Ամերիկեան վիզայի դիմումներ ու յարակից փաստաթուղթեր պատրաս- տող երեւանեան գործակալութիւններէն մէկուն տնօրէնը, նախկին լրագրող, օրերս մտերմաμար ինծի կը յայտնէր, թէ անձնակազմի սակաւութեան եւ դիմումներու առատութեան պատճառով Ամերիկեան դեսպանատան հիւ- պատոսական μաժինը մինչեւ յառաջիկայ Փետրուար յետաձգած է նոր դիմումներու ընդունումը սովորական վիզայի համար: Առանց բարեկամիս վկայութեան ալ կարելի է պարզ աչքով նկատել, թէ Միացեալ Նահանգներ մեկնողներուն եւ մեկնիլ փափաքողներուն թիւը զգալիօրէն շատցած է, ինչ որ կը յուշէ կամ ենթադրել կու տայ արտագաղթի նոր ալիքի մը մասին, ոչ միայն դէպի Մ. Նահանգներ, այլ նաեւ այլեւայլ եւրոպականերկիրներ, բացառութեամբ Ռուսաստանի, որ 90-ական թուա- կաններուն, ինչպէս յայտնի է, գաղթականութեան գլխաւոր թիրախն էր հայաստանցիներուն` 800 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն ներգաղթեալներով: Հիմա Ռուսաստանը, յատկապէս ...