Հակառակ որ ես հայր, մայր ունեցած եմ, սակայն ինքզինքս որբ կը նկատեմ, որովհետեւ ծնողքէս բացի ուրիշ ազգական չեմ ունեցած եւ չեմ տեսած: Մեծ հայր, մեծ մայր, թէ՛ հօրս կողմէ, թէ՛ ալ մօրս կողմէ՝ չեմ ունեցած: Անշուշտ եղած են անոնք, բայց ես չեմ տեսած զիրենք, չեմ վայելած մեծ հօր մը ու մեծ մօր մը գուրգուրանքը: Իմ սերնդակիցներէս ո՞վ արդեօք ունեցած է, չեմ յիշեր: Ունեցողներուն նայած եմ նախանձով, այնպէս, ինչպէս երախայ մը փայլուն, գունաւոր գնդակ մը տեսած է տարեկից տղեկի մը ձեռքերուն մէջ, երբ ինք քուրջի կտորներով փաթթուած ու կապկպուած գնդակ մը ունեցած է միայն:
Հօրեղբայր, հօրաքոյր ալ չեմ ունեցած, թէեւ լսած եմ՝ փրկուած, արաբներուն մէջ մնացած, հօրաքրոջ մը մասին, որ չեմ տեսած. անապատէն ուղղակի առաջին կարաւանով ընտանիքով ներգաղթած են: Երբ Հայաստան եկայ առաջին անգամ, արդէն մահացած էր:
Քեռի ու մօրաքոյր ալ չեմ տեսած: Մայրս եւ իր մէկ եղբայրը միայն փրկուած են ջարդէն, ապա քոյր-եղբայր զիրար կորսնցուցած են: Լսած եմ, որ Պարսկաստանի մէջ քեռի մը ունեցած եմ, բայց չեմ տեսած: Թէ՛ հօրս կողմը, թէ՛ մօրս՝ մեծ գերդաստաններ եղած են Զէյթունի մէջ, որոնցմէ հատուկենտ անհատներ բախտով ողջ մնացած են:
Դարձեալ Ապրիլ 24-ը եկաւ ու մէջս ամէն ինչ խառնեց՝ թէ սգաւոր, հոգեհանգստեան աղօթքներու մրմունջով, թէ՛ «ինչո՞ւ»-ներով յագեցած հարցումներով, թէ՛ վրիժառութեան բանտուած զգացումով, թէ՛ ցաւ, թէ՛ բողոք, թէ ցասում, թէ՛ անէծք, թէ՛ հայհոյանք…
Ութը տասնամեակի վրայ երկարող իմ օրերը ինչո՞ւ զրկուած պիտի ըլլային ազգականներու ջերմութենէն, անոնց հոգածութենէն, անոնց զաւակներուն ու թոռներուն հետ մեծ ընտանիքի մը, գերդաստանի մը մէկ անդամը ըլլալու բերկրանքէն:
Ո՞ւր գացին անոնք բոլորը, գազանին երախը ինչպէ՞ս կուլ տուաւ զանոնք, ինչպէ՞ս յանկարծ չքացան. արդեօք բռնագաղթի գողգոթայի ո՞ր հատուածին վրայ ինկան պարտասուն, անսուաղ, թուրք ասկեարին հրացանի կոթի հարուածը իրենց մէջքին… Արդեօք Տէր Զօրի ճամբուն ո՞ր հատուածի աւազներուն տակ թաղուեցան, գիտնամ ու երթամ ծնկաչոք մոմ մը վառեմ եւ ափերս երկինք բարձրացուցած Աստուծմէ հաշիւ պահանջեմ:
Ես որբ չե՞մ: Որբը միայն ծնող չունեցո՞ղն է, հապա ես ի՞նչ եմ: Մէկը որ կեանքին մէջ «տէտէ, նէնէ, ամմօ, հոբբար, քեռի, քեռկին…» բնաւ չէ ըսած. որո՞ւ ըսէր, երբ չկային անոնք:
Իրաւունք չունի՞մ միջազգային ատեանի մը առջեւ իրաւունքս պահանջելու, անհետ կորսուած ազգականներէս խլուած ապրելու իրաւունքը պահանջելու: Կը ծիծաղի՞ն վրաս. բայց ինչո՞ւ, ասիկա գողութիւն չէ՞, իմ ազգականներս… եւ ոչ միայն՝ իմ խաչեալ ժողովուրդս, մեր նահատակները, իմ ազգականներս չե՞ն անոնք: Մէկ ու կէս միլիոն… Տոլար չէ, եւրօ ալ չէ, անոնք գողցուելու պարագային դատարանը գողը կը բռնէ, կը պատժէ. բայց մէկ ու կէս միլիոն ՄԱՐԴ… տոլարի չա՞փ ալ արժէք չունին, որ մինչեւ այս օր գողը գտնելով հանդերձ ոչ դատաստան կայ, ոչ պատիժ, ոչ ալ հատուցման մասին որեւէ խօսք:
Բռնաբարուած, գողցուած սէր, շոյանք, գգուանք, գուրգուրանք, տաքուկ գիրկեր, ընտանեկան հանդիպումներ, գերդաստանի տարեկան հաւաք… Ի՜նչ գերդաստան…: Անգլիացին, ֆրանսացին, օտարը կրնայ իր հարիւր, երկուհարիւր, երբեմն աւելի տարիներ ետ երթալ ու իր նախապապերուն անունները իմանալ, մեր պարագային՝ առաւելագոյն մեծ հայր, մեծ մայր եւ վերջ: Անկէ անդին ինչպէ՞ս անցնիս, ո՛չ յիշող մնացերէ է, ո՛չ արձանագրուած յիշատակարան: Սպաննեցին, քանդեցին, այրեցին… Ու հիմա, 107 տարի ետք, նստած կը մտածեն, թէ ինչպէ՞ս ընեն, որ սա մնացորդացն ալ երկրի երեսէն քշեն տանին:
Վերջին տարիներուն կը դժուարանամ Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալու, մեր նահատակներուն անշէջ կրակին առջեւ աղօթք մը մրմնջելու համար: Ոտքերս կը ցաւին. սակայն եթէ ծաղկեմատոյցին զուգահեռ հսկայ տետր մը դրուած ըլլար համալիրի մուտքին, որուն էջերուն վրայ ինծի նման ազգական, հող ու տուն, այգի ու պարտէզ, դպրոց ու եկեղեցի կորսնցուցածներն ու անոնց շառաւիղները իրենց բողոքը արձանագրէին ու իրենց հատուցման պահանջը ներկայացնէին, ապա այդ հսկայածաւալ տետրը միջազգային դատարան տարուէր… Ես իմ ցաւոտ ոտքերով ամէն ջանք կը թափէի ու կը հասնէի այդ տետրին ու կ՛արձանագրէի դատս ու պահանջքս: «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ», որքան հոլովեցինք այս բնաբանը, ի՞նչ դուրս եկաւ. պարզապէս անոր վրայ նոր մը աւելցաւ՝ Արցախը… Անոր համա՞ր ալ պիտի կրկնենք նոյն յանկերգը, մինչեւ որ… համոզուինք, որ խնդրողին բան չի՛ տրուիր, յատկապէս՝ հող: Մուրացկանին մանրուքներ կու տան միայն, ան ալ եթէ տան:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ