Ուքրանիոյ պատերազմը ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտը դարձած է: Աշխարհի միւս բոլոր հարցերը, եթէ չեն մոռցուած, սակայն դարձած են երկրորդական: Այսպէս չէր ըլլար, եթէ սովորական երկու երկիրներ ընդհարուէին, բայց երբ կռուողներէն մէկը, աւելի ճիշդ պատերազմ ձեռնարկողը Ռուսիան է, պարզ է, որ ամբողջ աշխարհի պաշտօնական եւ անպաշտօն լրատուամիջոցները այս հարցին շուրջ պիտի դառնային:
Վայրկեան մը փակագիծ մը բանանք եւ այս թոհուբոհին մէջ լուսաւոր կէտի մը անդրադառնանք. կէտ մը, որ զիս, որպէս սուրիացիի ոչ միայն հետաքրքրեց, այլեւ յուսադրեց: Ատիկա, անցեալ շաբաթ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի այցն էր Էմիրութիւններ: Ամբողջ 11 տարի երկրին վրայ պարտադրուած անմարդկային պատերազմին ու անոր պատճառած ողբերգական հետեւանքներուն եւ տարատեսակ «պատիժներուն» պատճառով մեկուսացած Սուրիան, որուն աթոռը ցարդ թափուր կը մնայ Արաբական Լիկայի ժողովներուն, որուն երես դարձուցին բոլոր արաբական երկիրները (բացի Լիբանանէն)՝ հետեւելով Արեւմտեան երկիրներու կեցուածքին, որուն պատճառով ժողովուրդը ահաւոր վիճակներու մատնուեցաւ՝ բնակչութիւնը կէսի իջաւ, մնացորդացն ալ դեռ կը սառի ձմրան, վառելանիւթի բացակայութենէն, որ օր-ցերեկով իր նաֆթահորերէն կը գողնան ու կը տանին, որուն հիմնական սնունդի երկու բաղադրիչները՝ ցորէնն ու ձիթապտուղը կը գողնան ու կը տանին, որուն ճարտարարուեստին նպաստող նորագոյն մեքենաները նորաբաց գործարաններէն գողցան ու տարին… Դիմացաւ, տոկաց, ի զարմանս աշխարհի:
Էմիրութիւնները առաջին պետութիւնն էր, որ անցեալ տարի վերաբացաւ իր դեսպանատունը Դամասկոսի մէջ, պատռելով լռութեան վարագոյրը, իսկ այսօր ալ, Ասատի այցելութեամբ, պիտի վերականգնին բնականոն յարաբերութիւնները, եւ վստահ եմ, որ Էմիրութիւններու օրինակին պիտի հետեւին նաեւ արաբական միւս պետութիւններն ալ:
Այո՛, լուսաւոր կէտ մըն է եւ բոլորս յոյսով կը լեցնէ, ակնկալելով որ Սուրիան կը վերադառնայ իր նախկին օրերու բարգաւաճ կեանքին:
Պատիժները շատ վնասեցին, բայց չընկճեցին Սուրիան, որուն համբերութեան ու դիմադրողականութեան սատարեցին Ռուսիան եւ Իրանը: Սուրիան իր տնտեսական ծանր կացութեան մէջ իսկ 110 թոն օժանդակութիւն ուղարկեց Ուքարանիոյ ռուսական տիրոյթին տակ գտնուող շրջաններուն: Թէ ի՞նչ ելք կ՛ունենայ ռուս-ուքրանական պատերազմը, հիմակուընէ իսկ յայտնի է, աւելի ճիշդ՝ պատերազմի սկիզբէն իսկ յստակ էր, թէեւ օրերու հարց կը կարծուէր Ուքրանիոյ գրաւումը, սակայն ահա՛ մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակուի:
Երբ ռուս-ուքրանական պատերազմը վերջ գտնէ, հաշուարկ մը պիտի ըլլայ չէ՞, գիտնալու համար, թէ ո՞վ շահեցաւ ու ի՞նչ շահեցաւ, եւ թէ ո՞վ վնասեց եւ ինչքան վնասեց: Գուշակ ըլլալու կամ ալ շատ հմուտ քաղաքագէտ ըլալու պէտք չկայ, հիմակուընէ կարելի է ամենապարզ եւ ճշգրիտ պատասխանը տալ՝ վնասեցին պատերազմողները, շահեցան միայն զէնք արտադրող երկիրները: Ամբողջ Արեւմտեան պլոքը, յատկապէս ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները, ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ անձրեւի պէս զէնք ու զինամթերք տեղացուցին:
Իսկ ժողովուրդը՞… Օ~, ժողովուրդին հաշիւը ընող չկայ. ժողովուրդը մանրուք դրամ է: Հապա ի՞նչ կարծեցիք, այդ բոլոր երկիրները ամբողջ տարիներ զէնք ու զինամթերք կը կուտակեն, որ ի՞նչ… զանոնք թթո՞ւ պիտի դնեն, պահեն որ ժանգոտի ու թափուելի՞ք դառնայ: Պէտք է ատենը անգամ մը զանոնք սպառելու դաշտ գտնուի: Չգտնուեցաւ, իրենք կը սարքեն, դժուար չէ, իրենց ուզած տեղը կայծ մը կը նետեն, ուր արդէն խարոյկի դիւրավառ վառելանիւթ կայ, կայծը կը նետեն ու յետոյ հրշէջի դերեր կը ստանձնեն, որուն ընթացքին անդադար կրակին վրայ իւղ կը լեցնեն, որպէսզի չմարի…
Աստուած մեզ փրկէ պատերազմներէն ու պատերազմ հրահրողներէն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ