ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՆԵՐՍԷՆ ԴԻՏԱԾ
«Ոդիսական» 7
Լոռիի մարզ, Գյուլագարակ համայնք – Մեր Օրեր
Մերօրեայ սովորութիւն է, Հայաստանի իշխանութեան փորձերը՝ իրենց հիւրընկալած տեղին ու անտեղի միջոցառումներով, հրավառութիւններով, հսկայական տօնածառով, եւ ոչ միայն, տքնիլ զարմացնել թշնամին ու բարեկամը, ներկայանալով որպէս եւրոպական մակարդակի երկիր: Սակայն եկուր տես, որ ներկայացուած կեղեւէն ներքեւ եթէ փորձենք քիչ մը փորփրել, կը յայտնուինք երրորդ աշխարհի՝ ոչ-զարգացած երկիրներու յատուկ ընկերաքաղաքական ամենայետամնաց երեւոյթներու առջեւ:
Վերջերս փորձեցի այցելել Հայաստանի տարբեր շրջաններու համայնքներուն եւ գիւղերու ֆէյսպուքի էջերը, հասկնալու համար, որ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ բացի Երեւանի կեդրոնէն կամ Հիւսիսային փողոցէն, որ շատ մը անտեղեակներու հասկացողութեամբ՝ Հայաստանը կը ներկայացնէ:
Հանդիպեցայ հետեւեալ գոհարներուն, որ անշուշտ պարզապէս նմոյշ մըն է տիրող համատարած վիճակէն, որ շատ չի տարբերիր աժան ժողովրդայնութեամբ մը երկիր կառավարելու ամենավատ մոտելէն, որ անշուշտ մեր հայրենիքին ապրած ողբերգութեան ակունքը կը հանդիսանայ:
Կցուած նկարին ձախ կողմով ներկայացուածին գրառումին մէջ կը կարդանք. «ՀՀ հանրապետութեան Լոռիի մարզի Գյուլագարակ խոշորացված համայնքի և Գարգառ վարչական տարածքների փողոցներում իրականացվել են լուսավորության հետ կապված աշխատանքներ. հին լամպերը փոխարինվել են նորերով»:
Այլ խօսքով. տարրական վերանորոգման (maintenance) աշխատանքները որպէս իրագործում կը ներկայացուին: Համայնքապետարանի մը նուազագոյն պարտականութիւնը, որպէս շնորհ կը գովազդուի: Նպատակը՝ մէկ կողմէն ապագայի ընտրութիւններուն քուէներ կորզելն է, որպէս «լաւ» աշխատող աւագանի, միւս կողմէն, գիւղացիին ակնկալութիւնները տարրականի սահմաններուն մէջ պահելու հոգեբանական յատուկ միջոցառում…: Երրորդին մասին, եթէ կայ, խնդրոյ առարկայ աւագանին մեր միտքերը թող լուսաւորէ…:
Աջ կողմի նկարին գրառումը աւելի եւս «դիւցազներգական» (epic) է… «Գյուլագարակ համայնքի Ամրակից բնակավայրի վարչական շենքում կատարվել է դռների վերանորոգման աշխատանքներ, համայնքի ղեկավարի հանձնարարությամբ»։ Այսինքն նոյնն է եթէ տանտիկին մը հպարտութեամբ հրապարակէ, որ ինք՝ իր նախաձեռնութեամբ լուացած է իր տան սպասքը, կամ տան մաքրութիւնը իրագործած…:
Այսքանով բաւարարուիմ, նախ դարձեալ շեշտելով, որ վերոնշեալը պարզապէս նմոյշ մըն է: Իսկ ինչ կը վերաբերի սոյն երեւոյթին, ապա ուրիշ բան չեմ գտներ բացի ըսելէ՝ ԱՄՕԹ Է:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթոնք» օրաթերթ