Յաճախակի դարձեր են պատմական Հայաստանի քարտէսներուն տեղադրումները դիմատետրի (Ֆէյսպուքի) էջերուն՝ Մեծն Տիգրանի նուաճած երկիրներու քարտէսը, Ուիլսընեան Հայաստանի քարտէսը, Կիլիկիան Հայաստանի քարտէսը… եւ ասոնց զուգահեռ Ներկայ ՀՀ քարտէսը, Արցախի հին ու ներկայի քարտէսը, անշուշտ, եթէ աչքի զարնելիք բան մը մնացեր է:
Ասոնց կողքին տեսարաններ ու հերոսներու նկարներ, երբեմն ալ մեր հայդուկներուն քաջագործութեանց պատմութիւններն ու անոնց նկարները: Դեռ հայ թագաւորներու հատած մետաղադրամները ու դեռ ինչե~ր ու ինչե՛ր, սակայն բոլորն ալ ՀԻ՛Ն…
Գիտէ՞ք ասոնք ինչի՞ կը նմանին. կը նմանին սնանկացած վաճառականի մը իր փոշոտած հին Տաֆթարներուն (տետրակներուն) վերաբանալուն, մէյ մը հին, լաւ ու յաջող օրերը վերյիշելու համար, մէյ մըն ալ պրպտելու, որ գուցէ այստեղ-այնտեղ մոռցուած պարտատէր մը կայ, չգանցուած գումար թերեւս, որ կարելի է հետապնդել ու գանձել թերեւս…
-Ծօ դուն գիտե՞ս մենք ինչ ազգ եղած ենք, ինչ թագաւորներ ունեցած ենք, ինչ երկիրներ գրաւած են անոնք, տես տես քարտէսին մէկ ծայրը ուր է, միւս ծայրը ո՛ւր:
Կը դիտենք, կը հիանանք, կը հպարտանանք քանի մը վայրկեան ու անմիջապէս փուչիկի նման կը ֆսսինք ու կը վերադառնանք մեր ներկային… Է՞ ուր գացեր է այս ամէնը… Է, իշտէ մեր երկրին դիրքը մեզի փորձանք եղած է, աջէն-ձախէն, վերէն- վարէն մեր վրայ յարձակեր են, մեր վրան կոխելով-կոխկռտելով անցեր-գացեր են, կռուախնձո՛ր եղած ենք, կռուախնձո՛ր…
Պատասխանող մը չկա՞յ որ ըսէ՝ կռուախնձոր չենք եղած, գետնախնձո՛ր եղած ենք, ատոր համար կոխած են վրանիս ու անցած են, եթէ իրաւ խնձոր եղած ըլլայինք, ծառին վրայ կ՛ըլլայինք, ոչ հողին տակ:
Պատասխաննիս պատրաստ է՝ հայո՛ւ բախտ: Ծօ բախտը ի՞նչ գործ ունի, երբ միշտ անմիաբան եղած ենք, կտոր-կտոր, նախ՝ իշխանատուներ ու բերդակալներ, ապա՝ կուսակցութիւններ ու յարանուանութիւններ, կաթողիկոսներ ու պատրիարքներ, բոլորն ալ միշտ մէկէ աւելի: Անշուշտ եթէ մէկ ըլլար, հարց չէր ծագեր, ոչ ալ բախտին կը հայհոյէինք, բայց, իշտէ…
Կարեւոր է ունենալը, սակայն շա՛տ աւելի կարեւոր է ունեցածդ պահել գիտնալը: Կատակասէր ընկեր մը ունէի, կ՛ըսէր՝ հինգ քիլօ ոսկի ունեցողը տասը քիլոնոց «ոռով» պիտի նստի վրան, թէ չէ, կը թռի, կ՛երթայ: Որքան ալ գռեհիկ հնչէ ասացուածքը, մէջը իրականութիւն կայ. ունեցածնիս պահել չենք գիտցած. Մեծն Տիգրանի Հայաստանը գնաց, Բագրատունեան վերջին թագաւորութեան Հայաստանը գնաց, Կիլիկեան Հայաստանը՝ նոյնպէս: Գնաց մեր ամբողջ «Էրկիրը», Ուիլսընեան Հայաստանը սաղմին մէջ մեռաւ, Առաջին Հանրապետութիւնը գնաց, երկրորդն ալ գնաց, կարգը եկաւ երրորդին… Արցախն ալ գնաց… ուրի՞շ…
«Աստուած կը պահէ» ըսինք ու սպասեցինք որ պահէ, երբ եղածն ալ գնաց, մնացածը Աստուած կը պահէ, ըսինք, նորէն ալ փառք տանք որ այսքանը մնաց,-ըսինք ու փառք տուինք եւ դեռ կը շարունակենք փառք տալ:
Անշուշտ, առանց անցեալի, ապագայ կարելի չէ կերտել, սակայն, նոր կացութեան դիմաց աչք գոցել ու անդադար հինի փառքերով ապրիլ, հինին մէջ ալ կը մնայ մարդ ու դուրս չի գար նորը տեսնելու ու նորին համար աշխատելու եւ պայքարելու:
Տիգրան Մեծի ժամանակ հայութեան թուաքանակը ինչ որ էր, այսօր գրեթէ նոյնն է կ՛ըսուի: Երկու հազար տարի ետք, եթէ նոյնը մնացեր ենք, չենք աճած, ուրեմն յանցանքը մերն է: Թող չըսուի, որ անդադար կոտորուեր ենք, ամօ՛թ մեզի, ինչո՞ւ անդադար պիտի կոտորուէինք, եթէ գիտնայինք ինքնապաշտպանութեան ձեւերը, պատրաստ ըլլայինք թշնամիներուն դէմ դնելու, կոտորուելու փոխարէն, կոտորելու:
Անդադար կը բողոքենք, բողոքելը իւրացուցած սովորոյթի վերածեր ենք: Գոնէ հիմա խելքերնիս գործածենք ու այլեւս չկոտորուինք, չպարտուինք ու թշնամիին դէմ հլու- հնազանդ կեցած մեզի հրամցուցած լեղի բաժակը չըմպենք: