Սեւակ Յակոբեան ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով երէկ կոչ ուղղած է Լիբանանի Խմբագիրներու եւ Լրագրողներու
Սենտիքաներու նախագահներուն՝ Աունի Քաաքիին եւ Ժոզէֆ Քուսէյֆիին ու իրենց միջոցով նաեւ
Լիբանանի մամուլի աշխատակից բոլոր գործընկերներուն, արաբական աշխարհին մէջ բարձրաձայնել
Արցախի շրջափակման հարցը:
Ան իր կոչին մէջ ի միջի այլոց, շեշտած է, որ Լիբանանցին իր հաւաքական յիշողութեան մէջ լաւ գիտէ
«պաշարում» բառին ահաւոր իմաստը: Յակոբեան յիշեցուցած է, որ Բերձորի ճանապարհի փակումը
արցախահայութեան կեանքի ճանապարհը փակել կը նշանակէ, եւ ան նոյն այն բանն է, ինչ որ
ազրպէյճանցիներու ցեղակից օսմանցի թուրքերը, անցեալ դարասկիզբին Ժամալ փաշայի գլխաւորութեամբ
գործադրեցին Լեռնալիբանանի բնակչութեան հանդէպ: Անոնք, դէպի Լեռնալիբանան պարէնի մուտքը
արգիլելով, սովամահ սպանեցին 200 հազար լիբանանցիներ, որ բառին բուն իմաստով նաեւ
ցեղասպանական արարք մըն էր խաղաղ ժողովուրդի մը հանդէպ:
Յակոբեան իր կոչը եզրափակած է խնդրելով իր արաբ գործընկերներէն տարածել Արցախի այսօրուայ
իրավիճակին տեղեկատուութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց հաւաքական թէ անձնական ձայնը բարձրացնել, ի
պաշտպանութիւն 120000 արցախցի հայ պաշարեալներուն, որոնք մարդկային պատանդներն են այսօր
ազրպէյճանի հակամարդկային վարքագծին:
Նշենք, որ սոյն կոչը լայն արձագանգ գտած է լիբանանեան լրատուական դաշտին մէջ:
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան