Քանի մը օր առաջ, մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, ի մասնաւորի ՀՀ կառավարութեան շէնքին մայթերուն վրայ եւ դրան մօտ բոլորին արդէն յայտնի արտառոց երեւոյթ մը պատահեցաւ: «Հերոս»ը Համըր մակնիշի ինքնաշարժի մը ղեկին ետեւ նստած «անհաւասարակշիռ» յայտարարուած վարորդ մըն էր: Ան շրջանցելով մեծ թիւով անճրկած ոստիկաններ եւ պարեկներ՝ խուլիկանական արարքներ գործեց: Նշեալ Համըրին վարորդը, ճանապարհային օրէնքներու ահաւոր եւ վտանգաւոր խախտումներու արդիւնքով մեծ թիւով ականատեսներու աչքերուն առջեւ վնասեց անցնող մարդկանց ու ոստիկաններուն եւ հանդիպած ոստիկանական, թէ քաղաքային ինքնաշարժներու:
Աւելի քան հետաքրքրական երեւոյթ մը իր ժամանակով, ձեւով ու բովանդակութեամբ:
Մինչ ոեւէ երկրի մը մէջ նման ապահովական նկատառումներ ունեցող վայրի մը մէջ անակնկալօրէն յայտնուած ու նշեալ արարքները գործող ինքնաշարժին վարորդը, վայրը հսկող ապահովական մարմիններու կողմէ ճակատէն կը գնդակահարուի անմիջապէս վնասազերծելու համար զինք, մեր մօտ պատկան մարմինները փաստարկուած տեսանիւթերու պարզումով, ամենաապիկար ու ամենաանհեթեթ դասական միջոցառումները կիրառեցին, չկարենալով կասեցնել «անհաւասարակշիռը»:
Աւելի ուշ, «անհաւասարակշիռ» անձի վարկածը հակակշռող յայտնութիւններ երեւան եկան, որոնք հաստատեցին, որ նոյն տիրոջ՝ իմա վարորդին հօր պատկանող նոյն ինքնաշարժը, դեր ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Աթոռին գահակալին դէմ (իշխանութեան գլուխ նոր եկած խումբին «օրհնութիւնը» վայելող) ընթացք առած շարժումին մէջ:
Այս բաժնին մեկնաբանութիւնը ձգելով ընթերցողին կ՛անցնիմ նոյն թեմային այլ կէտին:
Մինչ այս թոհուբոհը, որ ամբողջ գիշերն ու յաջորդ օրը զբաղած պահեց հայաշխարհը իր ֆէյսպուքահայերով հանդերձ, զուգահեռ երեւոյթ մը ի յայտ եկաւ: Արագ անցած լրատուութիւն մըն էր, որ կը տեղեկացնէր հայկական միտքն ու հաւաքական խիղճը անհանգստացնող եւ սովորական օրի մը պարագային աղմկայարոյց, Հայաստանի իշխանութիւններուն (թեթեւ ձեռքով) Մարգարայի սահմանադուռին միջոցաւ Թուրքիա ղրկուած օգնութեան մասին: Այս լուրը չափազանց աննշան անցաւ ու կորաւ, վերը նշուած խուլիկանութեան յարուցած աղմուկին մէջ…:
Այս կէտին դաւադրական տեսութեան վրայ հիմնուած, թէ տրամաբանական, մեկնաբանութիւնը դարձեալ կը ձգեմ մեր ընթերցողին եւ կը շարունակեմ սիւնակս նշելով այլ երեւոյթի մը մասին:
Արցախի աւելի քան 60 օրերու շրջափակումին ընթացքին այնտեղ «բանտարկուած» մեր հոգեհարազատներուն ցպիկ մը ղրկել չձեռնարկած հայրենի մեր իշխանութիւնները, խաղաղութիւն մուրացողի իրենց յայտնի պահուածքով յայտնի (չըսելու համար այլ բան), 5 բեռնատարներով 100,000 հազար թոն պարէն ուղարկեցին, Արցախի շրջափակումը հովանաւորող ու անոր քաջարի ժողովուրդին ցեղասպանութեանը միտող՝ Թուրքիային…:
Մինչ հայկական կողմը սահմանագիծը անցնող բեռնատարներու անմեղ նկարներ կցած էին նշեալ լուրին, Թրքական կողմը իրեն յատուկ խորհրդապաշտական մօտեցումով, ինչպէս նաեւ սեւ ՓԻ.ԱՐի գործիքաւորում օգտագործելով, ուրիշ դիրք չէր գտած նշեալ բերնատարները նկարելու, բացի Իգտիր քաղաքին մէջ կանգնած Հայկական ցեղասպանութիւնը անամօթաբար տակաւին ժխտելու քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ (Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Հայերը թուրք ժողովուրդին ջարդած ըլլալու հեքիաթին նուիրուած) 1999ին թուրք «զոհերուն» յիշատակին համար կանգնած յուշահամալիրին ֆոնով:
Ահաւասիկ այսպէս է ցեղասպան թուրքին (իրականին մէջ արժանի) պատասխանը աւելորդաբանութիւններով տարուած մեր իշխանութիւններուն, որոնք դիւանագիտական մեծ յոյսեր կապած են իրենց ուղարկած մարդասիրական օգնութիւններուն վրայ:
Այս անգամ ինծի վերապահած մեկնաբանութեամբ այստեղ չեմ վարանիր նշել, որ պիտի բնաւ չզարմանամ, եթէ օր մը լսեմ, թէ մեր «սիրելի» իշխանութիւնները, ներողութիւն կը խնդրեն թրքաազրպէյճանական կողմէն, 44օրեայ պատերազմին հայկական կողմին ցուցաբերած դիմադրութեան համար…:
Աւելի չերկարելու համար այս ցաւոտ նիւթը, կը մնայ շեշտադրեմ այն փաստին վրայ, որ մինչ թրքական կողմը առիթ չի փախցնէր սեւ ՓԻ.ԱՐի միջոցաւ վարկաբեկելու ու վիրաւորելու հայ ժողովուրդը, մեր իշխանութիւնները մեր գիւղերն ու աւանները տակաւին հողածածկ ճամբաներով թողած, թուրքիան Հայաստանին կապող Մարգարայի սահմանադուռի ճանապարհը կ՛աճապարեն սիրուն ասֆալտապատելու, երեւի կամայ-ակամայ դիւրացնելու համար թրքական կողմին Հայաստան մուտքը՝ վերջ տալու համար Էրտողանի արտայայտութեամբ՝ թրքական եաթաղանէն պրծած հայութեան վերջին բեկորներուն, ու զինուորապէս կամ տնտեսապէս վերջնականօրէն գրաւելու մեր Հայրենիքը, կամ այն ի՛նչ, որ մնացած է անկէ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթ