Հակառակ մեր սիրելի հայրենիքին ու Լիբանանի մէջ տիրող անմխիթար երեւոյթներու տաղտուկին, հոսանքն ի վեր կը թիավարենք եւ ոգի ի բռին կը մարտնչինք բոլոր պատուարներուն դէմ, խորտակելով զանոնք՝ շարունակելու համար մեր գոյապայքարը: Հետեւաբար, տարեվերջն ու նոր տարեմուտը իրարու կամրջող այս օրերուն, անցնող տարին ճամբու պիտի դնենք իր հաճելի ու տհաճ անցուդարձներով եւ Նոր Տարին պիտի դիմաւորենք լաւատեսութեամբ եւ խինդով:
Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր, 2022-ին, աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ եկան դպրոց: Նախ. Ա.-էն Միջն.Գ. դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր զիրենք դիմաւորեց Տէր Միքայէլ Քհն. Տէմիրճեան: Ան դիւրամատչելի ոճով աշակերտներուն փոխանցեց Սբ. Ծննդեան խորհուրդը, որմէ ետք անոնք հաղորդուեցան Յիսուս Քրիստոսի Սբ. արեամբ ու մարմնով, ապա հիւրասիրուեցան կրկնեփուկով:
Դպրոց վերադարձին կարճ զբօսանքէ մը ետք, անոնք բարձրացան Յակոբ Պարսամեան սրահ, որ տարբեր հմայք մը ստացած էր այդ օր՝ շնորհիւ գեղեցկօրէն յարդարուած բեմին: Վերջապէս հասած էր բոլորին կողմէ սպասուած Ամանորի եւ Սբ. Ծննդեան ուրախալի տօնակատարութեան պահը, որուն թարմ ու ջերմ շունչը կը պարուրէր թէ՛ մեծերը, թէ՛ ալ փոքրերը: Հրամցուեցաւ համադամ ուտեստեղէն: Հաճելի անակնկալ ու նորութիւն էր աշակերտներուն համար տեսնել բամպակաշաքարի մեքենան: Անոնք ականատես եղան այդ քաղցրեղէնի պատրաստութեան եւ իւրաքաչիւրը ստացաւ իր բաժինը ու ախորժակով համտեսեց զայն:
Վերջապէս Կաղանդ Պապան անակնկալօրէն մտաւ սրահ: Աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին անոր շուրջ, որմէ ետք ան՝ Նախ Ա.-էն Միջնակարգ Գ. դասարանի բոլոր աշակերտներուն նուէրներ բաշխեց: Այս բոլորին համար մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր վարժարանի շրջանաւարտներ՝ Օրդ. Անի եւ Թալին Աւագեաններուն, որոնց բարի կամեցողութեան, ձեռք մեկնելու պատրաստակամութեան, սիրոյն եւ սրտաբուխ նուիրատուութեան շնորհիւ իրականացաւ այս բոլորը:
Մեր վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բարերարներուն անոնց անվերապահ աջակցութեան եւ անխախտ պատկանելիութեան ոգին դրսեւորելու իրենց սիրելի վարժարանին նկատմամբ:
Իսկ մանկապարտէզի մէջ առաւօտուն, աշակերտ-աշակերտուհիները դպրոց յաճախեցին մեծ խանդավառութեամբ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ ունեցաւ անհատական իր լուսանկարը գեղեցկօրէն զարդարուած շոգեկառքին ետին։ Նաեւ դիտեցին «cotton candy’֊ի պատրաստութիւնը, եւ իւրաքանչիւր փոքրիկ ստացաւ իւրայատուկ գոյնով բամպակաշաքարը, որմէ ետք երիտասարդ կաղանդ պապուկը իր շարժումներով խանդավառեց մանուկները, որոնք հրճուանքով պարեցին անոր հետ:
Փոքրիկները տօնածառին առջեւ իրենց ձեռայիններով լուսանկարուեցան:
Վերջապէս մանկապարտէզի բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցաւ տոպրակ մը՝ լեցուն խմորեղէնով ու քաղցրաւենիով։
Աշակերտները տուն մեկնեցան իրենց հետ տանելով անուշ յիշատակներ ու ապրումներ: Ապա ուսուցչարանէն ներս, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ՝ տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, Ծնողաց Յանձնախումբին եւ բարերարներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ բարի մաղթանքներու փոխանակում:
Ամանորի եւ Սբ. Ծննդեան տօներուն առիթով մեր ջերմագին մաղթանքն է, որ 2023 տարեշրջանը խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն պարգեւէ բոլորին:
Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ