Հինաւուրց բուրգերու օրրան, փարաւոններու շառաւիղ, Հայ ժողովուրդին հետ դարերու պատմութիւն ունեցող, պետական համակարգի մէջ ամէն ժամանակներու ընթացքին հայազգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ունեցած, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն մեծաթիւ հայ գաղթականներ ու որբեր պատսպարած, թուրքիոյ հետ գաղջ յարաբերութեամբ, աւելի քան մէկ միլիոն քառակուսի քմ. տարածութիւն ունեցող, Ափրիկեան ցամաքամասի երրորդ ամենամարդաշատ տարածքը, աւելի քան 100 միլիոն բնակչութեամբ, Արաբական Լիկայի կեդրոնը հիւրընկալող, 685 հազար զինուոր հաշուող հզօր բանակի տէր, արաբական աշխարհի խոշորագոյն երկիրներէն (ուր այսօր կ՛ապրի հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն համայնքներէն մին)՝ Եգիպտոսի նախագահը 28 Յունուար 2023-ին ժամանեց Հայաստան.
Մեր երկրին «բանիմաց» իշխանութիւնները Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ զինք ընդունեցին ընդամէնը փոխվարչապետով մը:
Ոմանք անմիջապէս պիտի հակադարձէն, ըսելով, որ այստեղ դիւանագիտական ընթացակարգի (protocol)-ի խախտում չկայ:
Համաձայն եմ: Սակայն ինչպէ՞ս բացատրել իր քիթէն անդին չտեսնող, ամբոխի վերածուած այդ խումբին, որ սա Եգիպտոսն է: Նախագահ Սիսին իր մասնագիտութեամբ եւ անցած ճանապարհով իր երկրին բանակին լիարժէք եւ իսկական գլխաւոր հրամանատարն է: Ան այսպէս կոչուած արաբական գարունի սխալ հաշուարկով իշխանութեան հասած իսլամիստ ծայրայեղականներուն յաղթած ու իր երկրին մէջ կարգ ու կանոնը հաստատած ղեկավարն է: Այս այցելութեան ժամանակի ընտրութիւնը (timing) յոյժ յատկանշական է: Իսկ արաբական արժանապատուութեան եւ հպարտութեան արժեհամակարգը կրնայ վերապահութեամբ մօտենալ մեզի, նման երկու չափ երկու կշիռ ունեցող դիւանագիտական ընթացակարգ ունենալու համար, երբ մեր այս նոյն իշխանութիւնները այլ պետութիւններու ղեկավարներ աւելի բարձր մակարդակի ներկայացուցչութեամբ դիմաւորած են օդակայանին մէջ…:
***
Ի տես վերոյիշեալ այս երեւոյթին, ինծի կը մնայ, քիչ մը երկարապատում սակայն կարեւոր պատմական իրադարձութիւններու յիշեցում մը ընել այստեղ, հասկցնելու առ որ անկ է, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ, երբ կ՛ըսեմ սա ԵԳԻՊՏՈՍՆ Է:
Եգիպտոս, պաշտօնական անուանմամբ՝ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն։ Երկիր մըն է հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Իր տարածքին մէջ կ’իյնայ նաեւ Սինայի շրջանը, որ կը սեպուի Ափրիկէի երկրային կամուրջը դէպի Ասիա։ Եգիպտոսի սահմանակից դրացիներն են Լիպիան՝ արեւմուտքէն, Սուտանը՝ հարաւէն, ու Կազայի գօտիով, բռնագրաւեալ Պաղեստինը (Իսրայէլը)՝ արեւելքէն։ Երկրին հիւսիսը կը գտնուի Միջերկրականի ծովափը, իսկ արեւելքին՝ Կարմիր ծովը։ Եգիպտոսի մէջ կը գտնուի համաշխարհային առեւտուրի մէջ մեծ դերակատարում ունեցող Սուէզի ջրանցքը:
Հայերը Եգիպտոսի մէջ հաստատուած են շատ հին ժամանակներէ ի վեր, հասնելով բարձր դիրքերու եւ թուաքանակի: Ներկայիս այնտեղ կ՛ապրի աշխոյժ համայնք մը հիմնականին մէջ մայրաքաղաք Գահիրէի եւ ծովաքաղաք Աղեքսանդրիոյ մէջ: Այնտեղ այսօր կը գործեն 5 Հայ Առաքելական, 3 Հայ Կաթողիկէ եւ 1 Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ: Այնտեղ կը գործեն ու իրենց պաշտօնաթերթերը կը հրատարակեն Հայ ազգային երեք կուսակցութիւններու տեղւոյն մարմինները ու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:
Հին Ժամանակաշրջան
Եգիպտական հողին վրայ հաստատուած առաջին հայ հատուածի մասին տեղեկութիւնը կը վերաբերի ՔԱ 1-ին դարուն. հռոմէացի Սալլյուստոս պատմիչը, որ երկար տարիներ Եգիպտոսի կառավարիչը եղած է, իր պատմագրութիւններուն մէջ կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի մէջ բաւական մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին եւ իշխող դիրքեր ունին[1]։ Եգիպտոսի պատմական Թէպէ քաղաքին մէջ 3-րդ դարէն մեզի հասած է Խոսրով անունով հայ մարդու մը տապանաքարը յունարէնով գրուած հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Խոսրով, հայ տեսնելով զարմացայ»[2]:
6-րդ դարու պատմիչ Պրոկոպիոս Կեսարացիի վկայություններէն կ՛երեւի, որ Յուստինիանոս Ա–ի ժամանակ (527-565) հայկական զօրամասեր տեղակայուած եղած են Եգիպտոսի մէջ։ Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ 6-7րդ դարերուն Եգիպտոսի կառավարիչներէն մի քանին հայեր եղած են, ինչպէս՝ Ներսէս Պասենցին, Արտաւան Արշակունին, Հերակլը եւ այլք։ Յայտնի է նաեւ, որ Ներսէս Պասենցին պաշտօնավարած է այնտեղ «Ափրիկէի դուքս» տիտղոսով[3]
Հայկական լուրջ ներկայութիւն մը գոյութիւն ունեցած է Եգիպտոսի մէջ 6րդ դարուն[4]: 6-7րդ դարերէն հասած յունական եւ լատինական արձանագրութիւններուն մէջ նշուած են, որ այնտեղ քիչ չէ եղած այն հայերու թիւը, որոնք ապրելով Եգիպտոսի մէջ: Հայերը Եգիպտոսի մէջ ապրած են աշխոյժ կեանքով, ուր զբաղած են արտադրութեամբ, տնտեսութեամբ եւ ճարտարապետութեամբ բարելաւելով երկիրին վիճակը: Հայազգիներ Եգիպտոսի մէջ կառուցած են ճարտարապետական հոյակապ կոթողներ, իրենց յիշատակը յաւերժացնող յունարէն կամ լատիներէն արձանագրութիւններով[5]:Այդ ժամանակաշրջանին Հայկական զoրամասեր եւս կազմուած են Եգիպտոսի մէջ:
Արաբական խալիֆայութեան Շրջանին
Արաբական խալիֆայութեան տիրապետութեան առաջին շրջաններէն յուշագրութիւններ կան Վարդան-Ալ-Ռումի կոչուող Հայու մը մասին, որ իբրեւ դրօշակակիր, ծառայած է խալիֆայութեան բանակին մէջ, մասնակցելով Ամր զօրավարին Եգիպտական արշաւանքներուն: Ան, ըստ յուշագրութիւններուն, մեծ քաջութիւն ցուցաբերած է: Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, խալիֆայութեան տիրապետութենէն ետք Եգիպտոսի մէջ, Ամր զօրավարը հիմնած է Ֆուսթաթ քաղաքը, եւ անոր շինարարութեան աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ Վարդան-Ալ-Ռումին, որ այդ քաղաքին մէջ կառուցած է «Սուք-Ալ-Վարդան» անունով շուկայ մը եւ «Տար-Ալ-Նահաս» անունով պալատ մը[6]:
Արաբական Խալիֆայութեան տարիներուն, Եգիպտոսի պաշտօնապէս տիրապետած են իր կառավարիչները, որոնք կոչուած են էմիրներ։ Այդ էմիրներուն մէջ կը յիշուին նաեւ քանի մը Հայեր: Արաբական պատմիչները մեծապէս կը գովաբանեն եգիպտահայ Ալի-Պին-Եահեա-Հասսան-Ալ-Արմանին, որ երկու անգամ Եգիպտոսի կառավարիչ նշանակուած է՝ 841-ին եւ 849-850 թուականներուն ընթացքին։
Ֆաթիմեան Ժամանակաշրջանին
Հայ գաղութը Եգիպտոսի մէջ ապրած է բարգաւաճ վիճակի մը մէջ Ֆաթիմեան ժամանակաշրջանին, ուր անոնք կը վայելէին առեւտրական, մշակութային, եւ կրօնական ազատութիւն: Այս ժամանակաշրջանին՝ Ժ. դարուն, Եգիպտահայերուն թիւը կը բարձրանայ, երբ աւելի շատ Հայեր Սուրիայէն եւ Պաղեստինէն կը գաղթեն դէպի Եգիպտոս, ազատուելու Սելճուքներու տիրապետութենէն: Հայերը իրենց քաղաքական կազմակերպուած կեանքը Եգիպտոսի մէջ կը սկսին 1074-ին, երբ անոնց բնակչութեան թիւը շուրջ 30,000[7]էր: Հայկական ծագումով պետական այրեր ձեւաւորած են Ֆաթիմեան ժամանակաշրջանին պատմութիւնը՝ սկսելով Պատր-Ալ-ժամալիէն եւ անոր որդւոյն՝ Ալ-Աֆթալ Շահնշահէն, հասնելով Թալալ-ըպն-Ռուզիքին ու անոր որդւոյն՝ Ռուզի-ըպն-Թալալին:
Արդարեւ Եգիպտահայ գաղթավայրը համեմատաբար նպաստաւոր եղած է ֆաթիմեան սուլթաններու օրօք (969-1117): Արաբական սկզբնաղբիւրները ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Ֆաթիմեան սուլթանութեան ժամանակաշրջանին վէզիրութեան (այդ օրերու հասկացողութեամբ վարչապետի համազօր պաշտօն) բարձրացրած շարք մը հայերու մասին։ Հայ վէզիրներուն գործունէութիւնը այնքան մեծ եղած է Եգիպտոսի պատմութեան մէջ, որ անոր պատմութեան կարեւոր մասնագէտներէն մէկը՝ Կասթոն Վիթը, Եգիպտոսի պատմութեան այս շրջանը անուանած է «Հայկական շրջան»։ Եգիպտահայ վէզիրներուն մէջ եղած են վարչական մեծ կարողութիւններ ունեցող անձինք, որոնք կատարած են օգտակար գործեր Եգիպտոսի համար։ Ինչպէս, վերը նշեցի, Եգիպտոսի մէջ իշխող դիրքի հասած հայ վէզիրներուն մէջ նշանաւոր եղած է Պատր ալ-Ժամալին կամ Կամալին։ Ան վէզիրութեան պաշտօնին վրայ եղած է 1070-1094 թուականներուն։ Պատր ալ-Ժամալին բարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերած է Եգիպտոսի իր ազգակիցներուն նկատմամբ: Շարք մը հայորդիներուն ան առաջ քշած է պետական եւ զինուորական ղեկավար պաշտօններու հասցնելով։ Անցեալի պատերազմներուն ընթացքին քարուքանդ եղած երկիրը վերակառուցելէ ետք Պատր ալ-Ժամալին ձեռնամուխ եղած է շարք մը բերդերու, կամուրջներու, քաղաքային պարիսպներու եւ հասարակական այլ շէնքերի կառուցման։ Ան առանձնապէս մեծ աշխատանք տարած է Գահիրէի (Եգիպտոսի այսօրուայ մայրաքաղաքը) վերաշինութեան գործին մէջ:
Հայազգի այս վէզիրին շինարարական գործերէն է Գահիրէի պարիսպը, որուն երեք դռները՝ Պապ ալ-Ֆութա, Պապ ալ-Զուելա եւ Պապ ալ-Նասըր, կառուցուած են արտակարգ վայելչութեամբ եւ կանգուն են մինչեւ այսօր։ Այդ դռները կառուցած են են եդեսացի երեք հայ ճարտարապետներ[8]։
Պատր ալ-Ժամալիէն ետք, ինչպէս դարձեալ վերը նշած էինք վէզիրութեան պաշտօնը ստանձնած է իր որդին՝ Շահնշահը, որ արաբական մատենագրութեան մէջ յայտնի է Աֆտալ (Լաւագոյնը) պատուանունով։ Աֆտալը Եգիպտոսը կառավարած է բացարձակ միապետի իրաւունքով 1094 -1121 թուականներուն։ Եգիպտական բարձր շրջանակներուն մէջ ան այնքան մեծ հեղինակութիւն ունեցած է, որ միջամտած է Եգիպտոսի մահացած սուլթանին թափուր գահին թեկնածուն որոշելու հարցին մէջ: Ան կտրած է իր սեփական դրամը։ Անոր անուան հետ է կապուած է 1113 թուականին կառուցուած Ապու ալ–Մունաժայի ջրանցքը։ Ըստ արաբ պատմիչներուն, Աֆտալը կառուցած է աստղադիտարան (Մեժիտ-էլ-Ռասատ)։
Եգիպտոսի կարեւոր վեզիրներէն եղած է նաեւ Պահրամ (Վահրամ) ալ–Էրմենին: Վահրամ Պահլավունին մեծանուն Ներսէս Շնորհալիին հօրեղբայրն էր: Ան վէզիրութեան պաշտօնին հասած է 1135 թուականին։ Անոր վէզիրութեան տարիներուն եգիպտահայութեան թիւը բաւական աճած եւ բարգաւաճ վիճակի մէջ գտնուած է: Հայ վէզիրը իր դիրքը Եգիպտոսի մէջ ամրացնելու նպատակով Կիլիկիայէն եւ Սուրիայէն բերել տուած է մեծ թիւով հայեր եւ իր բանակին հիմնական մասը կազմած է անոնցմով:
Ֆաթիմեան շրջանի մեծանուն հայ վէզիրներէն եղած է Թալալ ըպն Ռուզիկը, որ Եգիպտոսի վէզիրութեան պաշտօնին վրայ գտնուած է 1154 -1161 թուականներուն։
Ֆաթիմեան շրջանի վերջին վէզիրներէն եղած է հայազգի Թալալի որդին՝ Ռուզի ըպն Թալալը (1161-1163)։
Մեմլուքներու Ժամանակաշրջանին
Մօտաւորապէս 10,000 Հայեր որպէս գերի բերուած են եգիպտոս, Մեմլուքներու դէպի Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան արշաւանքին ընթացքին, որ տեղի ունեցած է 1266 եւ 1375 թուականներուն: Եգիպտոս հասնող այս հայերը կա՛մ մեմլուքներ էին, կամ ալ՝ ստրուկներ[9]: Անոնք Եգիպտոսի մէջ կը զբաղին հողագործութեամբ եւ արհեստներով: Իսկ երիտասարդները կրթութիւն կը ստանան բանակին ճամբարներուն մէջ, հետագային դառնալով բանակայիններ:
Մուհամատ Ալիի Ժամանակաշրջանին (19րդ դար)
Մուհամատ Ալիին իշխանութիւնը (1805-1849) կ’աշխուժացնէ Հայերուն գաղթը դէպի Եգիպտոս. Վերջինս Հայերը կը հասցնէ կառավարական կարեւոր դիրքերու, որոնք իրենց կարգին կը զարգացնեն Եգիպտոսի տնտեսական վիճակը: Մուհամատ Ալիին իշխանութեան ժամանակաշրջանին Հայկական եկեղեցիներ կը կառուցուին: Կը հիմնուին Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները: Այդ օրերուն հայ գաղթողներուն թիւը դէպի Եգիպտոս կը հասնի 2,000-ի[10]:
Պօղոս Եուսիֆեան (1768-1844), Եգիպտոսի Հայ բնակիչներէն մէկը, այդ օրերուն կը զբաղէր առեւտրականութեամբ եւ դրամավարութեամբ: 1837-ին, Մուհամատ Ալին զինք կը նշանակէ վաճառականական գրասենեակին պատասխանատու, որպէսզի կառավարէր իր տնտեսական գործունէութիւնները:
1876-ին Նուպար Նուպարեանը (1825-1899) կը դառնայ Եգիպտոսի առաջին վարչապետը:
Այս ժամանակաշրջանին Եգիպտոսի Հայերը արհեստներէ բացի կարեւոր դեր կը կատարէին արդիւնաբերութեան մէջ։ 19րդ դարի վերջերուն Եգիպտոսի մէջ, գերազանցապէս Հայ եւ Յոյն մասնագէտներու նախաձեռնութեամբ, զարգացաւ ծխախոտագործութիւնը։ Եգիպտոսի ծխախոտի արտադրութեան կէսէն աւելին հայ ձեռնարկատէրերուն կը պատկանէր։ Այս ասպարէզին մէջ նշանաւորներէն էին Մելգոնեան եղբայրները, որոնք յետմահու իրենց հարստութիւնը կտակեցին Կիպրոսի մէջ հիմնադրելու Հայ սերունդներ կրթող Մելգոնեան հաստատութիւնը: Այս ժամանակաշրջանին եգիպտահայերը դարձեալ աչքի ինկան երկրին քաղաքական կեանքին մէջ։ Շարք մը պետական բարձր պաշտօններ վարած Նուպար փաշայի անուան հետ կը կապուի երկրին դատական բարեփոխումները։ Անոր որդին՝ Պօղոս Նուպարը գլխաւորեց հայ ազգային պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի մէջ եւ եղաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» (ՀԲԸՄ) հիմնադիրը (1906ին)։
19րդ դարի վերջին եւ 20րդ դարի սկզբին հայերը մեծ դեր կը խաղային Եգիպտոսի տնտեսական կեանքին մէջ: Այդ տարիներուն Գահիրէի ամենամեծ շուկաներէն ալ-Համզաուիի մէջ կը գործէին «Գէորգ Թոփալեան», «Կ. Քեչեան», «Սարգիս Մանուկեան եւ որդիք», «Ստեփան Իփլիկճեան» եւ այլ մեծ առեւտրական տուներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն եւ Անկէ Ետք
Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անոր իբրեւ հետեւանք՝ Հայ ժողովուրդէն մաս մը կը գաղթէ դէպի Եգիպտոս: Եգիպտոս սիրով կը հիւրընկալէ հազարաւոր տեղահանուած հայեր ու կը պատսպարէ մեծ թիւով հայ որբեր:
Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, 1952-ին Հայերուն թիւը Եգիպտոսի մէջ կը հասնի 40,000-ի[11]:
Հայերուն աւելի քան 80%-ը կը զբաղէր արհեստներով կամ վարչական գործերով, 5%-ը բանուոր էր, իսկ փոքր մաս մըն ալ՝ երկրագործ: Եգիպտահայ գաղութը եղած է, թէ՛ իմացական որակով եւ թէ՛ ֆինասապէս հարուստ գաղութ մը՝ բաղդատմամբ Մերձաւոր Արեւելքի միւս Հայ գաղութներուն:
Ներկայ Օրեր
Ներկայիս Հայերը Եգիպտոսի մէջ մնայուն բնակիչներ եւ քաղաքացիներ են: Անոնց համար հայկական մշակութային եւ աւանդական սովորութիւնները կը պահպանուին սերունդէ սերունդ:
Եգիպտոս եղած է Հայ մշակութային եւ քաղաքական կեդրոն մը, ուր այցելած են այդ ժամանակաշրջանի կարեւոր դէմքերէն՝ Կոմիտաս վարդապետ, Անդրանիկ Օզանեան, եւ Մարտիրոս Սարեան: Այնտեղ ապրած, կենսագործած եւ թաղուած են Հայ մեծանուն անձնաւորութիւններ ինչպէս Արմենակ Եկարեան, Արտակ Դարբինեան, Երուանդ Օտեան, Վահան Թէքէեան եւ ուրիշներ:
Եգիպտահայութիւնը եգիպտական արուեստի աշխարհին եւ ընդհանրապէս անոր մշակոյթին նուիրեալ անձնաւորութիւններ տուած է ինչպէս Հայ մեծանուն երգիծանկարիչ՝ Ալեքսանդր Սարուխան եւ ուրիշներ:
Եգիպտոս արաբական աշխարհի առաջին երկիրներէն է, որ 1991-ին ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը: 8 Մարտ 1992-ին հաստատուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ երկու երկիրներուն միջեւ: Նոյն թուականի Սեպտեմբերին, Գահիրէի մէջ բացուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ջանքերով եւ տեղւոյն Հայկական հաստատութիւններու, յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցուոյ Ազգային Առաջնորդարանին եւ ՀԲԸՄի նուիրաբերումին շնորհիւ Գահիրէի պետական համալսարանին մէջ 2007 թուականէն ի վեր կը գործէ Հայագիտական կեդրոն մը, որուն գործունէութեան քանի մը տարիներուն ընթացքին կազմակերպուած է շարք մը միջազգային համաժողովներ, տպագրուած են մեծաքանակ հայագիտական աշխատութիւններ արաբերէն լեզուով։ Սոյն Կեդրոնին մէջ կը դասաւանդուին Հայերէն Լեզու եւ Հայոց Պատմութիւն:
Եգիպտոսի նոյն այս նախագահը՝ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին 2019ին կայացած Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին մէջ, հանդիսացած է Եգիպտոսի առաջին նախագահը, որ օգտագործած է Ցեղասպանութիւն եզրոյթը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան:
***
Ինչո՞ւ էր այս երկարապատում ակնարկը: Որովհետեւ ի յաւելեալ զարմանս ինծի, Նախագահ Սիսիի Հայաստան ժամանման յաջորդող օրը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին եւ Վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին, Հայկական կողմին սոյն պատասխանատուներուն արտասանած (կամ անոնց աշխատակազմին մէջի «բանիմաց» խորհրդականներուն կամ ճառագիրներուն պատրաստած) խօսքերուն բովանդակութիւնը վերլուծելով, որոնց վերահասու դարձանք Հայաստանի պաշտօնական լրահոսէն եւ ՀՀ վարչապետին ֆէյսպուքի էջէն, հասկցայ (ի դէպ ՀՀ կառավարութեան կայքը ի տարբերութիւն նախագահականին, ընդունելութենէն 24 ժամ անց տակաւին այս մասին պաշտօնական լրատուութիւն հրապարակած չէ) , որ ըստ երեւոյթին անոնց միտքէն իսկ անցած չէր Հայ-Եգիպտական դարաւոր յարաբերութեան մանրամասնութիւններն ու կարեւորութիւնը կամ Նախագահ Սիսիին հայանպաստ կեցուածքը շեշտել այս առիթով, ոչ ալ Եգիպտոսի նախագահին ու իր գլխաւորած երկրին մէջ տեսնել Հայաստանի Հանրապետութեան բնական դաշնակիցներէն մին, որ գաղջ յարաբերութիւններու մէջ է Հայ ժողովուրդին թշնամիներուն հետ:
Արդար ըլլալու համար նշեմ, որ ՀՀ նախագահին խօսքին մէջ հպանցիկ նշում մը կար Հայ Եգիպտական պատմական կապին: Մինչ խօսքին կարեւոր մէկ մասը նուիրուած էր շեշտելու, որ սոյն այցելութիւնը պատմական է, որովհետեւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսին առաջին անգամն է , որ կ՛այցելէ Հայաստան… ինչպէս նաեւ շեշտը կար երկու երկիրներու մէջ առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման կարեւորութեանը վրայ…: Չմոռցած նշեմ նաեւ, որ ըստ հաղորդուածին, ՀՀ նախագահին մեծապէս կը հետաքրքրէր օգտուիլ «հարեւաններու հետ խաղաղ ապրելու ու գոյակցելու» Եգիպտոսի նախագահի փորձէն…: Շա՝տ կարեւոր առաջնահերթութիւն խաղաղութիւն մուրացող համակարգի մը համար:
Իսկ ՀՀ Վարչապետին խօսքին մասին յայտարարուածին մէջ ընդհանրապէս պատմական լուրջ ակնարկ չկար: Անոր խօսքին մէջ շեշտադրում կար ընդամէնը այն բանին վրայ, որ «Եգիպտոսը մեզ համար վստահելի գործընկեր է նաեւ իսլամական աշխարհի հետ մեր յարաբերութիւններուն եւ խօսակցութիւններուն մէջ»: Ինչ կը վերաբերի Հայ-Եգիպտական մշակութային կապակցութեան, վարչապետը ընդամէնը նշած է. «… Մեր այս յարաբերութիւնները, մեր այս ջերմութիւնը ի ցոյց կը դնէ նաեւ իսլամական աշխարհի եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ մեր վերաբերմունքը, մեր յարգանքը»: … Խօսքին մնացեալը տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման եւ այս առնչութեամբ իր կառավարութեան անդամները Եգիպտոս գործուղելու մասին էր…: Ինծի համար հետաքրքրական էր յայտնաբերել, որ մեր պետութիւնը Եգիպտոսի մէջ ընդամէնը իսլամ երկիր մը կը տեսնէ, որ մեր գործընկերը կրնայ ըլլալ իսլամական աշխարհին հետ մեր յարաբերութեանց մէջ, որ ամէն պարագայի խնդիր մը չունի:
Բաւարարուիմ այսքանով պարզապէս հաստատելով, որ նման ընդունելութիւններուն ձեւին, որակին եւ պարունակութեան մէջն է, որ կը կայանայ դիւանագիտութեան մէջ եւ ընդհանրապէս ՀՀ այսօրուայ իշխանութեան տգիտութեան, փնթիութեան կամ զարմանալի (ոչ անպայման) առաջնահերթութիւններուն ամբողջ ողբերգութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
[1] Solluste, Jugurtha։ 18-րդ գլուխ (համեմատել Ալպոյաճյանի «Եգիպտոսի նահանգը և հայերը», էջ 4)
[2] Հ. Մանանդյան։ Քննական տեսություն հայ ժողովրդի պատմության, հատոր II։ էջ 58
[3] Ա. Ալպոյաճյան։ Եգիպտոսի նահանգը և հայերը։ էջ 6-7
[4] G. Hovannisian, Richard (2004). The Armenian People from Ancient to Modern Times: Foreign Dominion to statehood : the fifteenth century to the twentieth century. p. 423.
[5] Մ. եպ. Աղավնունի (1929)։ Անապատական կյանքը Եգիպտոսի մեջ։ «Տաթև» տարեցույց։ էջ 39-50
[6] Գ. Մսըրլյան։ Ականավոր հայերը Եգիպտոսի մեջ։ էջ 12
[7] Payaslian, Simon (2007-12-26). The History of Armenia: From the Origins to the Present. p. 80.
[8] Ա. Օրագյան (1948)։ Հայ ճարտարապետներ Եգիպտոսի մեջ։ «Կյանք և գիր» տարեգիրք։ էջ 155
[9] M. Kurkjian, Vahan (1958). History of Armenia. Armenian General Benevolent Union of America. p. 246.
[10] Paul Adalian, Rouben (2010). Historical Dictionary of Armenia. Scarecrow Press. p. 226.
[11] Ayman Zohr, Armenians in Egypt International Union for the Scientific Study of Population: XXV International Population Conference, year 2005.