Ցարական Ռուսիայէն դար մը ետք, Սովետականէն ու սովետաթափումէն ալ ետք, Արեւմուտքի ատելութիւնը Ռուսիոյ հանդէպ մնաց ու կը շարունակուի աւելի կատաղութեամբ: Փաստը՝ Ուքրանիոյ պատերազմն է: Եթէ սովետական իշխանութեան շրջանին գաղափարախօսական պայքար կար, Քուպայի հրթիռներու պատմութեան օրերուն կանխուած առճակատումի վտանգ կար, Վիէթնամի ու Աֆղանիստանի մէջ տիրելու մրցակցութիւն կար, Երկաթեայ վարագոյր կար ու պաղ պատերազմը, Սովետի փլուզումէն ու համայնավարութեան վերացումէն ետք կարծուեցաւ, որ շատ բան կը փոխուի, սակայն Ուքրանիոյ պատերազմը եկաւ փաստելու, որ անթեղուած էր աւանդական ատելութիւնը, որ վերստին դուրս մղուեցաւ աւելի մոլեգնօրէն, յատկապէս երբ առանց ուղղակի առճակատումի ԱՄՆ-ի առաջնորդութեամբ Արեւմուտքը Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու արշաւի մը ձեռնարկեց, որուն նմանը չէր եղած պատմութեան ընթացքին:
Ես ռուսը պաշտպանողը չեմ եւ դատապարտած եմ անզէն, խաղաղ ժողովուրդ մը տնաւեր, գաղթական դարձնելը, սակայն կը դատապարտեմ Արեւմուտքը, որուն հազարաւոր պատիժներուն մասին տարբեր կարծիքներ կրնան ունենալ մարդիկ, սակայն երբ պատիժը մարդկային տրամաբանութեան սահմանները կ՛անցնի ու անհեթեթ կը դառնայ, այն ատեն պատժող կողմը անմիջապէս ետ կոչելու է իր պատիժը, որպէսզի տրամաբանող աշխարհի առջեւ դատապարտեալի աթոռին չնստի, այսինքն՝ պատժողէն յանկարծ պատիժի արժանի յանցագործի չվերածուի:
Ի՞նչ ըսել է ռուսական մշակոյթին վրայ կալանք դնել. գրականութիւն, գեղարուեստ, բեմարուեստ, ֆիլմարուեստ արգիլել: Ի՞նչ ըսել է գրախանութներէն ռուսական գրականութեան գիրքերը հանել. այսինքն Թոլսթոյ, Տոսթոեւսկի, Պուշքին եւ միւս մեծերուն գործերը չկարդալ: Դպրոցական դասագիրքերէն հանել ռուս գրողներու գործերը:
Եւրոտեսիլին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը կ՛արգիլեն: Նուագահանդէսներ, անհատ ռուս երաժիշտներ, աշխարհի թիւ մէկ պալէի խումբը՝ Պոլշոյ պալէի ելոյթները չեղեալ կը նկատեն: Ռուսական արուեստի ցուցահանդէսները կ՛արգիլեն: Կ՛արգիլուին Չայքովսքին, Շոստաքովիչը, Ռախմանինովն ու միւս մեծերը:
ԱՄՆ-ի դրդումով արդէն 30 երկիր մասնակցած են պատժամիջոցներու կիրառման: Արեւմուտքի մէջ արգելքներու այս խօլ արշաւը «Մշակութային պատերազմ» կոչած են:
Հին դարերէն սկսեալ, թշնամին առաջին հերթին բռնագրաւուած երկրին մշակոյթին ուղղած է իր ատելութիւնը եւ քանդած է մատենադարաններ, գրադարաններ, այրած ու փճացուցած է հարիւրհազարաւոր ձեռագիր մատեաններ եւ գիրքեր: Մշակոյթը հատու զէնք է, զայն փճացնելը երկիրը տկարացնել կը նշանակէ:
Աշխարհի ամենահին գրադարաններէն մին՝ Աղեքսանդրիոյ գրադարանը հրոյ ճարակ դարձուցին հռոմէացիները: Հուլաղուն, Աբբասեաններու մայրաքաղաք Պաղտատի 36 գրադարանները քարուքանդ դարձուց, անոնց բազմահազար ձեռագիր մատեանները Տիգրիս եւ Եփրատ գետերը լեցուց, այն աստիճան, որ ձեռագրի սեւ մելանին պատճառով գետերուն ջուրերը սեփ-սեւ դարձան, իսկ գետերուն մէջ կուտակուած գիրքերը որպէս կամուրջ ծառայեցին Հուլաղուի ձիաւոր զինուորներուն, որոնց վրայ կոխկռտելով անցան ձիերը: Հին դարերուն նման բաներ պատահած են յաճախ, սակայն կը կարծուէր, որ մարդկութեան զարգացման հետ այդ վարուելաձեւը չի կրկնուիր: Սխալած ենք: Ոխն ու ատելութիւնը կրնան քանդել բարոյական ամէն պատուար:
Ներխուժումի, գրաւումի ու նուաճումի ազդեցիկ միջոցառումներ են, սակայն ներկայ պարագային, առանց ներխուժումի, առանց ուղղակի յարձակումի, Ռուսիան նշաւակ դարձնելու, ատելութիւնը բորբոքելու կը ծառայեն, բան մը՝ որ նոյնքան վտանգաւոր է, որքան ուղղակի յարձակումը: Ատեցէք Ռուսիան ինչքան կ՛ուզէք, բայց քաղաքականութեան մի ծառայեցնէք մեծ մշակոյթ մը: Մշակոյթը չի վնասուիր, զայն նուաստացնողները կը դատապարտուին ու ոճրագործ կ՛անուանուին:
Սակայն, ո՞ւր է քսանմէկերորդ դարու գերզարգացած աշխարհը, որ դատապարտէ եղածն ու կասեցնէ մշակութային այս ոճիրը: Ի՞նչ կը փնտռենք, գերզարգացածները իրե՛նք են յանցագործները, իրե՞նք պիտի դատապարտեն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ