Լիբանան կը պատրաստուի 8 Փետրուարին կայանալիք ընդհանուր գործադուլին, որ զարմանալիօրէն ուշացած է, մինչ երկիրը ամէն իմաստով փլուզուած վիճակի մէջ կը գտնուի նաեւ ժողովրդային անհասկանալի լռութեան պատճառով:
Գործադուլի հիմնական պահանջ յայտարարուած է արագօրէն ընտրել Հանրապետութեան նախագահ, պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կանոնաւորելու եւ խնդիրներու լուծման նպաստելու համար։
Այսօր Լիբանանի ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի սրութիւնը օրեցօր կը բազմապատկուի: Տոլարի սակը կը սաւառնի սանձարձակ առանց առաստաղի: Տակաւին տոկացող տնտեսական ոլորտներու պատկանող մնացած հաստատութիւններն ալ փլուզման եզրին են: Նոր յայտնի դարձաւ նաեւ, որ բժշկական համակարգին մէջ տակաւին պետական նպաստ վայելող քաղցկեղի դէմ դեղամիջոցներն ալ պիտի զրկուին անկէ: Կան քայքայուող կրթական ոլորտ, գրեթէ անգոյ պետական հաստատութիւններ, եւ անհեթեթ քաղաքական վէճեր ու խնդիրներ, որոնց ի տես գործադիր իշխանութիւնը անտարբեր է կամ անկարող է լուծումներու մասին մտածելու եւ միջոցներ ձեռնարկելու:
Երկար ժամանակէ ի վեր դժբախտաբար Լիբանանի Աշխատաւորներու սենտիքան եւ անոր յարակից մարմինները կորսնցուցած են իրենց գոյութիւնը իմաստաւորող՝ Լիբանանի աշխատաւորներուն եւ ժողովուրդին շահերուն եւ իրաւունքներու պաշտպանը հանդիսանալու պաշտօնը եւ վերածուած են քաղաքական որոշ կողմերու կամակատարը: Այս իսկ պատճառով անոնց շարժումները լրջութեամբ չեն ընկալուիր հասարակութեան կողմէ եւ հետեւաբար ամուլ դուրս կու գան:
Իր ձեւին մէջ գործադուլի սոյն կոչն ու կայացումը աւելի քան կենսական է այս հանգրուանին, պայմանաւ որ անոր բովանդակութիւնը կեղծ չըլլայ ու չշեղի ընկերային մակարդակի վրայ իրմէ պահանջուած վարքէն, վերածուելով՝ ընդամէնը քաղաքական փոստարկղի կամ միջոցի, որոշ կողմերուն քաղաքական նպատակներուն ծառայելու:
Կը մնայ յուսալ, որ սոյն գործադուլը նախագահական ընտրութիւնները շուտափոյթ իրականցնելու մղող իր արդարացի կոչով քօղարկուած նպատակ չի հետապնդէր՝ ճնշելու երկրին ընդդիմադիր թեւին վրայ ու անոր պարտադրելու ընդունիլ նախագահական թեկնածու մը, որ կը բաւարարէ իշխող համակարգին բաւարարող անձնաւորութիւն մը կամ անգոյն եւ անհամ կերպար մը, որ կրնայ նպաստել 6 տարիով եւս երկարաձգելու Լիբանանի վրայ իր զէնքով ինքզինք պարտադրող ներքին կողմի մը սանձարձակ իշխանութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթոնք» օրաթերթ, Լիբանան