Անորոշ եւ մտահոգիչ պարունակութեամբ «Խաղաղութեան պայմանագիրը» ինքնին իրական խաղաղութեան երաշխիք չէ՛
Հայաստանի իշխանութիւնները այս օրերուն մեծ ակնկալութիւններ կ ուզեն վերագրել այն տեղեկատուութեան, թէ Ատրպէյճանի հետ «Խաղաղութեան պայմանագրի» շարադրութիւնը վերջնականացած է: Արդարեւ, պարտութեամբ վերջացած քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք, անցեալ չորս տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի ...