Զատկուան սուրբ օրուան առաւօտեան, ՀՀ «ազգընտիր» վարչապետը, որ ըստ երեւոյթին տարիներէ ի վեր «ժամանակը» չունի նման առիթներով, գոնէ ի պաշտօնէ, Մայր Աթոռի պատարագներուն ներկայ գտնուելու, ժամանակը գտած է «Հիսուս Քրիստոս Գերաստղ» անուամբ գրառումը ընելու ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ՝ անոր կցելով նոյն անուամբ, խնդրայարոյց ռոք ժանրի պատկանող, յայտնի երաժշտական կտորը:
Jesus Christ Superstar-ը ռոք-օփերա մըն է, որ արտադրուած է 1970ին: Ան իբր թէ հիմնուած է Աւետարանի դրուագներուն վրայ: Աշխատութիւնը կը մեկնաբանէ Յիսուսի եւ այլ կերպարներու հոգեբանութիւնը: Նիւթը մեծաւ մասամբ կեդրոնացած է Յուդայի վրայ, որ դժգոհ է այն ուղղութենէն, որով Յիսուս կ՛առաջնորդէ իր աշակերտները: «Ժամանակակից» մօտեցումը, զգացական ոճն ու կորճաբանական բառապաշարը (jargon) ներթափանցած են սոյն ռոք օփերայի երաժշտութեան մէջ, իսկ ժամանակակից կեանքի հեգնական ակնարկները յստակ են քաղաքական իրադարձութիւններու պատկերման մէջ: Սոյն օփերային բեմականացումն ու ֆիլմարտադրութիւնը, համապատասխանաբար, պարունակած են բազմաթիւ միտումնաւոր՝ տուեալ նիւթին ներկայացուցած ժամանակաշրջանին չհամապատասխանող անախրոնիզմներ (anachronisms):
Երաժշտութիւնը գնահատելու կամ անոր ներկայացուցած նիւթը քննարկելու նպատակ չի հետապնդէր այս սիւնակը: Ի դէպ, տուեալ ռոք օփերան ունի զինք բարձր գնահատողներն ալ մարդկային հասարակութեան մէջ: Սակայն Սուրբ Յարութեան տօնին նմանօրինակ նիւթ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետին պաշտօնական էջին վրայ իր ձեռամբ կամ կարգադրութեամբ տեղադրուիլը ունի իր խորհրդանշական իմաստն ու մեսէյճը, որ հեռու է պատահական ըլլալէ, բացի եթէ տուեալ անձը կատարեալ անգրագէտ մըն է:
Կը հաւատամ, որ պատահական չէ՛, այլ՝ շատ բան կը բացայայտէ տուեալ անձ/ծրագրին մասին, որուն 5 տարիներ առաջ այս օրերուն իր առաջին քայլը նետած պահէն, սոյն տողերը գրողիս համար աւելի քան պարզ էր: Այդ մասին օրին տագնապով եւ բազմիցս արտայայտուած եմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի նոյն այս մեր առօրեայ սիւնակներով:
Այստեղ առանց յաւելեալ մեկնաբանութեան եւ միշտ յարգելով անմեղութեան վարկածը եւ խնդրոյ առարկայ անձին տալով անմեղ ըլլալու դրական կասկածը (benefit of the doubt), կը մնայ յուսալ, որ վերոյիշեալ անձին գրառումն ու տուեալ երաժշտութիւնը այդպիսի օրով մանաւանդ տարածելու շարժառիթն ու նպատակը մեր ընթերցողը դատէ ըստ իր հայեցողութեան:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանան, «Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր