Ինքնակեդրոն խմբակ մը իր շրջապատին կը նայի այնպէ՛ս, կարծես ինք այնտեղ գլխաւոր հերոսն է:
Հատուածապաշտութիւնը գերընդգծուած քաղաքական, տնտեսական և ընկերային (սոցիալ) պատկանելիութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումն է ոչ թէ ամբողջ հաւաքականութեան հանդէպ, այլ՝ տուեալ հաւաքականութեան որոշակի մէկ մասին նկատմամբ:
Այս բառագիտական նախաբանէն ետք անցնիմ բուն նիւթիս:
Մեզի պաշտօնակից, Լիբանանի «Ազդակ» (ՀՅԴ-ի օրկան – խմբ.) օրաթերթին մէջ կարդացի, թէ Լիբանանի տագնապալի կացութեան ի տես, վերջերս ՀԱՅԿԱԿԱՆ երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով, «Շաղզոյեան» (ՀՅԴ-ի պատկանող – խմբ.) կեդրոնին մէջ գումարուած է ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ, խորհրդակցական ժողով, ներկայութեամբ ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններու (դաշնակ պլոքէ – խմբ.) եւ նախարարներու (դարձեալ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած – խմբ), ՀՅԴ Բիւրոյի Լիբանանի ներկայացուցիչի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն (պատկանելիութեամբ դարձեալ դաշնակ – խմբ.)…
Վերեւի, իմ կողմէ կատարուած ընդգծումները յատուկ կերպով եղած են մատնանշելու համար անոնց յոռի օգտագործումը: ՀՅԴ-ն Լիբանանի մէջ իր երեսփոխանական խմբակցութիւնը անուանած է Հայկական պլոք, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ ինք Լիբանանի խորհրդարանին մէջ լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող վեցէն միայն մէկ աթոռը ունեցած է: Ան ոչ միայն արհամարհած է միւս ներկայացուցիչները ու անտեսած անոնց գոյութիւնը (ով որ դաշնակացական չէ, Հայ չէ լոզունգով), այլ նաեւ ան երկար տարիներու ընթացքին ակնյայտօրէն եւ անարդար կերպով շահագործած է համայնքին անունը միշտ տարուած զայն իւրացնելու եւ իր հետ նոյնացնելու փորձով: ՀՅԴ-ն նոյնիսկ նկատի առած չէ (դիտմամբ) այն նրբութիւնը, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ չկայ համայնքի կամ ազգութեան մը անունով այլ խմբակցութիւն: Բոլոր միւս խմբակցութիւններուն անուններն ալ գաղափարա-քաղաքական բովանդակութեամբ եզրոյթներ եղած են Լիբանանի պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Նոյն ծիրէն ներս ան տարուած հատուածապաշտական պատմական իր պահուածքով, նաեւ չէ հոգացած (դարձեալ միտումնաւոր), որ նման անուանումով իր խմբակցութեան իւրաքանչիւր քաղաքական կեցուածքը Լիբանանի բնակչութեան բաղկացուցիչ միւս տարրերուն ենթագիտակցութեան մէջ կրնայ վերագրուիլ ամբողջ լիբանանահայութեանը, անոր ամբողջութիւնը շփոթելով կուսակցութեան մը հետ եւ վերջերս նաեւ անձի մը հետ, որ հազար կարկտանով հազիւ կարողացաւ Լիբանանի երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն կերպով մը իր աթոռը պահել խորհրդարանին մէջ:
Դարձեալ վերեւի իմ ընդգծած ընդլայնուած բառը, միտումնաւոր է քննադատելու, եւ ինչու չէ նաեւ ծաղրելու համար խնդրոյ առարկայ հաղորդագրութեան մէջ նշուած հետեւեալ տողերը. «Ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին պահել հայկական միասնականութիւնն ու Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն դէմ յանդիման համապատասխան կամքի եւ գործի դրսեւորումը»: Ի՜նչ միասնականութեան մասին է խօսքը: Միասնականութիւն կ՛ենթադրէ տարբեր խումբերու հետ լուրջ համագործակցութիւն: Այս պարագային ո՛վ, որո՞ւ հետ միասնականութիւն պիտի խաղայ երբ հաղորդագրութեան մէջ պարզ է հանդիպման միակողմանի ներկայութիւնը: Եղածը՝ ասպէս կոչուած խորհրդակցական ժողով մըն է, ուր շրջանցուած են լիբանանահայ այլ կողմերն ու մարմինները, որոնք նոյնքան առնչուած են Լիբանանի ներկայ կացութեան ստեղծած դժուարութիւններուն հետ եւ նոյնքան վտանգուած:
Այս անապահով օրերուն, մեզի համար անշուշտ կարելի էր դարձեալ շրջանցել կատարուած այս բացթողումը, ներկայ դժնդակ օրերուն ներհայկական խնդիր մը չառաջացնելու մտահոգութեամբ: Նրբանկատութիւն մը, որ անշուշտ միշտ շահագործուած է նշեալ խումբին կողմէ: Սակայն Լիբանանի համար ռազմաքաղաքական այս շատ վտանգաւոր եւ անկիւնադարձային պահուն կարելի չէ լուռ մնալ ի տես ՀՅԴ-ի Լիբանանի ղեկավարութեան արկածախնդիր պահուածքին, ինչ կը վերաբերի իր անսակարկ զօրակցութեանը Հըզպալլային, մինչ այդ կազմակերպութեան հանդէպ նոյն ջերմ զգացումները չեն կիսեր Լիբանանի մէջ շատ մը կողմեր ընդ որում այնտեղ ապրող ու գործող մեր բնական դաշնակից՝ քրիստոնեայ կողմերը: Անոնց ուշադրութենէն անկարելի է վրիպին ՀՅԴ-ի Հըզպալլային անսակարկ կերպով զօրակցելու յայտարարութիւնները, որ կախուած դէպքերու ընթացքէն կրնայ ո՛չ հաճելի անդրադարձ ունենալ Լիբանանի տարածքին այլեւս փախչելու տեղ չունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայ: Արկածախնդրութիւն կ՛ըսեմ, որովհետեւ 1975-1990 ներ-լիբանանեան պատերազմի տարիներուն հայերս, մեծամասնութեամբ իսլամ բնակչութիւն ունեցող արեւմտեան Պէյրութէն տեղափոխուեցանք արեւելեան Պէյրութի մէջ մեծամասնութիւն եղող մեր լիբանանցի հաւատակիցներուն շրջանները: Այսօր եւ մօտ ապագային, ՀՅԴ-ի անհասկնալի (մեզի համար ո՛չ այնքան) պահուածքին պատճառով հայութիւնը կրնայ որպէս ո՛չ հաճելի ներկայութիւն ընկալուիլ իր ապրած շրջաններուն մէջ:
Օրինակ մը տալու համար հոս տեղին է նշել քանի մը շաբաթ առաջ զոհուած Հըզպալլայի առաջնորդ՝ Հասան Նասրալլայի սպանութեան դատապարտումի եւ ցաւակցութեան ՀՅԴ-ի յայտարարութիւնը, որուն բովանդակութեամբ, նոյն կողմին ստորագրութեամբ տողեր չեմ կարդացած նոյնիսկ Կարէն Տէմիրճեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի նման Հայ ազգի հերոսներուն անարգ սպանութեան առիթով…: Այստեղ անմիջապէս նշեմ, որ որպէս հայորդիներ բոլորս ալ դէմ ենք անարդարութեան եւ գործուած անմարդկային ոճիրներուն: Դարերով մեր ազատութեան ու արժանապատւութեան համար պայքարող ժողովուրդի մը զաւակներուս համար պաղեստինեան դատը աւելի քան արդար է անկախ զայն հետապնդելու շուրջ օգտագործուած միջոցներու հանդէպ մեր ունեցած տարբեր կարծիքներէն: Նոյնը կը վերաբերի Հըզպալլայի դիմադրական գործողութիւններուն, եթէ այդ միշտ կատարուէր հաշուարկուած եւ ճիշդ քայլերով: Սակայն ի՞նչ պիտի ընէ լիբանանահայութիւնը եթէ յանկարծ իր դիմագրաւած պարտութիւններէն խորտակուած եւ յուսալքուած, եւ կորսնցնելու շատ բան չունեցող Հըզպալլան իր զէնքը դէպի ներս դարձնէ… Ի՞նչ պիտի ըլլայ ՀՅԴ-ի կողմնորոշումը…:
Այո՛ մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ կամ մեզի հասցնել ՀՅԴ-ի ինքնակեդրոն հատուածապաշտութիւնը Լիբանանի մէջ եւ ո՛չ միայն…:
Այստեղ հաւասարապէս արդար է նաեւ այպանել հայկական այն կողմերը, որ Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի սանձարձակ գործունէութեան եւ արկածախնդիր քաղաքականութեան դէմ կրաւորական կեցուածք որդեգրած են: Կարելի չէ լռել եւ կարելի չէ այս վտանգաւոր իրավիճակին հակադրոյթը չստեղծել:
Մինչ այդ, Աստուծոյ ու պատմութեան առջեւ մեզի կը մնայ պատասխանատու նկատել ՀՅԴ-ն, լիբանանահայութեան ներկան ու ապագան իր հատուածական շահերուն զոհասեղանին դրած ըլլալու անպատասխանատու եւ աններելի պահուածքին համար, որ ի միջի այլոց եւ որպէս արդիւնք իր անհեռատես գործունէութեան, չունի անցեալի իր ժողովրդականութիւնը: Ինչպէս չունի նաեւ իր ընտրական նախկին ուժը, մինչ Պուրճ Համուտ կոչուող Լիբանանի մայրաքաղաքին անմիջապէս հիւսիսը գտնուող հսկայ արուարձանէն հազիւ իր «ենթակայութեանը» տակ կրնայ պահել ընդամէնը Արմէնիա փողոցին լաւագոյն պարագային՝ կէսը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր