Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Համազգայինի աշխարհատարած մասնաճիւղերու գործունէութիւնը՝ կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս, ինչպէս ...