետական պաշտօններ ստանձնեն:)
Սիրելի հայաստանցիներ, ածելիին սուր կողմին վրայ նստած էք եւ փրկութիւն կը փնտռէք: Սփիւռքը հազար գլխանի վիշապ մըն է, որ զայն մէկ գլուխի վերածելը նոյնիսկ հեքիաթներու մէջ չի պատահիր: Սփիւռքը կրնայ օժանդակ անհատներ՝ մասնագէտ քաղաքագէտներ, կամ տնտեսագէտներ, նոյնիսկ մարտիկներ տրամադրել, սակայն չի կրնար ղեկավարել այս երկիրը: Ձգեցէք սփիւռքը իր բազմագլխանի հարցերով ու կեդրոնացէք դուք ձեր վրայ:
Եթէ անցեալին ձեր բոլոր ղեկավարները աթոռամոլութենէն անցան գրպանամոլութեան, վստահ եմ կան նաեւ այնպիսի թաքնուած ոյժեր, որոնք կրնան ձեզ եւ բոլորս գոհացնել եւ այս բազմաչարչար երկիրը դէպի փրկութեան ծովափ տանիլ: Գուցէ դուք չէք անդրադառնար, սակայն մենք յստակ կը նկատենք ձեր մէջ բոյն դրած կարգ մը ախտանման թերութիւնները: Մաքրուեցէք ու ձեռք-ձեռքի տուէք: Թէ չէ՝անձրեւէն փախուստ տալով կարկուտի կը բռնուիք:
Նոյնն ալ սփիւռքահայուն կրնայ պատահիլ, անհատ, կամ կազմակերպութիւն, ան ալ կրնայ նոյն վիճակին մատնուիլ, սփիւռքեան անձրեւէն փախած՝ այստեղ կարկուտի բռնուելով:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ